«Նամականի սիւնակ»-ին տակ տեղ կու տանք մեր գործընկերոջ` Վաչէ Բրուտեանի գրութեան: Նամակը առիթ է պարզաբանելու համար, թէ ե՛րբ է, որ «Ազդակ» անհրաժեշտութիւն կը զգայ նախաձեռնելու գիրքերու շնորհահանդէսներու կազմակերպումին: Եթէ գիրքին հեղինակը կամ խմբագիրը մամլոյ աշխատակից է, կամ «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած անձ, այդ պարագային խմբագրութիւնը օրինաչափ կը նկատէ դիմելու նման նախաձեռնութեան, ընդհանրապէս` Համազգայինի համապատասխան մասնաճիւղին հետ գործակցաբար: Առաւել եւս նման անհրաժեշտութիւն կը զգանք, երբ տուեալ գիրքին ամբողջ բովանդակութիւնը լոյս տեսած է յօդուածաշարքի տեսքով` թերթի համարներուն մէջ: Նոյնը նաեւ` պարագայական ցուցահանդէսին, երբ երիտասարդ գեղանկարիչը հետեւած է ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագրին եւ այժմ «Ազդակ»-ի երիտասարդ թղթակից-աշխատակից է: Ըսել կ՛ուզուի, որ նման ձեռնարկներու պարագային անհատին, «Ազդակ»-ի հետ ունեցած կապը առանցքային նշանակութիւն ունի:
Այս նախաբանը անուղղակիօրէն կ՛առնչուի Վաչէ Բրուտեանի մատնանշած կէտերուն. Երբ «Ազդակ»-ի աշխատակիցին յօդուաշարքը ամփոփած հատորի հրատարակութիւն է եւ խորքին մէջ «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւն: Այս հանգամանքը թերեւս որոշ չափով կը բացատրէ լուսաբանման տարողութեան ստացած ծաւալին երեւոյթը: Կայ նաեւ չյայտարարուած միտում. ներկայ պայմաններուն մէջ` յօդուածագիրներու դժուար ապահովման մեր փորձին մէջ անուղղակի քաջալերանքի մղում մը: Հետեւողականօրէն գրել, որպէսզի յօդուածաշարքի աւարտին լոյս տեսնէ հատոր մը, որուն ներկայացման համար կազմակերպուի յատուկ շնորհահանդէս:
Ձեռնարկին տեւողութիւնը մէկ ժամ քառորդի սահմաններուն մէջ էր: Խօսողներուն թիւը` 8, սակայն բոլորը յարգած էին իրենց վերապահուած ժամանակի սահմանը: Իւրաքանչիւրը հակիրճ ներկայացուց նախապէս իրեն վերապահուած թեման:
1974-էն ասդին, ինչպէս` այլ մարզերու մէջ, շատ բան փոփոխութեան ենթարկուած է: Հաւանաբար անհրաժեշտութիւնը չկար հրատարակուող գիրքերուն համար` շնորհահանդէսներ կազմակերպելու գիրքերու սպառման եւ տարածման նպաստելու համար: Լոյս տեսնող գիրքերը համեմատաբար կը փնտռուէին եւ կը վաճառուէին: Այսօր այդ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի ամէն տեղ. նաեւ` մեր գաղութին մէջ:
Բեմէն, այո՛, հնչեց Արամ Հայկազի ոճը յիշեցնելու տեսութիւնը: Մեր հայեցողութեամբ այս յայտարարութիւնը ո՛չ կը թերագնահատէ Հայկազը, ո՛չ ալ կը գերագնահատէ Շահմելիքեանը: Ընդամէնը ոճային որոշ նմանութիւններու մասին է խօսքը, որ իրաւամբ նկատեցին նաեւ ներկաներէն ոմանք: Ոճի նմանողութեան յիշեցումը, կը խորհինք, միեւնոյն արժեւորումին համազօր յայտարարութիւն չէ:
Այս առումներով ալ` Պղատոնն ու ճշմարտութիւնը զիրար չեն հակասեր: Երկուքն ալ կարելի է սիրել հաւասարապէս այս պարագային:
«Ա.»
