Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Առաջամուղի Մէջ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» Մարզադաշտի Բացում

$
0
0

Յունիս 7-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի բարերարներ Արա եւ Հայկուհի Մելքոնեաններու մեկենասութեամբ, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ   բացումը կատարուեցաւ, իրենց դուստր` Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեանի անունը կրող մարզադաշտին:

Հադրութի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Նուէր Գրիգորեանը ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց: «Կը փորձենք կատարել ամէն ինչ, որպէսզի սահմանամերձ համայնքներու երեխաները կարողանան լիարժէք վայելել իրենց մանկութիւնը: Սահմանամերձ գիւղերը կը հանդիսանան Արցախի դարպասները: Նման բարեգործական ծրագիրներու շնորհիւ` Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները մասնակից կը  դառնան ազատագրուած Արցախի շէնացման եւ զարգացման», յայտնեց  ՀՅ Դաշնակցութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանը, որ նշեց, թէ այլ ծրագրեր ալ պիտի իրականացուին:

Մարզադաշտի բացման ներկայ Արա Մելքոնեանին քոյրը` Սեդա Մելքոնեան-Մանկասարեանը յայտնեց. «Արդէն չորս տարի է, որ Մարալը հիւանդութեան պատճառով ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ: Անոր բացակայութիւնը շատ ծանր ցաւ է ծնողներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն համար: Մարալին ծնողները որոշած են իրականացնել իրենց դստեր երազանքը` օգնելով սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, որուն վառ ապացոյցը այս մարզադաշտին կառուցումն է: Մարալը, ապրելով Ուաշինկթընի մէջ, ստացած է ընտանեկան այնպիսի դաստիարակութիւն, որ իր հոգին կապուած է Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Մենք երէկ  Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութիւն ալ այցելեցինք, ուր ժամանակին Մարալ աշխատած էր` փորձելով իր ունեցած գիտելիքները փոխանցել տեղացիներուն»:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին Առաջամուղի դպրոցականները հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու պարերով, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բարերարները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>