Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Առաջամուղի Մղիչ Օրինակով

$
0
0

Ցայսօր համեմատաբար անծանօթ է Առաջամուղ գիւղը, որ կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանին մէջ, Հադրութէն 25 մղոն անդին: Նոյնիսկ Արցախ այցելողներուն համար դեռ Առաջամուղը կը մնայ ոչ յայտնի վայր մը:

Իսկ Երեւանի եւ անոր կեդրոնական ու բանուկ Հիւսիսային պողոտայի կամ բազմաթիւ այլ հանրածանօթ հրապարակներէ շատ հեռու է Առաջամուղը` թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ ապրելաձեւով ու կենցաղով:

Խորհրդային Միութեան փլուզումի օրերուն, երբ Հայաստան կը վերականգնէր իր անկախութիւնը, երբ Երեւանն ու այլ քաղաքներ դուրս եկած էին խոր թմբիրէ, Արցախի մէջ ծայր առած էր ազատագրական պայքարը, որուն արդիւնքներէն մէկն էր հարաւային հողաշերտի` Հադրութի վերագրաւումը:

Եթէ օրին դիւրին էր վերակենդանացնել Երեւանը եւ ապա Ստեփանակերտը, Առաջամուղի եւ անոր նմանօրինակ այլ բազմաթիւ գիւղերու պարագային` տարբեր էր կացութիւնը: Հակառակ անոր որ փոքրաթիւ գիւղ մը վերաշինելը շատ աւելի դիւրին կը թուի ըլլալ, քան` բազմամարդ քաղաք մը, սակայն քարտէսի վրայ տարբեր է պատկերը:

Սահմանամերձ գիւղ մըն է Առաջամուղը, որուն վերաբնակեցման աշխատանքները սկսան 2004-ին: «Քասքատ»-ի, Մատենադարանի կամ նոյնիսկ համեմատաբար մօտակայ նկատուող «Տատիկ-պապիկ»-ի նման տեսարժան վայրեր ու յուշարձաններ չկան հոն: Նոյնիսկ վերաշինութեան առաջին տարիներուն տարրական պահանջներ բաւարարող բնակարաններ ալ գոյութիւն չունէին:

Այսօր, 15 տարի ետք, այս գիւղը աւելի քան քսան բնակարաններ, շտապ բուժման գրասենեակ, կրթօճախ` մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, ունի: Քանի մը օր առաջ, Առաջամուղը օժտուեցաւ նաեւ արդի սարքաւորումներով կառուցուած մարզադաշտ-խաղավայրով մը: Գրեթէ հարիւր բնակիչ հաշուող գիւղը պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ: Ապագային պիտի ունենայ զբօսավայր, սրահ եւ, անշուշտ, զբօսաշրջիկեր հետաքրքրող յուշարձաններ եւ այլն:

Հողը արգասաբեր է, եւ արդէն իսկ բարձր որակի նռնենիներու լայնատարած հողաշերտեր գործի լծած են գիւղին բնակիչներուն մեծամասնութիւնը:

Այսպէս կազմակերպուած է գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքը, որ գործակցաբար գիւղապետին` ստեղծած է նախանձելի միջավայր:

Այսպէս է կեանքը Առաջամուղի մէջ, ուր առհասարակ քաղաքի մը քաոսային մթնոլորտը չկայ: Իսկ ամենակարեւորը` Ազրպէյճանին վերադարձուելիք չէ Առաջամուղը եւ անոր նման` ոչ մէկ այլ թիզ հող:

Գիւղը բաւական մօտ է հայկական ռազմական դիրքերուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն գիւղացիներուն ապահովութիւնը: Թշնամիին ալ մօտ է վերաշինուած ու վերաբնակուած Առաջամուղը, որ կրնայ կանխել ոեւէ ազերի ներթափանցում:

Առաջամուղի նման այլ բազմաթիւ սահմանամերձ գիւղեր վերաշինելու ժամանակն է: Հոս սեւի եւ սպիտակի հարց չկայ, այլ հողի եւ… հողի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles