ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Ալիքներու շառաչ մը կը բարձրանայ ներսս: Ստուերներէ խուսափող ճաճանչներու հոյլով կը պրպտեմ գրադարանս, որպէսզի գիրքի տողերուն մէջ մտածումներս թափանցեն, եւ մեղմանայ հոգեխռով թոթովանքս…
Ձեռքս կը մեկնեմ գիրքի մը, որուն մոխրագոյնին վրայ գրուած է երկու բառ` «Կորստական թոյներ»: Ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի դէմքիս, սակայն աչքերուս մէջ պղտորութիւն մը կը պսպղայ` անհունութեան ու կարօտի ջերմութեամբ…
***
Շաբաթը քանի մը անգամ անպայման պէտք էր այցելէի Պարոնին գրասենեակը, երբ թուղթերու ու գիրքերու «տարափին» մէջ պիտի գտնէի զինք, ձեռքին` կարմիր կամ կանաչ մելան մը, քննողի բծախնդիր լրջութեամբ ու «բան չհաւնող»-ի արտայայտութիւնը դէմքին: Երբեմն բարեւս կ՛ընդունէր քանի մը տող ալ կարդալէ, ակնոցը աչքէն հանելէ ու մելանը իբրեւ էջացոյց գիրքին մէջ տեղաւորելէ ետք:
– Հը՛մ, ըսէ՛ տեսնենք, ի՞նչ նորութիւն:
«Նորութիւն»-ը լսելով` պէտք էր հետեւցնէի, որ ակնարկը իմ կարդացած գիրքիս ու կատարած ընդգծումներուս մասին է. իսկ եթէ գրախօսական մըն ալ գրած էի, ուրեմն բաւական հարուստ շաբաթավերջ մը ունեցած ըլլալու էի: Սակայն Պարոնին համար ասոնք բնական պահեր էին, կարեւոր էր նաեւ ապրիլ «երկունք»-ը, ինչպէս ինք պիտի ըսէր, այսինքն ստեղծագործութիւն մը` էջ մը կամ էջի մը սահմանէն աւելին, կարեւորը համով-հոտով ու իւրայատուկ ներկայացուած:
– Ինծի մի՛ հրամցներ, ինչ որ ես գիտեմ. տո՛ւր այն, ինչ որ չեմ հասած անոր…
Այս խօսքը լսելով` ինծի կը մնար միայն ժպտիլ եւ խոստանալ, որ յաջորդին կը փորձեմ բան մըն ալ աւելցնել:
– Կեղծ բաներ չեմ ուզեր. կը գրես այն, որ քու ընդերքէդ կու գայ…
Դարձեալ ժպիտ մը: Կարճատեւ այցելութիւնս կ՛աւարտէի` իր գիրքը վերադարձնելով: Պարոնը անմիջապէս դարակը կը բանար եւ ուրիշ գիրք մը երկարելով` կ՛ըսէր.
– Մէկ շաբաթը երկար ժամանակ է. աշխատէ՛, որ շուտ վերջացնես. ընելիքդ գիտես…
Գիրքը վերցնելով` դուրս կու գայի շէնքէն:
Կէսօր մը, երբ որոշած էի դադարս անցընել ցուցափեղկերուն առջեւ, մտածեցի, որ մօրս համար գնեմ ճաշի գիրք մը: Մտայ գրախանութ եւ սկսայ ճաշի գիրքերը աչքէ անցընել: Զատեցի ու մէկ կողմ դրի: Տիրոջ հարցուցի, որ պատմուածքները ո՛ւր դրուած են, առանց աթոռէն ելլելու` ցոյց տուաւ տեղը: Մօտեցայ գիրքերուն. գրեթէ ծանօթ հեղինակներուն մէջէն աչքիս զարկաւ «Կորստական թոյներ – Պ. Սնապեան»: Չնայեցայ այլեւս մնացեալներուն. աչքերս յառած մնացին միայն «Թոյներ»-ուն վրայ. վերցուցի երկու օրինակ, գումարը վճարեցի ու դուրս ելայ խանութէն:
Ճամբան կը քալէի բարձր տրամադրութեամբ, յաղթական, որովհետեւ Պարոնին ցոյց պիտի տայի հին հրատարակութիւն մը` ի՛ր ստորագրութեամբ եւ ըսէի, որ շաբաթավերջին կարդալիք գիրքս ա՛յս պիտի ըլլայ, ընդգծումներս հոսկէ՛, ըսելիքս` ասո՛ր մասին… Գրեթէ վազելով` կը մօտենայի շէնքին:
Առանց բարեւելու ու գրեթէ շնչասպառ մտայ գրասենեակ.
– Պարո՛ն, ա՛յս գիրքը պիտի կարդամ,- ըսի եւ գիրքը երկարեցի իրեն:
Ակնոցը չհանեց եւ յօնքերը պիրկ պահելով` նայեցաւ ինծի, ապա գիրքին. խիստ ոճով ու թանձր ձայնով ըսաւ.
– Ուրկէ՞ է այս գիրքը:
Կարկամեցայ ու չկրցայ նոյն վայրկեանին պատասխանել: Ըսե՞լ, թէ՞ ստել. ո՞րն էր ճիշդը. ի՞նչ պէտք էր լսէր ինձմէ, երբ ճակատագիրի բերումով կրցած էի հնացած գիրքերու շարքէն անջատել ի՜րը` «Սպիտակ թուղթով» բացուող էջը «կորստական» անցեալին…
Վերջապէս ուժերս հաւաքելով` ըսի.
– Պարո՛ն, գրախանութէն… հիմա գնեցի…
– Ո՞ր գրախանութը. այս գիրքէն ես չունիմ. վաճառողը քանի՞ հատ ունէր, հարցուցի՞ր:
Քիչ մը հանգստացայ եւ ըմբռնեցի իր խստութեան գաղտնիքը: Եւ ըսի.
– Պարո՛ն, այս օրինակը ձեզի է, ես երկու հատ գնեցի:
Կարծեմ այս վերջին նախադասութիւնը լաւ չլսեց, որովհետեւ անմիջապէս զանգեց գրախանութին տիրոջ եւ «կալանաւորեց» իր գիրքերը: Ընկալուչը տեղադրելէն ետք ըսաւ.
– Կրնա՞ս պատկերացնել, որ իբրեւ հեղինակ` չեմ կրցած այս գիրքէն օրինակ մը իսկ պահել գրադարանիս մէջ. հիմա կարծես մոլորուածներէն մէկը տուն վերադարձաւ,- ժպտեցաւ եւ պատուիրեց, որ անձեռնմխելիներու գրադարան մը ունենամ, որպէսզի նման բաներ չպատահին հետս հետագային:
Յաջորդ օրն իսկ հեռաձայնեց ինծի` յայտնելու համար, որ գիրքին բոլոր օրինակները «գնած է» եւ որոշած է շուտով տպարան յանձնել վերահրատարակութեան համար…
***
«Կորստական թոյներ»…
Գրադարանին առջեւ կանգնած` դարձեալ կը կարդամ կախարդական այս վերնագիրը, որ տասնհինգ տարուան ժապաւէնի մը ամփոփումը կը բացայայտէ, յուշերու օրօրանք մը կը թարմացնէ եւ հինգ տարուան դժուարին բացակայութիւն մը կը յուզէ` իբրեւ «աղաղակ, բառ, կրկներեւոյթ ու լինելութիւն»…
16 յունիս 2019
Այնճար