Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Աշխարհ Հայաստանի Ուխտաւոր` Վաղուան Համար (30 Մայիս-6 Յունիս 2019)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ա. Ես` Հայրենահանուած Մազոխական,  Նախահայրերուս Երկիրը Կ՛երթամ

Շաբաթ մըն է արդէն, որ Երեւանի փողոցները վեր-վար կը չափեմ` անտարբեր եռացող կեանքին եւ աղմկայարոյց իրարանցումներուն, զորս յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան կոչեցինք` սիրտ եւ աչք հեռացնելով միջազգային չարութեան հաստատած սահմանի միւս կողմէն:

Յուշերով ջերմացողներու կազեթի ընթերցողներուն ուղղուած պատկերազարդ ռըփորթաժ գրելու միտումով պիտի չերթամ Աշխարհ Հայաստան: Այդ մասին հատորներ կան` հանգիստ չխանգարող եւ շլացնող, լուսանկարիչ վարպետներու գործերով զարդարուած: Չեմ գրեր դուռ-դրացի եւ ընկեր-բարեկամ զարմացնելու եւ յուզումի պահեր ստեղծելու համար:

Առաջին անգամը չէ, որ հայրերուս աշխարհը պիտի տեսնեմ: Վեց տասնամեակ առաջ գացած էի ծննդավայր քաղաքս եւ մեծ հայրերուս բնակավայր աշխարհը, գտած էի անոնց տուները, ինչպէս որ էին, մաշած եւ չվերանորոգուած: Տեսած էի ինձմէ խլուած պարտէզները: Մի՛ զարմանաք. իր տունէն արտաքսուածը ինչպէս դիմացի մայթէն կը դիտէ իր տունը եւ անզօրութեան զգացումով լաց կ՛ըլլայ, այդպէս լացած էի` քարի մը վրայ նստած: Երիտասարդ էի:

Պապերուս եւ նախապապերուս աշխարհը պիտի երթամ` որպէս օտար, օտարական, արտօնութեամբ, պիտի ընդունուիմ որպէս զբօսաշրջիկ, տուրիստ: Ծաղր է: Մարդկային ո՞ր բարոյականը, ո՞ր միջազգային արդար համարուող օրէնքը ընդունելի կրնայ համարել, որ որպէս օտարական եւ զբօսաշրջիկ երթամ հոն, ուր որ են արմատներս: Մեծանուն ժողովները, մարդկային իրաւանց շատախօս պաշտպանները, խաղաղութեան դրօշակիրները կ՛անհանգստանա՞ն, եթէ լսեն այս մրրկող ցաւս, ցաւը միլիոնաւորներու` Միջագետքէն մինչեւ Էյֆելի աշտարակ, մինչեւ Փոթոմաք եւ Ամազոն, ագեվազներու երկիր, հիւսիսի եւ հարաւի բեւեռներ…

Ուխտաւոր ըլլալու իրաւունքով, այդքա՛ն միայն, պիտի տեսնեմ հայու երկինքին նայող Վանայ ծովը, որբացած Աղթամարը եւ անոր վրայ որպէս բողոք ժամանակի աւերին դեռ դիմադրող Ս. Խաչ կաթողիկոսանիստ Արծրունի թագաւորներու գեղակերտ եկեղեցին: Ուխտի գացող զբօսաշրջիկը ի՞նչ պիտի ըսէ դարերու խորհուրդը խօսող դատարկ եկեղեցիին, ուր եղած է Հայոց Հայրիկը, որ ըսած էր, «Հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը», իրմէ առաջ հոն եղած են հայ թագաւորներ եւ իշխաններ: Հիմա չկան: Անոնց վառ յիշատակը կը յածի, կը յածի՞: Պիտի խօսի՞ն: Պիտի լսե՞մ: Լսեմ` պիտի ուրախանա՞մ, թէ՞ պատժուածի պէս պիտի տխրիմ:

Սոսկ անուններ դարձած, քարտէսի մը վրայ կէտերու վերածուած Հայաստան աշխարհը պիտի տեսնեմ ցարդ լուսանկարներով խանդավառուած անհոտ եւ անբոյր զբօսաշրջիկի պէս: Բայց բոլոր հայերուն պէս, որոնք դեռ չեն բաւականանար ծագումով հայու կամ զգացումով հայ կուշտի ինքնագոհութեամբ, ես ալ մազոխականութիւնս չեմ ընդունիր, այլապէս հոգեբուժի պէտք է երթամ: Պէտք է հոգեբուժի երթան անոնք, որոնք կը խորհին, որ յաղթահարած են այդ բարդոյթը, մինչ ան հայրենազրկուած հայու ծիներուն մէջ նստած է, ինչպէս Արարատը` մեր բիբերուն մէջ:

Կրկին կը յիշեմ Յովհաննէս Շիրազի կտակը.

Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս` արդարութեանդ ուժն է ծով,
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ` դարաւոր հուր կարօտից չմրսի:

Որքա՜ն պիտի ուզէի Արարատը այս կողմ շուռ չտալ, այլ տեսնել, որ ազգը շուռ կու գայ Արարատի միւս կողմ, պատմութիւնը եւ ազգը կը դրուին բնական հունի մէջ… Այս Հայ դատի խտացած ռազմավարութիւն է, մարտավարութիւն է, մարտահրաւէր է, բառեր, որոնցմով կը զարդարենք տօնական օրերու ճառերը (stratégie, tactique, défi կամ challenge):

Բայց պիտի երթամ միւս կողմ` կտրուած թեւերով թռչունի պէս, որ նոյնիսկ իր կտուցով տերեւ պիտի չբերէ: Պիտի երթամ եւ վերադառնամ ազգիս բոլոր զաւակներուն պէս, որոնք դեռ կը հաւատան հուր հեր ունեցող Վահագնին եւ ԹլոլԴաւիթին, գիտակից եւ անգիտակից մազոխականներ:

Խօսքը ձանձրոյթ յաղթահարող զբօսաշրջիկներու մասին չէ:

Բ. Մեր Վերջին Մայրաքաղաքէն` Առաջին Մայրաքաղաքը

Մայիսի վերջն է: Համահայկական համաշխարհային խաղերու կազմակերպիչ մարմինը կազմակերպած էր ուխտագնութիւն-արշաւ մը` այդ Խաղերու ջահի բոցը վառելու համար Մուսա Լեռէն:

Յայտնուեցայ այդ արշաւախումբին մէջ: Քսաներեք հոգի` Հայաստանէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պոլիսէն, ակադեմիկոս, դասախօսներ, պատմաբաններ, նախկին նախարար, բժիշկ, լրագրողներ, երգչուհի:

Հայաստանի սահմանները փակ են դէպի Թուրքիա, եւ մեծ թիւով հայեր հոն կ՛երթան արձակուրդի կամ առեւտուրի` անցնելով Վրաստանէն: Անակնկալ էր յատուկ արտօնութեամբ, վրացական փոքրիկ օդանաւով մը հատել կղպուած սահմանը եւ երեսուն հինգ վայրկեանէն (կամ րոպէէն), «Զուարթնոց»-էն մեկնելով, հասնիլ Վան, էջք կատարել Արտամէտի օդակայանը: Յիշեցի Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքը Արտամէտի խնձորի մասին, որուն մէջ եթէ որդ ալ ինկած ըլլայ, ան կը մնայ համեղ: Սեփականի իմաստութիւն… Հայը կը նմանի՞ Արտամէտի խնձորին…

Կէս ժամ սաւառնելէ ետք, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի յուզումներ արթնցնող պատմութեան խիտ բանաձեւումով, հայոց վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաքը ոտք դրինք: Երկուքը միացնող պատմական առաջին թռիչքը: Աշոտ Մելքոնեանի ձայնը` Երուանդաշատի վրայով անցանք Երկիր, հեռուն կը պարզուէր Բարթող լեռը… ձախին Գայլատու լիճը (Պալըք կէօլ): Բռնագրաւեալ Էրգրի վրայ էինք… Հեռուն` Ալաշկերտի դաշտը, վարը` Հայկական Պարը, լեռնաշղթայ` մինչեւ Տաւրոս, յետոյ Պատմոս լիճը, Բերկրիի բնակավայրը, եւ հեռուն, լերան կողին կէտ մը` Վարագայ վանքը, Վանայ դիմաց` մեր հեքիաթներու Նեմրութ սարը…

Այս բոլորը բանգէտի գիրք չէր: Արուեստի պատկեր չէր: Շնչող եւ լռութեամբ խօսող  էրգիր էր:

