Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Պարտքերը Չեն Փակուած

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցայ Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքէն ներս Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի կերտման սրտառուչ գործընթացին: Կարեւոր հանգրուա՛ն մը, արդարեւ, Արամ Մանուկեանի ազգային ինքնագիտակցութեան պատգամը սերունդներու երթին յանձնելու եւ մեր Հիմնադիր Հօր ոգեկան ներկայութիւնը խարսխելու մերօրեայ կեանքի պահանջկոտ մարտադաշտերէն ներս: Մեր անկախ պետականութիւնը ամէն օր աւելի կը հարստանայ, երբ իր պատմական յիշողութիւնն է, որ քայլ առ քայլ կը վերականգնի եւ մեր նորահաս սերունդներուն կը հաղորդէ իր կենսական ներուժը: Արամ Մանուկեանի պատգամը, առաջին հերթին, մեր տունը մեր ձեռքերով շինելու եւ զայն մեր սեփական բազուկներով պաշտպանելու պատգամն է, որ այսօր եւս պիտի առաջնորդէ մեր պետական մտածողութիւնը` մեր ամէն մէկ քայլափոխին:

Մեր ժողովուրդը երախտագիտութեան խօսք ունի ըսելիք յատկապէս ընկ. Յակոբ Ճամպազեանին` պատմական այս նախաձեռնութեան համար: Յուշահամալիրը էականօրէն ամբողջացնող, զայն աւելի յստակօրէն սահմանող, անոր դիմագիծ տուող եւ զայն խորհրդային հին թապուներէն ազատող իմաստուն եւ հեռատես իրագործում մըն է Արամի այս յուշակոթողը, որ այսուհետեւ պիտի դառնայ ուխտավայրը ապագայ սերունդներուն:

Ընելէ ետք այս հաստատումը, կարեւոր է, որ անմիջապէս յիշեցնենք մենք մեզի, որ մեր պարտքերը այս մարզին մէջ դեռ շատ հեռու են փակուած ըլլալէ: Սարդարապատի այս յուշակոթողը, հոյակապ իրագործում մը ըլլալով հանդերձ, պարտք մը չէ, որ կը փակէ, այլ մեզի կը յիշեցնէ վաղուց անտեսուած մեր պարտաւորութիւններու հաշիւը: Ան մեզի կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը` Արամի տունը իր ներկայի կորանքէն ազատելու եւ զայն վերականգնելու որպէս Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարան եւ զայն վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ` մեր ժողովուրդի՛ն: Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը Ա. հանրապետութեան կառավարութեան տունը իր ներկայի գերութենէն, իր ներկայի ամօթէն դուրս բերելու, զայն իր սկզբնական յղացքով վերականգնելու եւ զայն հանրութեան վերադարձնելու` որպէս Ա. հանրապետութեան թանգարան եւ հետազօտական հիմնարկ: Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը` նախորդ իշխանութենէն սխալ ու աղկաղկ յղացքով մեզի կտակուած Արամի յուշարձանը հիմնովին չեղարկելու եւ Արամի նոր ու հարազատ յուշակոթողը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին ճիշդ կեդրոնը կոթողելու: Ան դեռ կը յիշեցնէ շարք մը այլ անտեսումներ, որոնց մասին խօսած եմ բազմիցս: Մենք հաւաքաբար պարտաւորուած ենք այս պարտամուրհակները միանգամընդմիշտ մարելու: Եւ այդ քայլը առնելու` մեր պետականութեան բարձրագոյն դիրքերէն: Թող ներուի մեզի պնդել, որ այս պարտքին ծանրութիւնը, առաջին հերթին, իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան Հայաստանի նախագահը, Հայաստանի վարչապետը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը: Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր եւ, անշուշտ, առաջին հերթին, իմ կուսակցութիւնս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, թէկուզ` արտախորհրդարանական ընդդիմութեան իր դիրքերէն: Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան հայ հոգեւոր կեանքի առաջնորդները` Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ վեհափառ կաթողիկոսները եւ հայ ազգային յարանուանութեանց պետերը: Բայց մանաւանդ այդ գործին անզիջող պահանջատէրը պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութիւնը ամէնուրեք:

Մէկէ աւելի առիթներով բանաւոր հաւաստիքներ լսած ենք իշխանութեան պատասխանատուներէն, որ Արամի տան հարցը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Արամի տունը իր կալանքէն ազատելու գործը միայն մէկ մասն է այն ազգային պարտաւորութեան, որուն կ՛ակնարկեմ: Մենք ոչ մէկ շօշափելի փաստ ունինք, որ այս վերջինը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ: Կրնամ սխալիլ: Յամենայն դէպս այս կէտին վրայ մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի պահանջելու, որ Հայաստանի ճարտարապետի զեկոյցով մեծարգոյ պր. վարչապետը հրապարակէ ամբողջական մէկ այժմէագիր (update)` յստակացնելով, թէ ի՛նչ է ըլլալու իր կառավարութեան քաղաքականութիւնը այս մարզին մէջ:

Պետութեան մը կեանքը տեւաբար մտրակուած է իրերայաջորդ ճգնաժամերով, եւ միշտ չէ, որ դիւրաւ տեղ կը բացուի այս գործերուն համար: Կը գիտակցինք այս իրականութեան, բայց կարելի չէ ընդունիլ այն անյանձնառու վերաբերմունքը, որուն զոհ գացած է այս օրակարգը երեք նախագահներու օրով եւ կը շարունակէ մնալ անորոշ` ներկայ իշխանութեան ժամանակաշրջանին: Միանգամընդմիշտ պիտի ընդունինք, որ այստեղ խնդրոյ առարկայ է ազգին եւ իր անկախ պետականութեան ինքնութիւնը: Կարելի չէ դիւանակալութեան յայտնի ձգձգումներուն զոհ դարձնել զայն: Կարելի չէ այս օրակարգին վրայ «տուն երթալ» եւ ուրիշ օրուան յետաձգել զայն: Կարելի չէ Օրմանեան պատրիարքի յայտնի բնորոշումով` «հինցնել» եւ մեռցնել զայն եւ կարելի չէ վաղուան սերունդներու վզին փաթթել անոր իրագործումը: Այս օրակարգը պիտի իրագործուի ամէնէն կարճ ժամկէտներու մէջ, ա՛յս սերունդի օրով եւ այս կառավարութեա՛ն եւ` առանց յետին մտքի, առանց վերապահութեան եւ համազգային ամբողջանուէր յանձնառութեամբ, այն ոգիո՛վ, որ Արամն էր իր կեանքի ամէն մէկ հանգրուանին: Այս ազգը պիտի ի վերջոյ ըլլայ ԱՐԱՄԸ կամ պիտի ըլլայ ոչի՛նչ: Ընտրե՛նք, սիրելիներ:

11 յունիս, 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>