Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Տարելիցի Մը Առիթով

$
0
0

Տարելիցները սոսկ թուականներ չեն, այլ առիթ են անգամ մը եւս թարմացնելու յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ հեռացածներուն, անոնց հոգիներու հանգստութեան համար աղօթելու, որպէսզի անոնք արժանանան երկինքի արքայութեան եւ Աստուած ողորմութիւն տայ անոնց, մանաւանդ այն անձերուն, որոնք ազգօգուտ բարերարութիւններ կատարած են եւ ազգանուէր աշխատանք տարած:

Որքան ալ ժամանակը անցնի, միշտ ալ կը յիշուին այն անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց նիւթական կամ բարոյական դրոշմը դրած են մեր ազգային կեանքին մէջ, ներդրում ունեցած են հայկական եւ ազգային կառոյցներու կերտման կամ նորոգութեան առումով:

Կ՛ըսուի, թէ իւրաքանչիւր յաջողած տղամարդու ետին կանգնած է կինը, սակայն կնոջ հանգիստ ու խաղաղութիւն պարգեւողը ամուսինն է: Անոնք միասնաբար կը կերտեն լաւը, կը գործեն յաջողութեամբ:

Երբ անձ մը կեանքին մէջ յաջողութեան հասնի, հանգիստ ու ինքնաբաւ դառնայ, կ՛ունենայ այն մղումը, որ պէտք է օգնէ նաեւ ուրիշին, տկարին, կարիքաւորին: Աւելի՛ն. պէտք է օժանդակութեան ձեռք երկարել միութիւններուն, վարժարաններուն, ազգային կառոյցներուն, որոնք մեծ ու օգտաշատ աշխատանք կը տանին: Նման նախաձեռնութիւններ կատարողներն են, որոնք երբեք չեն մոռցուիր, անոնք կը յիշուին նոյնիսկ անձնապէս զիրենք չճանչցողներուն կողմէ, որովհետեւ կու տան սրտանց եւ սրտաբուխ:

Այս բոլորին մարմնաւորումը հանդիսացող զոյգ են տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանները, որոնք լռելեայն իրենց ներդրումը ունեցած են ազգապատկան կառոյցներու նորոգութեան աշխատանքներուն մէջ: Համեստաբար յիշենք Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ կառուցման աշխատանքներուն եւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ գեղեցկօրէն կառուցուած հիւրասրահի ծախսերուն անոնց մասնակցութիւնը:

Այսօր Սօսի Չիլինկիրեան ֆիզիքապէս ներկայ չէ, սակայն իր հոգին եւ շունչը վառ կը մնան իր ընտանեկան պարագաներուն սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր գործունէութեամբ անմար պիտի մնայ իր յիշատակը մտքերուն մէջ այն անհատներուն, որոնք պիտի օգտագործեն անոր եւ իր ամուսնոյն նիւթական ներդրումով կառուցուած սրահները, ուր իրենց անունը դրոշմուած է ընդմիշտ:

Աստուած Սօսի Չիլինկիրեանին հոգին լոյսերու մէջ հանգչեցնէ եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ, իսկ ամուսնոյն` Յակոբ Չիլինկիրեանին երկար եւ առողջ կեանք պարգեւէ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>