Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

$
0
0

– Երկուշաբթի, 17 յունիս 2019-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց գրագէտ Պօղոս Շահմելիքեանը: Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքին մաս կազմած եւ այժմ ընտանիքով Լոս Անճելըս հաստատուած Պօղոս Շահմելիքեան, Եփրեմ արք. Թապագեանին եւ իր ընտանիքին հետ միասին, այցելեց վեհափառին` իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին համար:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու ընդհանրապէս հայ մշակոյթին եւ յատկապէս գեղարուեստական ու թատերական հարցերու մասին: Այս առիթով կաթողիկոսը շեշտեց մեր ժողովուրդին մշակութային արժէքներու տարածման ու զարգացման իրենց կարեւոր նպաստը բերող մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն եւ գրագէտներուն զօրակցելու եւ հայ կեանքէն ներս լայն տեղ տալու անհրաժեշտութիւնը:

– Շաբաթ, 15 յունիս 2019-ին Արամ Ա. ընդունեց մտաւորականներ Լիբանանէն, Յունաստանէն եւ Հալէպէն` Շահան Գանտահարեան, Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Աւօ Գաթըրճեան, որոնք վեհափառին հետ զրուցեցին հայ մամուլը, մշակոյթը եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքը յուզող հարցերուն շուրջ:

Վեհափառին այցելուներէն եղան դոկտ. Ալեքս Մուքարզելը, որ եկած էր վեհափառին պաշտօնական հրաւէր փոխանցելու` մասնակցելու յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք համագումարի մը, դոկտ. Գոհար Գրիգորեան-Սաւարին` հայ արուեստի հետազօտող Զուիցերիոյ Ֆրիպուրկ համալսարանին մէջ, որ եկած է Անթիլիասի մայրավանքի արխիւատան մէջ ուսումնասիրելու Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի ձեռագիրներուն առնչուած նիւթ մը:

Վեհափառը ընդունեց նաեւ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը նոյն շրջանի ազգայիններէն տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սեւան Գալայճեաններուն հետ միասին, որոնք եկած էին որպէս կնքահայր ներկայ գտնուելու 16 յունիս 2019-ին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի ունենալիք աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման:

– Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ, որոնք պարզեցին իրենց կատարած աշխատանքները Արցախի մէջ:

Հայրապետը գնահատեց մշակութային բնագաւառին մէջ անոնց կատարած աշխատանքը: Ապա կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայ մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ մշակոյթը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ ու դերակատարութիւն ունի: Մեր հոգեմտաւոր արժէքները նոյնացած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հետ, մեր ինքնութեան հետ` դառնալով մեր գոյութեան ու ամրութեան կարեւոր սիւները: Հայրապետը թելադրեց, որ բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ հարկ է մօտենալ մեր մշակութային արժէքներուն, միաժամանակ շեշտելով, որ մեր պետութիւնը, եկեղեցին եւ կառոյցները յատուկ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերեն մեր մշակոյթին առաւել ծաղկման:

Նոյն օրը, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ մահացած Պետրոս Աճեմեանը` շքանշանը յանձնելով անոր այրիին` Անի Աճեմեանին, իր զաւակներուն ներկայութեան:

Պետրոս Աճեմեան Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը եղած է եւ որպէս Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան անդամ, կնոջ հետ միասին, իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է միութեան աշխատանքներուն: Անոնք գործօն ներկայութիւն դարձած են Քալիֆորնիոյ հայ գաղութի կեանքէն ներս: Յայտնենք նաեւ, որ Պետրոս Աճեմեանը նորին սրբութեան աբեղայական ձեռնադրութեան կնքահայրն է եղած 1968-ին:

Այս առիթով Անի Աճեմեան եւ իր զաւակները յատուկ հիմնադրամ մը հաստատեցին կաթողիկոսարանին մէջ` ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>