Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ակնարկ. 3-րդ Էջով Պարզուող Իրականութիւնները

$
0
0

Ելեկտրոնային տարածքներու վրայ յաճախակի ընթերցումներ կատարողները իրազեկ են, որ տուեալ կայքի թողարկողները անմիջականօրէն տեղեակ կրնան ըլլալ դիտումներու, ընթերցումներու, այցելութիւններու յաճախականութեան, այցելուներու տարիքային խաւերուն, նոյնիսկ իւրաքանչիւր նիւթի ծանօթացման կամ ընթերցումի համար յատկացուցած ժամանակին:

Առանց վիճակագրական նշուած մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելու` այսպէս, համացանցային վիճակագրական տուեալները կ՛արձանագրեն, որ «Ազդակ»-ի երրորդ էջը ամէնէն կարդացուած բաժիններու վերաբերեալ թիւերու մագլցում կ՛արձանագրէ: Բովանդակութիւնը այդ էջին, ծանօթ է մեր ընթերցողներուն: Յատկապէս գաղութային իրադարձութիւնները արագօրէն լուսաբանող էջն է, որ ո՛չ միայն լիբանանահայ, այլ նաեւ կարեւոր մասամբ Լիբանանէն դուրս ապրող ընթերցողներուն նախընտրած էջերէն է:

Նկատուած մագլցողականութիւնը իր պատճառները ունի: Վերջին շաբթուան ընթացքին երրորդ էջը լեցուցած են քննարկումներու, դասախօսութիւններու, կլոր սեղաններու, շնորհահանդէսներու, ցուցահանդէսներու, գաղութի տարբեր հաստատութիւններու, վարժողական ծրագիրներու վերաբերող լրատուական նիւթեր, թղթակցութիւններ:

Աւելի խորաթափանց դիտարկում մը համացանցային տուեալներէն աւելի հեռու կ՛երթայ` նկատելու համար կարեւորագոյն հանգամանքներ:

Վերջին շրջանին ներկայացուած այդ նիւթերը թէ՛ «Ազդակ»-ի եւ թէ՛ գաղութային այլ հաստատութիւններու երդիքներուն տակ համախմբած են Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Արցախէն, անոնցմէ քիչ առաջ նաեւ` Հայաստանէն մտաւորականներ, պատմաբաններ, մամուլի աշխատակիցներ, բանասէրներ, գիրքերու հեղինակներ, հասարակական գործիչներ:

Արծարծուած նիւթերը` գիրքերու ներկայացում, պատմաքաղաքական եւ իրաւաքաղաքական խնդիրներու քննարկում, երիտասարդ արուեստագէտներու գործերու ծանօթացում, վարժողական ծրագիրներու շրջագիծին մէջ երիտասարդ մարդուժի հաւաքագրում, մանկապատանեկան երգչախմբային համերգներ եւ երիտասարդական, ուսանողական, մշակութային նման բնոյթի ձեռնարկներ:

Մինչ այսօրուան արհեստագիտութեան նորարարութիւնը արձանագրած է այս բոլորի մասին տեղեկացուածութեան անվերահսկելի թիւերու բազմապատկման գործընթաց մը: Նախ լսարաններու կամ ձեռնարկներու ներկաներու թիւը, ապա տպագիր մամուլին ճամբով այդ մասին կարդացողները. որմէ ետք կայքի այցելուներն ու անոնց առընթեր ընկերային ցանցերու վրայ այդ բոլորը տեսնողները: Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուած մասնագիտական քննարկումին ուղղակի սփռումին վերահասու դարձան հազարաւոր դիտողներ: Արձանագրուած թիւերը օրերու ընթացքին բազմապատկուեցան: Ընկերային ցանցի հաշուիչը արագօրէն բազմացուց չորս թուանիշերը: Նման պատկերներ կը շրջեն հայ մամուլի հասանելիութեան մասին կատարուած տխուր գնահատականները:

Երեւոյթները քաջալերական են: Մտածել կու տան, որ եթէ կայ կազմակերպող կողմը, ապա նկատելի թիւ կը ներկայանայ պատմաքաղաքական հարցերով հետաքրքրուածներու, որոնք ո՛չ միայն կրաւորական լսող են, այլ նաեւ հարց արծարծող, տեսակէտ յայտնող: Եթէ կայ կազմակերպող կողմ, որ գիրքի բովանդակութիւն կը ներկայացնէ, ապա ընթերցող խաւը ո՛չ միայն ներկայութեամբ կը քաջալերէ հեղինակն ու հրատարակութիւնը, այլ նաեւ գնելով կը շրջէ «գիրք կարդացող չէ մնացած» ընդհանուր կարծրատիպը:

Յոռետեսական ողբ սարքելը տագնապէն խուսափելու ամէնէն դիւրին ճամբան է: Դժուար չէ նաեւ լուսաւորելու համար մոմ վառելը: Պարզապէս առանց ընկրկելու պէտք է պահել հետեւողականութիւնը: Տարբեր պատճառներով դատարկ կամ կիսալեցուն դահլիճները չեն կրնար շեշտել հետեւողականութեան սկզբունքը:

Քիչ մըն ալ աւելի հեռու գացող երեւոյթ մը` ընդգծելու համար, թերեւս անտեղի չէ նշելը, որ սփիւռքահայ մամուլի այս ուղղութեամբ կատարուող դիտարկում մը հերթական անգամ կը վերահամոզէ, որ նման նիւթերու արծարծման առումով լիբանանահայ համայնքը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը:

Այս դիրքի պահպանման եւ նոր նշաձողի նուաճման համար կազմակերպողները պէտք է պահեն հետեւողականութիւնը եւ անդադար դիմեն նոր նախաձեռնութիւններու. կը սպասուի գիտակցական ընդառաջումի միեւնոյն հետեւողականութիւնը:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>