——————————————–
Նամականի
Լրջանալ Եւ Չափի Զգացումը Պահել (Մի՛շտ)
(«Ազդակ»-Ի Խմբագրութեան)
Պէյրութ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի ուրբաթ, 14 Յունիսի թիւին մէջ կարդացինք ձեռնարկի մը թղթակցութիւնը: Նախորդ երեկոյեան թերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր տասնամեակներու իմ բարեկամ, ազնուական հայորդի Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» նոր լոյս տեսած գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին կողմէ եւ կը վայելէր թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հովանաւորութիւնը:
Հատորը կ՛ամփոփէ Պօղոս Շահմելիքեանի` նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածները, որոնք ընդհանրապէս Էշրեֆիէ թաղամասի ու Պուրճ Համուտի իր մանկութեան ու պատանեկութեան ապրուած օրերու յուշերն են: Օրին գրեթէ բոլորն ալ կարդացած եմ, անմիջապէս, երբ Պօղոսը «Ազդակ»-ի համապատասխան յղումը ինծի իմէյլով կ՛ուղարկէր (ընդհանրապէս` Կիրակի գիշերները): Օրաթերթի յարմար ու օրաթերթի համար, նոյն շունչով կարդացուող, պարզ հաղորդականութեամբ, առօրէական տրամադրութեամբ, հեղինակին հոգիին նման խոնարհ, հեզ ու մարդկային բովանդակութեամբ, բայց նաեւ (ու տրուած ըլլալով որ հեղինակը ինք գեղարուեստի իմաստով գրող մը չէ)` առանց գրական յաւակնութիւններու ու առանց գրական-գեղարուեստական արժէքի գրուած յօդուածներ են` միաժամանակ եւ ընդհանրապէս ալ համով-հոտով կարդացուող:
Յօդուածները հատորի վերածելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան (անձամբ նաեւ` Արամ Ա. վեհափառին), ինչպէս ինծի յայտնած էր հեղինակը` Պօղոս Շահմելիքեան, մօտաւորապէս տարի մը առաջ:
Մէկ խօսքով (եւ ամփոփելով մինչեւ հոս մեր ըսածը), ոեւէ մէկուն համար, որ կը յարգէ Հայ գիրքը, տիպն ու տառը, դրական երեւոյթ մըն է ասիկա. ո՛չ աննախընթաց, ո՛չ աչքառու, ո՛չ արտակարգ, բայց եւ այնպէս` դրական:
Սակայն բո՛ւն «աննախընթաց»-ը եւ «աչքառու»-ն, նշեալ շնորհահանդէսին ու անոր թղթակցութեան բնոյթին մէջ կը կայանայ: «Ազդակ»-ի նշեալ թիւին մէջ թղթակցութիւնը կը գրաւէ գրեթէ մէկ ամբողջական էջ` քանի մը լուսանկարներով: Օրաթերթի մը մէջ տուեալ նիւթի մը տրամադրուող ծաւալը պէտք է ուղիղ կերպով առնչուի նոյն այդ թեմայի կարեւորութեան (չենք խօսիր քաղաքական բնոյթով նիւթի մը մասին, որ կրնայ ծաւալով քանի մը տող ըլլալ, սակայն իր կարեւորութեամբ ցնցիչ ըլլալէ չի դադրիր երբեմն): Նշեալ հատորի շնորհահանդէսի թղթակցութեան համար մի՞թէ արդարացուցիչ է տրամադրուած ծաւալը: Վերը իմ նշած պատճառներէն բխած ու հիմնաւորուած համոզումով` բնականաբար… ոչ:
Որովհետեւ, ի վերջոյ, կայ չափի ու սահմանի հասկացութիւն մը, որ ակներեւօրէն խախտած է:
Գանք ձեռնարկի բովանդակութեան:
Նոյն այս գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին խօսք առած, կամ ողջոյնի խօսք յղած են` «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, խմբագրական կազմի անդամ Նորա Բարսեղեան, կրթական-հանրային գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան (որ, ըստ թղթակցութեան, յատկապէս այս առիթով Լիբանան կը գտնուէր), հատորին խմբագիր Արմէն Իւրնեշլեան, «Վանայ ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, Սելլա Թնճուկեան` Համազգայինի Կեդր. վարչութեան անդամ (վերջին երկուքը իրենց խօսքը գրաւոր ուղարկած էին) (Վիգէն Աւագեան խօսքը անձամբ արտասանեց` նկատի ունենալով Պ. Շահմելիքեանի «Վանայ ձայն»-ին հետ ունեցած գործակցութիւնը «Ա.»), Լիբանանի պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հեղինակը` Պօղոս Շահմելիքեան եւ Եփրեմ արք. Թապագեան: Այսինքն, հեղինակ Պօղոս Շահմելիքեանը չհաշուած` 8 հոգի, որոնց բոլորին խօսքերէն լայն հատուածներ կան թղթակցութեան մէջ, ուրկէ նաեւ` ատոր տարապայման ծաւալը:
