Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Մայրը Երէկ…Իսկ Այսօ՞ր…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Երկար ժամանակ է, որ այս նիւթը կը չարչարէ զիս, բայց հիմա որ համոզուած եմ այս տխուր ու իսկապէս մտահոգիչ իրականութեան, պարտք կը զգամ բարձրաձայն գոռալ` «Ո՞ւր ես, հա՛յ մայր…»:

Տարիներ առաջ, ամէն ապրիլ 24-ի սգատօնին կը յիշեմ հայ մայրը իր ամենասուրբ առաքելութեան մէջ, 1915-ի տեղահանութեան ու ջարդի օրերուն, հայ մայրը խոր գիտակից իր մայրական պարտականութեան եւ պարտաւորութեան, Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ իր մատով կը գրէր Ա. Բ. Գ.-ը, որպէսզի մահէ փրկուած զաւակին սորվեցնէ հայ գիրն ու մտքին մէջ տեղաւորէ, թէ ան հայ է:

Այո՛, իրականութիւնը միշտ յիշած ենք ու հպարտօրէն հայ մայրը դասած` նոր սերունդին դաստիարակ կինը, որ նուիրուած է իր ազգին ու կը գիտակցի իր մայրական պարտաւորութեան` զաւակը դաստիարակելու եւ մեծցնելու իբրեւ հայ:

Իսկ այսօր, երբ հայ կինը կ՛ապրի հանգստաւէտ տուներու մէջ, ոչ թէ` Տէր Զօրի  անապատին մէջ, հայկական դպրոցի հայերէն դասերը կը նկատէ աւելորդ ծանրաբեռնում ու կ՛ըսէ. «Մենք հայերէն գիտենք, հայերէն կը խօսինք, ինչո՞ւ աւելի ծանրացնենք աշակերտին բեռը…»: Անշուշտ տակաւին ունինք հայ մայրեր, որոնք գիտակից են իրենց կոչումին ու պարտականութեան, սակայն դժբախտ երեւոյթը ան է, որ այս մայրերը փոքրամասնութիւն են, իրենց գոյութիւնը կը կորսուի այս «արդիականացած» ու օտարամոլ մայրերուն թիւին մէջ, որոնք այսօր լիբանանահայութեան մէջ մեծամասնութիւն են դժբախտաբար:

Տարօրինակ ու ինծի համար այնքան հաճելի իրականութիւն էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի արտայայտութիւնը երկու շաբաթ առաջ, երբ կ՛ըսէ. «Հայերը կերտեր են Ֆրանսայի պատմութիւնը, մենք կիսով հայրենակիցներ ենք: Իրենք կը կազմեն մեր պատմութեան եւ հպարտութեան բաղադրիչ մասը», իսկ մեր սիրելի աշխարհահռչակ դերասանը` Մել Կիպսըն կ՛ըսէ. «Հայերը միշտ աշխարհին ներկայացուցեր են իրենց պատմութիւնը: Իսկապէս աշխարհի ամենավեհ ազգն են»… Կը տեսնենք, թէ որքա՛ն գնահատուած ենք միջազգային շրջանակներուն մէջ, օտարին կողմէ:

Դարձեալ կը կրկնեմ` յարգելով փոքրաթիւ հայասէր, ազգասէր, լիբանանահայ մայրերը, հարց կու տամ մեր նոր սերունդի ծնողներուն, թէ արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ այս օտարամոլութիւնը կը խաթարէ ու կը  կորսնցնէ այսօրուան մեր փոքրիկներուն ազգային ուղղութիւնը, այս սերունդը, որ պէտք է ըլլայ մեր ապագայ առաջնորդ-ղեկավարութիւնը, մենք ի՞նչ կրնանք ակնկալել անոնցմէ… Արդեօք նախագահ Մաքրոնն ու Մել Կիպսընը անգիտակից մարդի՞կ են, թէ՞ անոնք ալ տարուած օտարամոլութենէ` եղեր են «հայասէր»…

Հոս մեծ բացակայութիւն կը տեսնեմ լիբանանահայ հօրը: Ո՞ւր է ան, տան ղեկավարն ու առաջնորդը արդեօ՞ք իր պաշտօնը զիջած է կնոջ…

Այսօր ձեր զաւակները ո՛ւր որ ալ ըլլան, հայկական ու մանաւանդ եթէ օտար դպրոց կը յաճախեն, զիրենք արձանագրեցէք ձեր հետեւած հոսանքին հայկական ակումբը, որովհետեւ միայն մեր ակումբներն են, որ ձեր ձգած պարապը կրնան լեցնել, կերտել փոքրիկներուն նկարագիրը եւ զարգացնել անոնց մէջ ազնիւ հայու զգացումը: Իսկ ձեր տուներէն ներս տեղ տուէք հայկական երաժշտութեան մեր քնքուշ ու ազգագրական խանդավառ երգերուն ու մանաւանդ հայ գիր ու գրականութեան, հայ թերթին ու գիրքին:

Ուրիշ մէկ մտահոգիչ երեւոյթ է մեր հայկական դպրոցներու աշակերտութեան թիւի տարուէ տարի նուազումը: Ի՞նչ պատճառով… թէ` հայկական դպրոցներուն մակարդակը ցած է… ծիծաղելի արդարացում ու իրականութիւնն այն է, որ պետական քննութիւններուն միշտ հայ դպրոցը ունեցած է յաջողութեան բարձր համեմատութիւն եւ գնահատանք: Աւելի՛ն. հայկական դպրոցի շրջանաւարտ մեր զաւակները առանց դժուարութեան եւ հեզասահ մուտք գործած են բոլոր համալսարանները:

Ո՛չ, տիկիններ, օտար դպրոցը, որուն կրթաթոշակը շատ աւելի բարձր է, քան հայկական դպրոցինը, թերեւս ան ձեզի կու տայ թեւեր` ձեր դրացիներէն ու ընկերուհիներէն աւելի բարձր թռչկոտելու, սակայն ձեզմէ ու մանաւանդ ձեր զաւակներէն կը խլէ հայ ըլլալու հպարտութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>