Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Քաղաքական Անդրադարձ. Իտլիպի Շուրջ Սոչիի Համաձայնութիւնը Փուլ Կու Գայ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Լարուածութեան մեղմացման գօտին, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Սոչիի մէջ` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, ներկայիս փուլ կու գայ. սուրիական բանակը, կառավարական ուժերը եւ ռուսական օդուժը կը ռմբակոծեն թրքամէտ զինեալներուն կեդրոնները Իտլիպի մէջ: Այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ այդ համաձայնութիւնը այլեւս ի զօրու չէ,իսկ գետնին վրայ հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ սուրիական պետութեան է:

Սոչիի համաձայնագիրը ցնցուեցաւ, երբ 22 ապրիլ 2019-ին Ասթանայի մէջ ռուսական, իրանական եւ թրքական կողմերը ձախողեցան միացեալ տեսլականով դուրս գալ Սուրիոյ Սահմանադրական խորհուրդին շուրջ: Այս երեք երկիրները ուզեցին վերամշակել Սուրիոյ սահմանադրութիւնը: Աւելի՛ն. նոյն ամսուան ընթացքին Իտլիպէն եկած Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները սպաննեցին 22 սուրիացի բանակայիններ, բան մը, որ զայրացուց ռուսական կողմը: Ասոր զուգահեռ, Լաթաքիոյ մէջ ռուսական ռազմական կեդրոնները ռմբակոծուեցան ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Ռուսիոյ համար Թուրքիան իր «պահակ»-ի պարտականութիւնը չէր կատարեր:

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական այս քայլը կ՛որակուի իբրեւ «քաղաքական դաւաճանութիւն», որովհետեւ, ըստ համաձայնագիրին, Ռուսիա կը խոստանար արգիլել սուրիական բանակին յառաջխաղացքը դէպի Իտլիպ: Սակայն Մոսկուան ո՛չ միայն «կանաչ լոյս» տուաւ, այլ նաեւ կը մասնակցի զինուորական գործողութիւններուն` սուրիական բանակին կողքին: Աւելի՛ն. մայիս 2019-ին Թալ Ռիֆաաթի մէջ քրտական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ սպաննուեցաւ թուրք զինուոր մը, եւ Թուրքիա ամբաստանեց համաձայնագիրի կողմերը, որ կարելի եղածին չափ չեն խոչընդոտեր քիւրտ զինեալներուն յարձակումները: Թուրքիոյ համար Թալ Ռիֆաաթը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ միջազգային առեւտուրի ճամբան կը բանայ Այնթեպի եւ Հալէպի միջեւ:

Սակայն Ռուսիա նաեւ մտահոգ է, որ այսպիսի արարքներ կրնան մղել Թուրքիան դէպի Միացեալ Նահանգներ, եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ փուլ գան լարուածութեան մեղմացման գօտին եւ կայունութիւնը:  Սոչիի համաձայնագիրը միակ յոյսն է, որ փրկէ Ռուսիոյ քաղաքական հսկողութիւնը Սուրիոյ մէջ. եթէ Թուրքիան քաշուի համաձայնութենէն, ապա ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի հզօրանայ Սու’իոյ մէջ եւ դարձեալ վտանգէ ռուսական շահերը:

Ռուսիոյ շահերէն կը բխի երաշխաւորել Հմէյմիմ օդակայանի ապահովութիւնը եւ միացնել Լաթաքիոյ տարածքը սուրիական պետական վերահսկողութեան, որովհետեւ այս նպատակը տնտեսական եւ առեւտրական պատճառներ ունի:

Միւս կողմէ` թրքամէտ զինեալ խմբաւորումները հսկայ դիմադրութիւն ցոյց տուին սուրիական բանակին դէմ: Անգարայի պատգամը յստակ է Ռուսիոյ. եթէ պատերազմը պիտի վերսկսի, ապա դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի, եւ երկու կողմերը կորուստներ պիտի ունենան: Իսկ Սոչիի համաձայնագիրին փլուզումով Ռուսիա ինքզինք պիտի գտնէ մինակ` սուրիական արիւնալի դաշտին մէջ:

Yeghia.tash@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>