Եւ բնականաբար, հո՛ս եւս խախտած է չափի ու սահմանի զգացողութիւնը, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ յուշել, թէ (օրինակի համար) Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ Յ. Օշականի երկերու վերահրատարակութեան, 1974-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ մեծ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի յոբելեանին առիթով, «Արամ Մանուկեան» հատորի լոյս ընծայման (տակաւին վերջերս) եւ բազում-բազում գրական-գեղարուեստական հատորներու շնորհահանդէսներու, կամ գրական-մշակութային անկիւնադարձային դէպքի մը նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին այսքան մարդ խօսք առա՞ծ է ու, միաժամանակ, այսքան ընդարձակ արձագանգ եղա՞ծ է:
Այս բոլորը կը հաստատենք սրտցաւութեամբ, մանաւանդ երբ աչքի առջեւ բերենք գրական-գեղարուեստական կեանքի մեր ապրո՛ղ եւ տակաւի՛ն ստեղծագործող (այսինքն` բառ ու բան ստեղծող) անհատներէն ոմանք, որոնք անհասկնալիօրէն կը մնան «անտեսանելի» (ոչ իրենց մեղքով անշուշտ…), եւ որոնց անունները չեմ ուզեր նշել` չվիրաւորելու համար իրենց համեստութիւնը:
Գիրքին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն մարդկային ջերմութիւնը, հաղորդականութիւնը, 60-ական-70-ական տարիներու լիբանանահայ համեստ խաւի հաւաքական կեանքին թախիծն ու զուարթութիւնը, կորուսեալ անցեալի մը կարօտը (ինչպէս նաեւ` հեղինակ-«Ազդակ» ջերմ կապը) ընդգծող խօսք-գրութիւններուն մէջ, զարմանքով նկատեցինք նաեւ հետեւեալ տողերն ու միտքերը. «Յուշագրական բնոյթի գեղարուեստական պատկերներով ստեղծագործութիւն», «… իր արուեստի մեծ հրապոյրը», «…իր գրութիւնները հաճելիութեան սահմանէն անդին կը տանին ընթերցողը եւ իրենցմով կը յափշտակեն զայն, ինչ որ յատկանիշն է արուեստի որեւէ ժանրի պատկանող երկերու», հետեւաբար նաեւ` «…ըստ ինծի, անիկա նոր հարստութիւն մը կ՛աւելցնէ մեր գեղարուեստական գրականութեան վրայ», «Արամ Հայկազը յիշեցնող»…
Քահանայք եւ պարոնայք, շատ չեղա՞ն այս բոլորը:
Տիեզերական ճշմարտութիւն է, չէ՞, որ Պղատոնը կը սիրեմ, բայց ճշմարտութիւնը` աւելիո՛վ: Կրկնութեան գնով ըսեմ, որ Պօղոս Շահմելիքեանը իմ ընկեր-բարեկամս է, սակայն այսքան շռայլութիւնն ալ տանելի չէ: Շռայլութիւն թէ՛ ձեւի (խօսք առնողներու թիւ, թղթակցութեան ծաւալ) եւ թէ՛ խորք-բովանդակութեան: Շռայլութիւն մը, որ մեր հանրային-իմացական կեանքին ոչ թէ հասունութեան վկայութիւնն է, այլ անոր «կաղութի՛ւն» հաղորդող ազդակ է:
Ու այս մասնայատուկ պարագայի պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ թէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թէ՛ «Ազդակ»-ին եւ թէ՛ Համազգայինին վրայ:
Այսօր, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, մեր քաղաքական, ընկերային ու առհասարակ հանրային կեանքին մէջ չափի ու սահմանի զգացումը նահանջի մէջ է: Խառնշտկուած է նաեւ մեր հաւաքական առաջնահերթութիւններու համակարգը: Հետեւաբար, իրերու այս դրութեան մէջ, մեր հանրային կեանքին կարգուկանոնին պարտաւոր ենք հսկելու չափի զգացումով եւ համապատասխան լրջութեամբ:
ՅԳ 1:- Վարձքդ կատար, Պօղո՛ս: Հաճոյքով կարդացած եմ յօդուածներդ:
ՅԳ 2:- Վարձքը կատար «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի այն անդամներուն, որոնք գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք նստան եւ թերթի յաջորդ օրուան թիւին համար թղթակցութիւն պատրաստեցին, սրբագրեցին, էջադրեցին եւ տպագրութեան յանձնեցին: Կատակ չէ իրենց գործը:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
18 յունիս 2019
Լոս Անճելըս