Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Քոնկրեսական Փալոն Ներկայացուց Ամերիկա-Հայաստան «Ռազմավարական Գործընկերութիւն»-ը Ողջունող Բանաձեւը

$
0
0

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր եւ համաատենապետ Ֆրենք Փալոն Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած քաղաքական խաղաղ անցումը, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան «ռազմավարական գործընկերութիւնը» եւ կոչ կ՛ընէ զարկ տալու քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ բարգաւաճման նպատակով երկկողմանի համագործակցութեան:

Հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող բանաձեւին նեցուկ կը կանգնին նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ` փոխնախագահներ Փիթըր Քինկ ու Էտըմ Շիֆ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց բանաձեւը` զայն նկատելով Ամերիկա-Հայաստան ապագայ յարաբերութեան սերտացման նպաստող եւ ամերիկացի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելուն նպաստող քայլ մը:

«Անցնող մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան փոխակերպուեցաւ` շնորհիւ այն ժողովրդային շարժումին, որ վերածուեցաւ ոչ բռնի, «թաւշեայ յեղափոխութեան», որուն յաջորդեցին դեկտեմբերին տեղի ունեցած ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւնները: Այս պատմական իրադարձութիւնները վկայութիւնն են ժողովրդավարութեան նկատմամբ Հայաստանի ժողովուրդի հաւատարմութեան եւ ցոյց կու տան, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Նահանգները աշխուժացնեն Փաշինեանի կառավարութեան հետ շփումները», ըսաւ Փալոն` աւելցնելով. «Ներկայիս Հայաստան կը գտնուի վճռական փուլի մը մէջ, երբ ամերիկեան աջակցութիւնը կրնայ օժանդակել ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու աճին: Մօտէն պիտի համագործակցիմ Հայկական համախմբումի միւս անդամներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ, որպէսզի բանաձեւը վաւերացուի: Պիտի շարունակեմ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացման ի նպաստ ջանքերս»:

Բանաձեւին մէջ ակնարկ կայ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց պատմութեան մասին, եւ կը նշուի, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Ուաշինկթընի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած էր 23 ապրիլ 1920-ին:

«Մօտաւորապէս 100 տարի առաջ Ամերիկայի` Հայաստանի անկախութիւնը ճանչնալու որոշումէն ի վեր, երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական գործընկերութիւն», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ, ուր կը նշուի նաեւ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիբանանի, Քոսովոյի եւ Մալիի մէջ Ամերիկայի կողմէ ղեկավարուող խաղաղապահ ուժերուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան փաստը, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն Հայաստանի կառուցողական մասնակցութիւնը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ, որ Ուաշինկթըն առաջնորդողի դեր ստանձնէ Հայաստանին օգնելու հարցին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ ամրապնդել արձանագրուած յառաջխաղացքը, «որուն համար պէտք է զարկ տալ երկկողմանի այցելութիւններուն, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ քննարկումներուն եւ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ գործակցութեան»:

«Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ու քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումը ապահովելու գործին մէջ Ամերիկայի աջակցութիւնը առիթ պիտի ընծայէ զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ պատմական բարեկամական կապերը», կ՛եզրակացնէ բանաձեւը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>