Խոնաւ աչքեր կը թաքցնեն պատկերները եւ օդանաւի տուփին մէջ լսուող վկայութեան ձայնը կը հիպնոսացնէ…

Մղկտացող մրմուր` ուխտաւորի, որ զբօսաշրջիկ չէ. ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, մինչեւ ե՞րբ…

Վանայ ծովակը, փռուած կապոյտ, կրկին ձայնը` Լիմ կղզին…

Մաքուր օդակայան մը: Դուրս կու գանք եւ մեզ սպասող արդիական, պերճ եւ հանգստաւէտ հանրակառք մը (autobus), լայն, խնամուած եւ մաքուր  ճամբաներով մեզ կը տանի Վանի ամերիկեան շքեղ «Հիլթըն» հիւրանոցը, որուն մուտքէն կը պարզուի հեքիաթ դարձած Վանայ ծովակը եւ անոր խորքէն վեր խոյացող Արտոս լեռը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ծովակը եւ Արտոս լեռը

Պահ մը կը պատկերացնեմ Վանէն գաղթողներու ողբերգական պատկերը, եւ ես, հիմա, անոնց յղփացած յետնորդը, ի՞նչ կը փնտռեմ… Կրկին կը մտածեմ իրենք զիրենք դիտելու ատակ բոլոր մարդոց պէս, որ կուշտ մազոխական մըն եմ:

Բոլոր զբօսաշրջային խումբերու տիրական օրակարգ են շարայական համադամները: Այդպէս, կը լուացուինք եւ կը ճաշենք: Հանրակառքը մեզ կը սպասէ եւ Վանայ ծովակը եզերելով` կը հասնինք նաւամատոյց: Կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած խումբի անդամներուն աչքերը յառած են դէպի Աղթամարի կղզին, որուն վրայ գեղանկարի պէս պարզուած է Ս. Խաչ եկեղեցին` անքա՜ն մտերիմ եւ երազուած: Ոմանք նախապէս եղած են Ախթամար: Ես դիտած եմ պատկերներ, լեռներով կազմուած աւազան մըն է ծովակը, 1640 մեթր ծովէն բարձր, տարածութիւնը 3755 քառ. քմ., երկարութիւնը` 119 քմ., լայնքը` 80 ք.մ, կ՛ըսէ Կուկըլը: Հայկական լեռնաշխարհի լեռնային ծովը, որ լիճ չէ:

Գիւղական նաւամատոյց մը: Նաւը մեզ կը տանի կղզի: Նաւուն աշխատաւորներէն մին կ՛ըսէ, որ նաւավարի նախնիները հայ են, բայց ինք չի խօսիր այդ մասին, չ՛ընդունիր: Կ՛իջնենք նաւէն եւ հողէ քարքարուտ արահետով կը բարձրանանք դէպի եկեղեցին: Հոս եղած են քանի մը եկեղեցիներ, մնացած է միայն Ս. Խաչը: Եղած են արքայական պալատներ եւ հիմա չկան, աւերուած են եւ` անյայտացած: Ժ. դարու առաջին քառորդին կառուցուած է եկեղեցին, Գագիկ Արծրունի թագաւորի յանձնարարութեամբ, Մանուէլ Ճարտարապետի արուեստի գործը, որ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական հաւատքի խտացում գլուխ-գործոց մըն է: Կը դառնաք եկեղեցիին շուրջ եւ կը տեսնէք ասեղնագործուած որմնաքանդակները: Եւ եթէ տրամադրուիք խաղին, կը լսէք վարպետներու մուրճի հարուածներու ձայները: Կը մտածեմ, որ այս զէնքերու պատմութիւն չէ, այլ` ոգիի, հոգիի, մեր գոյութենական իմաստութիւնը: Այդ քանդակները կը պատմեն Աստուածաշունչը, մարդոց առօրեան, մեր աւանդութեան մաս կազմող խաղողի ողկոյզներով, եւ` Արծրունի Գագիկ արքան:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին

Անխնամ մնացած քարէ աստիճաններով կը մտնեմ եկեղեցի: Աղօթելու փափաք մը: Կողքիս կանգնած պոլսեցի երգչուհի Սիպիլէն կը խնդրեմ, որ «Սուրբ, սուրբ» երգէ: Ժամանակը կանգ կ՛առնէ, կը բացուին դռներ: Գերեվարուած հայ եկեղեցին եւ հայ միտքի սլացքի խորհրդանիշը: Կտակը արքային եւ ճարտարապետ Մանուէլին:

Կը վերդառնանք լճափ: Կրօնական տօն է, եւ բնակիչները արձակուրդի են: Ծովահայեաց ճաշարան մը, կը սպասարկեն ձուկ: Բայց չհասկցայ, որ այդ Վանայ ծովակի տառե՞խն է…

Սիրալիր ընդունելութիւն` երկու քաղաքապետներու մօտ, որոնցմէ մին  կին էր: Համահայկական խաղերու կազմակերպիչները զանոնք հրաւիրեցին Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք խաղերուն:

Գ. Պատմութեան Բեմ. Բերկրիի Դաշտէն Դէպի Իգդիր

Շլացնող արեւին տակ կը շարունակենք մեր ճամբան, պիտի հասնինք Իգդիր:

Կ՛եզերենք Վանայ ծովը երկար ատեն եւ կը հասկնանք, որ ան լիճ չէ:

Նոր սերունդները չեն գիտեր, որ Բերկրիի լեռներով պաշտպանուած ընդարձակ դաշտը եղած է ցորենի շտեմարան եւ այդպէս է նաեւ այսօր: Ափսո՞ս… Վանայ նահանգին մաս կազմող հայաշխարհի այս ծիծղուն մասը ներխուժած են մոնկոլները, տիրած են, եւ այնտեղէն անհետացած է բնիկ հայ տարրը` անոր յեստնորդներուն ձգելով իր հայրենիքը որպէս յուշերու զբօսաշրջիկ տեսնելու իրաւունքը, այնքա՜ն իրաւունք, որքան որ տրուած է ամերիկացիին, չինին, ֆրանսացիին, գերմանացիին…

Կը մրթմրթամ Կոմիտասի «Անտունի»-ն.

Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր գերաններ, խախտեր է սներ,
Բուն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր…

Եւ միտքիս մէջ կը շարունակուի կրկնութիւնը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…

Անուններ եւ բառեր, որոնք մեր հայրենահանուածներու կեանքէն դուրս մնացած են: Ծաղկանց լեռներէն եկող Բերկրիի գետի ջրվէժին առջեւ կանգ կ՛առնենք:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Բերկրիի ջրվէժը

Ան կու գայ Թոնդրակ լեռնէն եւ կը հոսի դէպի Վանայ ծովակ: Բառերը յիշատակ կ՛արթնցնեն, ինչպէս` մեր պատութեան մէջ յայտնուած թոնդրակեան աղանդաւորական շարժումը: Տեղացի զբօսաշրջիկներ ալ կան: Այ-ֆոնները կը նկարեն եւ մեզ կը քանդակեն ֆշշացող ջրվէժի տեսարանին մէջ: Ան բարձրերէն ինկող Նիակարա կամ Վիքթորիա չէ, բայց հայոց պատմութիւն է, ժամանակի գիծին վրայ կասած ազգի մը եւ հազարաւոր մարդոց կեանքի յիշեցում է, տաղող յիշատակ: Դրախտ կորուսեալի պատկեր… Մեր ո՞ր մեղքին համար: Երէկ եւ այսօր: Կոտարակումներ եւ կոտորած:

Աչքով տիրութիւն ընելէ ետք կը շարունակենք մեր ուխտաւորի ճանապարհը դէպի Իգդիր, որ թռչունի թեւերով միայն 40 քմ հեռու է: Աչքերս յառած եմ փռուած դաշտին, եւ միտքս կը թափառի գիրքերու աշխարհին մէջ: Բառը գիրք է, պատմութեան պատուհան: Լսելով Իգդիրը` կը կրկնեմ Իքդիրմաւա… Հոս ծնած է  հայ վիշտի երգիչ Աւետիս Ահարոնեանը, յիշել` «Վազրիկը», Մետեխի բանտը դրուած Ահարոնեանը, յիշել այս մասին Սիամանթոյի «Պատգամաւոներս» բանաստեղծութիւնը: Յիշել, որ ան ստորագրած է մեր իրաւունքը սահմանած Սեւրի դաշնագիրը 10 օգոստոս 1920-ին, եւ 1934-ին ուղեղի արիւնախռնում կ՛ունենայ Մարսէյի մէջ, բեմի վրայ, իր վերջին բառերը կ՛ըլլան` «հայ ժո-ղո-ղո-ղո» եւ կը լռէ: Կը մեռնի 1948-ին: Շիրիմը կը գտնուի Փարիզի Փեր Լաշեզ գերեզմանատունը եւ էյֆելասէր ու փարիզասէր հայ տուրիստները չեն գիտեր, որ հոն կը հանգչի մեծ հայը, գիտցողներն ալ ժամանակ չունին մոմ եւ խունկ տանելու անոր շիրիմին: Այսպէս է սպառողական եւ զբօսնելու հետամուտ քաղաքակրթութիւնը:

