Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ
Անցնող շաբաթ Հայ եկեղեցին յիշատակեց շարք մը կարեւոր սուրբերու տօները` Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց կոյսերու տօնը, Յովհաննու Կարապետի տօնը: Այս շաբաթ Հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելքի տօնը, ինչպէս նաեւ` տօնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը 13-15 տարիներ շարունակ բանտարկուած էր Խոր Վիրապի մէջ: Աւանդութեան համաձայն, Հռիփսիմեանց կոյսերը սպանելու հրամանը տալէն ետք, Տրդատ թագաւորը կը բռնուի անբուժելի հիւանդութեամբ: Անոր քոյրը` Խոսրովիդուխտը, որ հաւատացեալ էր եւ գիտէր, թէ Գրիգոր ողջ է, երազին միջոցաւ Խոր Վիրապէն դուրս հանել կու տայ Գրիգորը, որ, իր կարգին, աղօթելով կը բժշկէ Տրդատ թագաւորը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 13-15 տարիներ շարունակ Խոր Վիրապին մէջ մնալէ ետք, երբ դուրս կու գայ բժշկելու Տրդատ թագաւորը, տեսիլք մը կը տեսնէ, որուն համաձայն, Քրիստոս, ողողուած հրաշափառ լոյսով եւ շրջապատուած երկնային զօրքերով, երկինքէն կ՛իջնէ Վաղարշապատ քաղաքին կեդրոնը եւ ոսկիէ մուրճով կը քանդէ այդտեղ գտնուող հեթանոսական մեհեանը, որմէ ետք ամպերու ընդմէջէն լուսեղէն տաճար մը կ՛ուրուագծուի, որուն վրայ կ՛երեւին Փրկիչին խաչը եւ երեք հսկայ սիւներ, ուր նահատակուեցան Ս. Գայեանէն, Ս. Հռիփսիմէն` իրենց ընկերակիցներով եւ հնձանը: Այս մէկը կը նշանակէ հեթանոսութեան վերջնական բնաջնջումը հայ ազգին մէջէն եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաստատումը ուղղակի Քրիստոսի միջոցաւ: Այս տեսիլքէն ետք Ս. Գրիգոր քարեղէն պարիսպներով շրջապատել կու տայ յիշեալ վայրը եւ անմիջապէս կոյսերուն նուիրուած եկեղեցիներ կը կառուցէ, որոնց մէջ կը զետեղէ նահատակ սրբուհիներուն աճիւնները: Առաջինը կը կոչուի Ս. Հռիփսիմէի անունով, որուն մէջ կը զետեղուի սրբուհիին աճիւնները, երկրորդը` Ս. Գայեանէ, իսկ երրորդը` Ս. Մարիանէ, որ հիւանդ կոյս մըն էր, որ չէր կարողացած փախչիլ միւսներուն հետ:
***
Յիշեալ եղելութիւններէն ետք Ս. Լուսաւորիչ, պետական աւագանիին նախաձեռնութեամբ, կը մեկնի Կեսարիա, ուր իր քրիստոնէական կրթութիւնը ստացած էր եւ կը ստանայ իր քահանայական ձեռնադրութիւնը` դառնալով հայոց կաթողիկոսը: Իր Վերադարձին ան քրիստոնեայ կը մկրտէ Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին, թագաւորին քոյրը` Խոսրովիդուխտը: Ապա Վաղարշապատի մէջ կը սկսի մայր տաճարին շինութեան աշխատանքները: Առաջին հերթին ան քանդեց բոլոր այն մեհեանները, որոնք կը գտնուէին այնտեղ, որմէ ետք միայն կը սրբագործէ տեսիլքին երեւման վայրը եւ քանի մը ամիսներու ընթացքին կը կառուցուի մայր տաճարը: Ան կ՛օծուի 303 թուականին, Ս. Աստուածածնայ տօնին, եւ այդ հոնկէ ալ առած է իր անունը, որ հետագային փոխուելով` կը վերանուանուի Ս. Էջմիածին անունով, որ կը նշանակէ Միածինի իջած տեղը: Սակայն մայր տաճարը կանգուն վիճակի մէջ չէ մնացած այնուհետեւ. 380 թուականին Մերուժան Արծրունին պարսկական զօրքով մտնելով Հայաստան` կ՛աւերէ զայն: Մայր տաճարին աւերումէն մօտաւորապէս 100 տարի ետք Վահան Մամիկոնեանը կը վերանորոգէ զայն: Այս դէպքէն ետք քանի՜ցս աւերուած ու վերանորոգուած կամ վերակառուցուած է Ս. Էջմիածին մայր տաճարը:
Աւելի ուշ Կոմիտաս կաթողիկոսը (615-628) կ՛որոշէ փառաւոր տաճար մը կառուցել` Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած: Վերաշինութեան աշխատանքներու ժամանակ ի յայտ կու գան Ս. Հռիփսիմէի եւ անոր նահատակակից ընկերուհիներուն աճիւնները, որոնք Ս. Գրիգորը զետեղած էր տապաններու մէջ: Տապանները կը կրէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետներուն կնիքները: Կոմիտաս կաթողիկոս ի՛նք եւս կնքելով տապանները` զանոնք կը զետեղէ նորակառոյց եկեղեցիին ներքնայարկը: Այս առիթով Կոմիտաս Կաթողիկոս կը գրէ նշանաւոր «Անձինք նուիրեալք» կոյսերուն նուիրուած շարականի կանոնը: Նոյն դարուն Եզր Կաթողիկոսը եւս (630-641) կ՛որոշէ վերակառուցել Ս. Գայեանէի վկայարանը: Ան գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ կ՛օժտէ եկեղեցին եւ նոյնպէս սրբուհիին եւ անոր նահատակակիցներուն նշխարները կ՛ամփոփէ այդտեղ:
17-րդ դարուն Հայաստան կու գան ֆրանսացի լատին կրօնաւորներ` գողնալու եւ Եւրոպա փոխադրելու հայ սուրբերու մասունքներն ու աճիւնները, որոնց կարգին էին Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց կոյսերունը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ Դաւիթ Վաղարշապատեցի եւ Մելիքսեդեկ աթոռակից կաթողիկոսներու օրերուն (1590-1629): Այդ գողերը կը ձերբակալուին պարսկական իշխանութիւններու հետապնդումով:Պարսիկ իշխանաւորները գողերէն վերադարձուած մասունքներուն մէկ մասը իրենք կը գողնան եւ կու տան Շահ Աբասին: Հետագային, լատին հոգեւորական մը, Շահ Աբասէն ստանալով կոյսերու աճիւններէն մասունքներ,կը տանի Հնդկաստանի Կուա (Goa) քաղաքը եւ կը զետեղէ նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմերուն մէջ:
Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսի (1633-1655) եւ տեղապահ Յակոբ Ջուղայեցիի (ապա կաթողիկոս) օրով վերատեսութեան կ՛ենթարկուի Ս. Հռիփսիմէի, Ս. Գայեանէի եւ այլ տապաններու ամբողջական գոյութիւնը: Նոյն ժամանակներուն Ս. Հռիփսիմէի տաճարի վերանորոգման պահուն կը հաստատուի, որ լատին գող կրօնաւորները աճապարելու պատճառով, իրար անցած, շփոթած էին Ս. Հռիփսիմէի, անոր ընկերուհիներուն եւ բարեկրօն հոգեւորականներու աճիւնները: Կոյսերուն աճիւնները իրենց տեղն էին: Յիշենք, որ 16 ապրիլ 1979-ին, տեղի կ՛ունենայ կոյսերու տապաններուն վերջին ստուգումը` Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ:
Այս առիթով պէտք է յիշել նաեւ, որ սրբուհիներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն թիւը եղած է 70: Անոնք բաղկացած են 37 կոյսերէ, 7 քահանաներէ եւ 26 հաւատացեալներէ: Նահատակուած են 37 կոյսեր:Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցած է 5-6 հոկտեմբեր 300 թուականին:
Ս. Էջմիածնի մայր տաճարը հայութեան համար է ու կը մնայ սրբութիւն սրբոց: Ան եղաւ հայութեան հոգեւոր զարթօնքի օրրանը` իր պատմական անկիւնադարձային նշանակութեամբ, իր պատմականութեամբ ու ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ:
Թող ամենազօր Տէրը պահէ ու պահպանէ Հայ եկեղեցին, անպակաս ընէ Իր հովանին անոր վրայէն, հզօրացնէ ու ամրացնէ զայն, ուժ ու կորով պարգեւէ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն, որպէսզի այսօրուան աշխարհին մարտահրաւէրներուն դիմաց եկեղեցին` որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, կարողանայ դիմագրաւել ու դիմակալել ամէն տեսակի դժուարութիւն ու խոչընդոտ, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար, որուն կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը յաւիտեանս յաւիտենից: