Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Պզտիկ» 50-ամեակ Մը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ընթերցողիս համար հաւանաբար քիչ մը տարօրինակ ու արտասովոր թուի այս սիւնակը, որովհետեւ ընդհանրապէս հակամէտ ենք վեր առնելու պատմական դէմքերու, մեծ իրադարձութեանց ու իրագործումներու յիշատակը, կազմակերպելու յոբելենական ձեռնարկներ եւ այլն: Ուրեմն, նախ ըսեմ, թէ «բանը ինչո՛ւմն է»:

Գրադարանիս մէջ թերթերու վերապահուած դարակէն երբ դուրս կը քաշէի փնտռածս, անոր «փակած«` դուրս եկաւ նաեւ բարակուկ թերթ մը, որուն կողքին արձանագրուած է «Մեհեան»: Բացի առաջին էջը, որ յիշեցուց, թէ սա Լիբանանի ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին մէկ նախաձեռնութիւնն էր, առաջին թիւը, լոյս տեսած` մարտ 1969-ին, այսինքն` ճիշդ 50 տարի առաջ: Արագ պտոյտ մը կատարեցի էջերուն եւ մտածեցի, որ կ՛արժէ անդրադառնալ այս «պզտիկ» 50-ամեակին, անցնիլ ընկալեալ սովորութենէն անդին:

Ընդամէնը 88 էջերէ բաղկացած պարբերաթերթը ունի ներքին երկու գլխաւոր բաժին. գրական-գեղարուեստական արտայայտութիւններ եւ պատմական-գաղափարական ուսումնասիրութիւններ, երկրորդը` հիմնականին մէջ շարք մը մեծերու` Վրացեանի, Թորլաքեանի, Քրիստափորի, Վարանդեանի, Լազեանի ու Մալխասի կարգ մը գործերուն մասին գրախօսականի տրամաբանութեամբ ուսումնասիրութիւններ:

Ամէն բանէ առաջ «կանխահաս հասունութիւն» մը կ՛արտացոլայ իւրաքանչիւր գրութենէ, անիկա ըլլայ չափածոյ, արձակ թէ վերլուծական-գաղափարական: Հազիւ 17-18 տարեկան տղաք ու աղջիկներ են գրողները, որոնք թուղթին յանձնած են իրենց զգացումները, մտածումները, բայց մանաւանդ թերթը հայելին դարձուցած են մեր ժողովուրդին ու անոր ընկերացող պատմական ու քաղաքական իրադարձութեանց ծանօթանալու, անոնց խորքը թափանցելու եւ ՍՈՐՎԵԼՈՒ իրենց տենդին: Այլ խօսքով, թերթը կը ներկայանայ իբրեւ բեմ մը, ուր համալսարան չհասած` հայ աշակերտը գործնապէս կ՛ապացուցէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ԻՆՔՆԱԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ: (Մանկավարժութեան մէջ կայ տեսութիւն մը, որ կ՛ըսէ, թէ ուսուցիչը կամ դաստիարակը շատ բան չի սորվեցներ պատանութիւնը թեւակոխած աշակերտին, այլ անոր կ՛օգնէ, ուղղութի՛ւն կու տայ, որ ի՛նք սորվի, իր մտապաշարը հարստացնէ կարելի բոլոր միջոցներով: Այս տեսութեան կիրարկումն է, կարծէք, «Մեհեան»-ին բովանդակութիւնը): Ի դէպ, ստորագրողներէն շատերը յաջորդ տարիներուն մուտք գործեցին մեր հասարակական կեանքին մէջ, դարձան գրող, խմբագիր, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ, իրենց անունն ու հետքը արձանագրեցին գեղարուեստական գրականութեան ու քաղաքական-հասարակական մամուլին մէջ, եղան ուսուցիչ ու հասարակական գործիչ, ապրեցան մտաւորականի բնական աճ, անոնցմէ շատեր մինչեւ օրս ալ կը մնան պատնէշի վրայ: Այդ փաղանգը մեր հասարակական կեանքին մէջ իր օրերուն վերականգնած է գիծ մը, որ կու գայ բաւական հին օրերէ. չէ՞ որ մեր Զարթօնքը կերտողներն ու անոնց վառած ջահը կրողներն ալ ընդհանրապէս աշակերտական տարիներուն ըրած են նոյնը եւ յետոյ` իբրեւ անմահ անուններ, կը մնան մեր մշակոյթի պատմութեան էջերուն…

