ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (ԹՈւՀ) շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1983-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 3 միլիոն տոլար նուիրատուութեամբ: 31 մայիս 2019-ին ԹՈւՀ հանդէս եկաւ մամլոյ հաղորդագրութեամբ` յայտարարելով, որ կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը 30 սեպտեմբեր 2020-ին:
Այս յայտարարութիւնը անսպասելի էր երկու պատճառով.
1) Երեք միլիոն տոլարը համեմատաբար մեծ գումար մը չէ թրքական կառավարութեան համար, որ տարիներ շարունակ տասնեակ միլիոն տոլարներ ծախսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային կապերու (PR) եւ լոպիստական ընկերութիւններ վարձելու համար: Երեք միլիոն տոլարի կամ մնացորդի վերադարձը Թուրքիոյ` չի կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ երկրին նիւթական կացութեան վրայ: Տնտեսական անկումէն ուշքի գալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է քանի մը հարիւր միլիառ տոլար:
2) Հակառակ հիմնարկի յաջողութիւններուն մասին անոր ղեկավարութեան հրապարակած պարծենկոտ մամլոյ հաղորդագրութեան` Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ դրամական միջոցներու դադրեցումը կը նշանակէ, որ հիմնարկը չէ կրցած հասնիլ իր քարոզչական նպատակներուն: Թրքական կառավարութիւնը դադրեցուցած է ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորումը 2015-ին: Բարդացնելով խնդիրը` հիմնարկի ղեկավարները իրենց մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ խոստովանած են, որ չեն յաջողած արտաքին աղբիւրներէ բաւարար միջոցներ ստանալ հիմնարկի գործունէութիւնը շարունակելու համար: Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ-ը նիւթական մասնակի աջակցութիւն ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, քոչ հոլտինկէն, FIBA հոլտինկէն եւ Մուխթար Քենթէն («Քոքա-քոլա» ընկերութեան խորհուրդի նախկին նախագահ) եւ անոր կնոջմէ, ինչպէս նաեւ` այլ անհատ նուիրատուներէ:
ԹՈւՀ-ի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 1983-էն սկսեալ իր դրամաշնորհները նպաստած են Թուրքիոյ եւ թրքերէնի ուսումնասիրութեան` «ԱՄՆ 45 նահանգներու եւ Քոլումպիայի շրջանին մէջ: Աւելի քան 130 դրամաշնորհային ատենախօսութիւններ վերածուած են 70-է աւելի փրոֆեսէօրական պաշտօններու բարձրագոյն կրթութեան ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ, իսկ լեզուական եւ հետազօտական պարգեւները օգնած են առնուազն 235 անձերու, որոնք գրաւած են դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօններ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր: Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին քանի մը տասնեակ երիտասարդ գիտնականներու տրուած պարգեւները լրացուցիչ օգուտ պիտի բերեն ապագային: Գրեթէ 80 ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ ստեղծուած են Թուրքիոյ վերաբերեալ գրադարանային եւ հետազօտական հաւաքածոներ, կամ բաւականաչափ աւելցած են առկայ միջոցները` ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորման շնորհիւ, իսկ 19 ամերիկեան համալսարաններ ստացած են մեկնարկային գումարներ` Թուրքիոյ վերաբերեալ դասաւանդման նոր պաշտօններու հաստատման աջակցելու համար»:
Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ-ը հաստատուած էր Ուաշինկթըն, Ճորճթաունի համալսարանի Էտմոնտ Ա. Ուոլշի արտաքին ծառայութեան դպրոցի տարածքը: Հիմնարկի պատուաւոր նախագահը Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանն էր, որ անմիջական վերահսկողութիւն հաստատած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ԹՈւՀ-ի դրամաշնորհներուն վրայ:
Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը ինկած է շարք մը գայթակղութիւններու մէջ` սկսած Հիթ Լորիէն, որ հիմնարկի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէնն էր 1983-1993 թուականներուն: Լորին կարեւոր դեր խաղցած է` ամբողջական էջ մը յայտարարութիւններու պատրաստման եւ հրատարակման գծով «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթերու մէջ, 19 մայիս 1985-ին` ստորագրուած 69 «մտաւորականներու» կողմէ, որոնք կը ժխտէին Հայոց ցեղասպանութեան եղելութիւնը: Լորին հետագային դարձաւ օսմանեան եւ ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու