Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Գիւղատնտեսութեան Եւ Թեթեւ Ճարտարարուեստի Զարգացումը Հայաստանի Մէջ- Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւղատնտեսութեան եւ պետական գոյքերի գլխաւոր վարչութիւնը նախարարութեան կարգավիճակ ստացաւ 10 օգոստոս 1919-ի Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան մէջ, եւ Աւետիք Սահակեան ստանձնեց նախարարութիւնը, խնամատարութեան նախարարութեան կողքին: Ապրիլ 1920-էն մինչեւ 24 նոյեմբեր 1920 անոր յաջորդեց Սիմոն Վրացեանը, որ արդէն երկրագործութիւն ուսանած էր (1):

Այս ժամանակամիջոցին, նախարարութիւնը 1920-ին (օր եւ ամիս չէ նշուած*) հրատարակեց «Գիւղատնտեսական հանդէս»-ի միակ համար 1-ը (2), որուն խմբագրականէն կը մէջբերեմ. «…հայ ժողովուրդին ու անոր նորակազմ պետական կեանքի փրկութեան միակ գրաւականները անոր տնտեսական ու գիւղատնտեսական կեանքի բարձրացման ու բարգաւաճման եւ գիւղատնտեսական արդիւնաբերութեան զարգացման զարկ տալու մէջ կը կայանայ: Մեր նպատակն է նուիրուիլ մեր երկրի տնտեսական եւ գիւղատնտեսական բովանդակ կեանքի գիտական ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան` իր բոլոր ճիւղաւորումներով եւ բնագաւառներով…» (3):

«Գիւղատնտեսական հանդէս»-ին բովանդակութիւնը, 1920:

Այս 113 էջ հրատարակութեան կարեւոր մասը այժմէական կշիռ ունի, քանի որ 1918-ին արդէն եզրակացուցած էին, որ Հայաստանի տնտեսութեան ապագան, այսօրուան նման, նոյնպէս հիմնականօրէն գիւղատնտեսութեան մէջ կը կայանայ եւ երկրորդ` թեթեւ ճարտարարուեստին մէջ: Այժմէական, քանի որ վերանկախացումէն ետք 28 տարի է, որ յարաբերաբար նո՛յն աշխարհաքաղաքական տնտեսական պայմաններուն մէջ կը գտնուին Հայաստանն ու Արցախը:

Խ. (Խաչիկ*) Սամուէլեանի «Գիւղատնտեսութեան զարգացման պայմանները Հայաստանում» յօդուածը կը սկսի (էջ 47-53, հատուածներ` արեւմտահայերէնի վերածուած*). «Մեզմէ շատերը տակաւին կ՛օրօրուին (մինչեւ այսօր*) այն երազանքներով, որ Հայաստանի անկախութեան իրականացումով հայ քաղքենի դասակարգին եւ օտար դրամատէրերուն դրամագլուխները Հայաստան պիտի հոսին ու ստեղծեն գործարանական ճարտարարուեստ, որ անշուշտ մեր հայրենիքի տնտեսական զարգացումին պիտի ծառայէ: Սակայն ասոր համար արդեօք գոյութիւն ունի՞ն համապատասխան տուեալներ:

Հայաստանի խաղողի բերք                                                                                            Գետնախնձորի բերք

«Արդիւնաբերութեան դրամագլուխը կրնայ ազատ մուտք գործել այն երկիրները, ուր զարգացման համար շահաւէտ ասպարէզ կը գտնուի, ուր իր գոյութեան համար կը գտնէ շարք մը անհրաժեշտ պայմաններ, ինչպէս` հում նիւթերու հարուստ պաշար կամ դիւրին մատակարարում, պատրաստի վառելանիւթ գլխաւորապէս` հանքածուխ (շոգեշարժ մեքենաներու համար*), արտածումի յարմարութիւններ, աշխատաւորներու առատութիւն եւ սպառումի շուկաներու մօտիկութիւն, ճամբաներու` հաղորդակցութեան դիւրութիւն, բնակչութեան (ճարտարարուեստական*) մշակոյթի եւ մեքենական որոշ չափի բարգաւաճ մակարդակ եւ,  վերջապէս, քաղաքական` պետական գոյութեան կայունութիւն եւ արտաքին շուկային մէջ մրցակցութեան հնարաւորութիւն: Այս բոլորէն ոչ մէկը կը գտնուի Հայաստանի մէջ, ո՛չ միայն ներկայիս, այլ նաեւ` մօտիկ ապագային:

«Սա բնական երեւոյթ է: Հայաստանը, ինչպէս` ամբողջ Անդրկովկասը, բացառութեամբ երկու մեծ քաղաքներու, ԳԵՐԱԶԱՆՑՕՐԷՆ ՀՈՂԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ Է*: Այստեղ արտադրողական գործունէութիւնը էապէս հողագործութիւնն է` գիւղատնտեսական բոլոր ճիւղերով (անասնապահութիւն եւ այլն*):

«… Սակայն ասով բնա՛ւ չի նսեմանար մեր երկրի տնտեսական նշանակութիւնը: Եթէ Հայաստանը ներկայիս իր հողագործական բնոյթին պատճառով չունի (ծանր*) ճարտարարուեստի յարմար պայմաններ, սակայն գիւղատնտեսական զարգացումի համար ամէնէն հարուստ տուեալները ունի: Այդ գործունէութիւնն է, որ հայ ժողովուրդին հարստութիւնը, տնտեսական կարողութիւնը եւ ուժի գրաւականը կը կազմէ:

«… Հայաստանը իբրեւ երկրագործական երկիր` կրնայ արտադրել ու մատակարարել հում նիւթեր: Հացահատիկներու մշակումը, այգեգործութիւնը, բանջարաբուծութիւնը, բամպակագործութիւնը եւ այլ արժէքաւոր մշակումներ, անասնաբուծութիւնը իր բազմաթիւ տնտեսական ճիւղաւորումներով (կաթնեղէն` կարագ, պանիր, կաշի եւ այլն*), շերամապահութիւնը, մեղուաբուծութիւնը եւ այլն կը յանգին մէկ հասարակ յայտարարի, այն է` հողի, երկրի մշակումին: Բոլոր այս ճիւղերը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին միակ տնտեսական հարուստ աղբիւրներն են, որոնք կը բխին մեր վիճակին իրական պայմաններէն, անոնք միա՛կ տնտեսական արժէքներն են ու գիւղացիական աշխատանքին ստեղծած բարիքները, որոնք իրապէս կը հարստացնեն մեր երկիրը եւ ժողովուրդը*:

«Գիւղատնտեսութեան զարգացման պայմանները Հայաստանում» յօդուածին սկիզբը:

« Խտացուած տնտեսութեան կերպը եւ միջոցները եւ գիւղատնտեսութեան կատարելագործուած եղանակները միակ միջոցները կը հանդիսանան, որոնք հնարաւորութիւն կու տան երկրին արտադրող ուժերը կատարելապէս օգտագործելու եւ բազմատեսակ հարուստ հում նիւթեր կուտակելու:

« Եւրոպական շարք մը երկիրներու յաջող փորձը` շրջուն  ուսուցիչներու (հողագործութեան մասնագէտ*)` դաստիարակներու գործունէութիւնը, փորձառական գիւղատնտեսական կայաններու եւ ցուցադրական (նմուշ*) դաշտերը, գործիքներու պահեստները, նաեւ օգնութեան այլ միջոցները, համագործակցական ընկերութիւնները եւ մանր վարկային հիմնարկները հսկայական դեր ունեցած են արեւմտեան Եւրոպայի գիւղատնտեսութեան զարգացման մէջ (որոնց փորձէն պէտք է օգտուինք*):

« Պէտք է նշել, որ մեր երկիրը գիւղատնտեսական գործունէութեան ամէնէն ընդարձակ ասպարէզը ունի ու` արտադրողական ուժերու հսկայական հարստութիւն: Այստեղ ալպեան տնտեսութենէն մինչեւ մերձարեւադարձային  մշակոյթով  կարելի է արտադրել բոլոր ճիւղերու գիւղատնտեսական բարիքները` ստեղծելով հում նիւթերու անսպառ ու բազմատեսակ պաշար:

Հողագործ մեքենաներու ծանուցում, առաջինը` «Յառաջ» 18-9-1920-ին եւ այլ թիւերու մէջ:

« Վերոնշեալ տուեալները նկատի առած` կ՛եզրակացնենք, որ ներկայ իրական պայմաններուն մէջ աւելի դրական արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ մեր ջանքերը կեդրոնացնենք գիւղատնտեսութեան կատարելագործումին վրայ:

Խ. Սամուէլեան»:

Այժմ այս նո՛յն եզրակացութեան պէտք է յանգինք. հեգնօրէն, սակայն, իրերայաջորդ իշխանութիւնները Հայաստանի ունեցածին` սեփական այս հսկայական դրամագլուխին հանդէպ անհրաժեշտ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին` կեդրոնանալով գլխաւորաբար «ցանկացած» օտար ներդրումներու վրայ… Իր քարոզարշաւին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ անհեռատես մօտեցումով մը ստորադասեց գիւղատնտեսութիւնը, փոխարէնը` քաջալերեց բարձր «տեխնոլոկիան»` արհեստագիտութիւնը, որ արդէն բնական կերպով կը զարգանայ եւ պետական քաջալերանքի չի՛ կարօտիր եւ ասոր իբրեւ դժբախտ հետեւանք, փաստօրէն, ան ջնջեց գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը…

