Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Աղբի Տեղը Աղբանում Է», Ո՞ւր Է Տեղը Բողոքի, Դատի, Դատավարութեան, Դատաւորի Եւ Վճիռի

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՄԱԿԱՐ

Կեդրոնականցի Արմենակ երբ այցելութեան չի գար, ել-նամակ կը գրէ: Արդիականացած է:

Կէսօրը անցած էր, երբ համակարգիչս ձայն տուաւ, որ նամակ եկած էր: Արմենակն էր: Գրած էր.

Սիրելի՛ Մակարս,

Երեւան քիչ մը ամէն տեղ պաստառներ եւ յայտարարութիւններ կան, որոնք կ’ըսեն, թէ` «Աղբի տեղը աղբանում է»:

Քաղաքապետութիւնը ծախս ըրած է: Ըսուածին անսացող կա՞յ:

Գետին նետուած եւ ինքնաշարժներու մոխրամաններէն թափուած սիկարեթի կճատները փողոցն են, մայթերու վրայ, բնակարաններու դռներուն առջեւ: Գումարէ՛ շիշերը, բաժակները, տոպրակները:

Ուշադրութիւն գրաւող յայտարարութիւնները ինքնաշնորհուած իրաւունքներու տէր քաղաքացիին համար չեն, այլամոլորակայիններու համար են: Անոնք օր մը Երեւան կրնան խուժել:

Աւելի լաւ կ’ըլլայ այդ տեղադրուած «Աղբին տեղը աղբանում է» պաստառները վերցնել եւ գումարները յատկացնել աւելածուներու, որպէսզի աւելի մաքրեն քաղաքը ծխախոտի թափօններէն…

Օր մը պէտք է ըսեն, թէ քանի՛ թոն ծխախոտի աղբ կ’արտադրէ Երեւանը, նաեւ` միւս քաղաքներն ու գիւղերը:

Ուշադրութիւն գրաւող «Աղբին տեղը աղբանում է» իրարու յաջորդող ծանուցումները կը կարդայի, երբ ինքնաշարժով կ’անցնէի Կոմիտաս եւ Բաղրամեան պողոտաներէն: Տունէն դուրս չեկած` ես ալ zaping ըրած էի եւ հեռատեսիլի մէկ կայանէն միւսը անցած: Ամէնքը կը խօսէին դատի, դատաւորի, դատավարութիւններու մասին, թեր եւ դէմ, «թեր եւ դէմ»-ին ուժ տալու համար կը խօսէին բանիմացներ եւ բանգէտներ` կարեւոր եւ նուազ կարեւոր, ցուցարարներ:

Հանրային փոխադրամիջոցի մէջ եթէ նստելիք տեղ գտնէք, կրնաք քնանալ, կամ մտածել, եթէ ձեր կինը ձեր կողքին չէ: Երէկ առանձին կ’երթայի Օփերայի հրապարակ: Մտածեցի, որ եթէ` «Աղբին տեղը աղբանում է, ո՞ւր է տեղը բողոքի, դատի դատաւորի, դատավարութեան»:

Պիտի գտնուի իշխանաւոր մը, որ վճռէ, թէ «դատի, դատաւորի եւ դատավարութեան տեղը դատարանում է, եւ ոչ, գիշեր ցերեկ, քսանչորս ժամ, բոլոր սենեակներում, ընդունարանումներում, սրճարանում գտնուող հեռուստացոյցի պատուհանում»:

Ըսուի նաեւ, որ դատարանները փողոցում չեն գտնուիր, բղաւող այր եւ ճչացող կին փողոցում սարքուած դատարանի դատաւոր չեն:

Այսքա՛ն: Վերնախաւին մէջ ընկեր-բարեկամ ունիս: Խօսէ՛ անոնց: Գրէ՛:

Երեք հարիւր տպաքանակ ունեցող բանաստեղծութեան գիրք լոյս տեսած է: Երկու օրինակ գնեցի, քեզի եւ ինծի համար: Միջոց ունենայի` կը գնէի նաեւ բոլոր աղմկարարներուն եւ քաղաքը կեղտոտողներուն համար: Բանաստեղծութիւն կարդան` նուազ կ’աղմկեն…

Առայժմ` ցը՛…

Քոյդ` Արմենակ»

Կեդրոնականցիին ցաւը կը ղրկեմ թերթերու, որոնք երբեմն տեղ չեն տար, չես գիտեր` ո՞ր մսկոտութեամբ: Թերեւս ծխողները, ինքնակոչիկ դատաւորները եւ անոնց հովանաւորները չվշտացնելու համար:

Արդէն ձայնասփիւռ եւ «հեռուստացոյց» այս կարգի նախագահական եւ վարչապետական չեղող մանրուքով չեն զբաղիր…

22 յունիս 2019, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>