Չեմ ուզեր անուններ արձանագրել, որովհետեւ կը նախընտրեմ լուսարձակը կեդրոնացնել Երեւոյթի՛ն (գլխագիրով) վրայ, որ պտուղն է պերճ Մթնոլորտին (նմանապէս գլխագիրով): Եւ որպէսզի դուրս գամ մասնաւորելու մօտեցումէն, յիշեցնեմ, որ աշակերտական ու պատանեկան-երիտասարդական ըստ բաւականին որակաւոր հրատարակութիւններու ձեռնարկած էին նաեւ կարգ մը դպրոցներ եւ այլ միաւորներ, հետեւաբար «Մեհեան»-ը կը նկատեմ իբրեւ զատորոշուող օրինակ մը միայն:

Եթէ մէկը ուզէ կրակ վառել, բնականաբար պէտք ունի մէկտեղուող ատաղձի, օդի, կայծ տուող հրահանի մը կամ լուցկիի, ի հարկին նաեւ` հովահարի: Այս հրատարակութիւնը կը վկայէ, որ եթէ գրողները հում ատաղձն էին, կային ուրեմն զանոնք մէկտեղող ուսուցիչ մը կամ ուսուցիչներ, վարիչ-դաստիարակներ, պատասխանատու մարմիններ, որոնք իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ առկայծած են գրականութեան ու հայութեան հարցերով հետաքրքրուելու սէրն ու մղումը, ապահոված են կենսատու «օդը» եւ հովահարած են անոնց տաղանդները, արժանիքները, կարողութիւնները, անոնց կառքերը դրած են ճիշդ երկաթուղիի վրայ ու ինքնամղումի առաջնորդած են զանոնք:

Տակաւին, «Մեհեան»-ը կարելի է նկատել մէկ հայելին այն մթնոլորտի՛ն, որ գոյացաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, երբ ինքնաճանաչումի ու մեր հարցերուն քննական մօտեցումի տրամաբանութիւնը արագօրէն զարգացաւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, այսինքն` Միջին Արեւելքի մեր գաղութներու այդ օրերու սիրտին, կազմաւորելով միջավայր ու մտածողութիւն, որ այսօր հպարտութեամբ (երբեմն ալ` անարդար հեգնանքով) կը բնորոշուի «միջինարեւելեան մտածողութիւն»-ով: Այդ մթնոլորտը յարաճուն ընթացք ունեցաւ մինչեւ իսկ Լիբանանը քար ու քանդ ընող տագնապի տարիներուն, թէեւ տարուէ տարի մեծ տուրք վճարեց:

Այսօր ալ, տարբեր գաղութներու մէջ, ունինք աշակերտական-պատանեկան-երիտասարդական հրատարակութիւններ, սակայն մարդս երանութեամբ կը թղթատէ «Մեհեան»-ին նման թերթերու էջերը, կը բաղձայ, որ նորեր գան նմանակելու անոր ոգին եւ, ինչո՞ւ չէ, ճիգ ընեն գերազանցելու այդպիսի հրատարակութիւններ, որպէսզի մեր մամուլը դառնայ մեր երիտասարդութեան տաղանդներուն եւ յառաջադէմ մտածումներուն «միջավայր»-ը, որպէսզի պատանին ու երիտասարդը կարենան իրենք զիրենք ձերբազատել «թուայնացեալ-թուայնացնող» արհեստագիտութեան ծանծաղ ու անմակարդակ, յաճախ նաեւ անշնչելի մթնոլորտէն (չեմ ուզեր երեւակայել անգամ, որ այդ տղաքը պիտի կարենային նման թերթ հրատարակել, եթէ գերի դարձած ըլլային «թուայնացեալ» արհեստագիտութեան յոռի երեսին):

Այս տողերուն մէջ թող «անցեալապաշտութիւն» չտեսնուի, այլ հրաւէր մը` նմանօրինակ ատաղձ, կայծ, օդ եւ հովահարողներ ունենալու` հինէն եկող, բայց մշտանորոգ մօտեցումով, առանց մեկուսանալու «միջինարեւելեան» ազնիւ մտածողութենէն (միջինարեւելեան մեր գաղութներն ալ անմասն պէտք չէ զգան ինքնանորոգումի ընտրանքէն), որուն վրայ անկախացած Հայաստանէն տարածուող ՕԴ-ը կենսատու գործօն մը կը յաւելու հիմա:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>