Ի վերջոյ, Հայաստանի բնակչութիւնը իր հողի՛ն վրայ աշխատելով է, որ երկիրը պիտի զարգացնէ եւ կառչած մնայ հողին, իր գիւղին, բնակավայրին եւ ո՛չ թէ` Երեւանի գրասենեակներուն մէջ համակարգիչին առջեւ նստած: Օրինա՛կ քաղենք Հոլանտայէն, որ իբրեւ ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, շուրջ 20 տարիներ առաջ, հակառակ իր ցուրտ ու անարեւ, ամպոտ կլիմային, որոշած եւ ծրագրած էր դառնալ երկրագործական երկիր, եւ այժմ ան աշխարհի սննդամթերք արտածող մեծագոյն երկիրներէն է`գրաւելով ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ: Տես` (4), (5), (6), (7), (8), (9):

Նոյն հրատարակութեան մէջ է նաեւ (էջ 77-82) «12 դեկտեմբեր 1919-ին կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսների եւ հրահանգիչների համագումարի որոշումներից» խորագիրով տեղեկագիրը, որ քննարկումներէ ետք կու տայ շարք մը մանրամասն որոշումներ, ստորեւ` անոնց վերնագիրերը.

Համագումարին եզրակացութիւն որոշումը` գիւղատնտեսութեան առանձին նախարարութիւն հիմնելու մասին:

  1. «Կրծողներու (բերքը փճացնող կենդանիներ` դաշտամուկ, առնէտ, աքիս, կզաքիս եւ այլն*) դէմ պայքարի մասին, 2. Գետնախնձորի ցանքերուն մասին, 3. Գիւղատնտեսական կայաններու կահաւորումի եւ բնակչութեան հողագործութեան մեքենաներ մատակարարելու մասին, 4. Գիւղատնտեսական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար արտասահման ուսանողներ ղրկելու մասին, 5. Մեղուաբուծութեան զարկ տալու մասին, 6. Հաշուետուութեան ձեւի եւ գոյքապահութեան մասին, 7. Գիւղատնտեսական մեքենաներ հաւաքելու եւ վերանորոգելու մասին, 8. Գարնան ցանքին համար սերմացուի գնումին եւ բաշխումին մասին, 9. Համայնական ցանքերը կազմակերպելու մասին, 10. Պետական ցանքերը կազմակերպելու մասին, 11. Բանջարանոցային սերմնաբուծութեան ու պտղատու եւ զարդարանքի ծառերու տնկարաններու մասին, 12. Գիւղատնտեսական պաշտօնէութեան (պետական*) աշխատավարձերու հարցին մասին որոշում չառնուիր, 13. Գիւղատնտեսական պաշտօնէութեան (պետական*) համար տնտեսութիւն հիմնելու մասին, 14, Գիւղատնտեսական ընկերութիւններ կազմակերպելու մասին, 15. Բամպակի մշակութեան մասին, եւ վերջապէս` 16. Գիւղատնտեսութեան առանձին նախարարութիւն հիմնելու մասին. (ստորեւ որոշումը*) «Երկրի արդիւնաբերական ուժերու զարգացման շարք մը բարենորոգումներուն հետ, պետութիւնը գլխաւոր ուշադրութեան առարկան պէտք է դարձնէ գիւղատնտեսութեան բարգաւաճումը, որ մեր պետութեան հիմը կը կազմէ: Երկրի գիւղատնտեսական արդիականացումին կանոնաւոր ընթացք տալու եւ յարակից ճիւղերու արդիւնաբերութիւնները բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է այդ աշխատանքները կեդրոնացնել իրաւազօր անկախ հիմնարկութեան մը մէջ, որ գիւղատնտեսական նախարարութիւնն է: Նկատի առնելով այդ, համագումարը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն կը համարէ Գիւղատնտեսութեան եւ Պետական գոյքերու գլխաւոր վարչութիւնը վերածել Գիւղատնտեսական նախարարութեան»: Եւ այդպէս ալ եղաւ:

Այս նոյն յանձնարարականը այժմ կ՛ուղղուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իշխանութեան:

8 մայիս 2019
Շար 1.         

 

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները իմս:

Ծանօթ.- Լուսանկարները այլ աղբիւրներէ առնուած են:

(1) https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայաստանի_Հանրապետութեան_Կառավարութիւն_(1918-1920)

(2)  http://tert.nla.am/mamul/gyughatntesakan-handes/Table.html

(3)  «Գիւղատնտեսական հանդէս», թիւ 1, 1920, Երեւան, 113 էջ, «Կուլտուրա» տպարան:

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/434531«Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. «Հայաստանի Ջրային Հարստութիւնները»` Ուսումնասիրութիւն»

(5)  http://www.aztagdaily.com/archives/372994«Անդրադարձ. Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները»

(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/370783«Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.

(7)  http://www.aztagdaily.com/archives/369316«Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Ա.

(8)  http://www.aztagdaily.com/archives/364045«Անդրադարձ. Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր»

(9)  http://www.aztagdaily.com/archives/273766«Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը»

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>