Իգդիր նաեւ ծննդավայրն է մեր հերոսապատումի աւագ դերակատարներէն Դրոյի` Դրաստամատ Կանայեանի, հայատեաց փոխարքայ Նակաշիձէի ահաբեկիչին, Բաշ Ապարանի յաղթանակի հրամանատարին: Ծանօթագրութիւններ կ՛ըսեն, որ Իգդիրը մաս կազմած է Երեւանի նահանգին: Հիմա՞… Կրկին հոգեմաշ հարցումը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…

Քաղաքի կեդրոնը խճողուած է: Կը սպասենք, որ համահայկական խաղերու պատասխանատուները վերադառնան քաղաքապետարանէն, ուր գացած են հրաւիրելու քաղաքը, որպէսզի ան ալ մասնակցի Ստեփանակերտի խաղերուն:

Կը դիտեմ քաղաքը, մարդիկը: Հայու դէմքեր չկան: Հայու քաղաքին մէջ հայեր չկան: Եթէ հրաշքով մը մեզի հետ ըլլային Ահարոնեան եւ Դրօ, ի՞նչ պիտի զգային: Իրենց ցաւը հայու ցաւ է, կարծէք` անդարման: Ոմանք գնումներ կ՛ընեն, ես նստած այգիի մը նստարանին վրայ, ընդարմացած ուղեղով կը մտածեմ: Աչքերս վեր կ՛առնեմ եւ անցքի մը վրայ կը տեսնեմ «հերոսացած» Հայտար Ալիեւի անունը: Կը նշանակէ, որ հայատեացութեան եւ հայոց իրաւազրկման միտումը միշտ վառ է` հակառակ քաղաքակրթութեան յառաջացման եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումի մասին մեծ բեմերէ հնչող ճառերուն:

Կը հաւաքուինք եւ կ՛ուղղուինք օդակայան: Այս անգամ պիտի անցնինք Թուրքիոյ վրայէն մինչեւ Անգարա` առանց հոն կանգ առնելու, օդանաւ պիտի փոխենք անկէ թռելու համար Ատանա, Կիլիկիա, ուր թաւալած է մեր պատմութիւնը: Թագաւորներ եւ մշակոյթ:

Կը քալենք Անգարայի օդակայանի անցքերուն մէջ: Կանգ չենք առներ յորդող վաճառատուներուն առջեւ: Օտար ըլլալէ աւելի` խոր զգացումով մը վարակուած եմ:

Կը տեղաւորուինք օդանաւին մէջ: Արդէն միտքերս այլ տեղ են, մեր պատմութեան միշտ ներկայ ժամանակին մէջ: Ինչպէ՞ս ձերբազատիլ պատմութեան գեհենէն, ինչպէ՞ս չյիշել 1909-ի Ատանայի ջարդերը, այդ օրերու ֆրանսական թերթերու այսօր մոռցուած ցնցող պատկերները: Տեսնել ֆրանսական Լը Փըթի Ժուռնալ թերթի 1909-ի 2 մայիսի գունաւոր կողքը եւ ցոյց տալ յիշողութեան կորուստէ տառապող աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներուն: Իրաւարարնե՞ր, թէ՞ մեղսակիցներ:

«Նոր Ատանա»-ն Պէյրութի կից Պուրճ Համուտի թաղամաս մըն է, որ ունէր Ատանայի Աբգարեան վարժարանին անունը յաւերժացնող իր դպրոցը:

Ատանան աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեամբ քաղաք է հիմա, ուրկէ չքացած է հայկական հետքը:

Մեր ողբերգութեան եւ ցաւի քաղաք Ատանան, զոր այսօր կը յիշենք ողբի  երգով…

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>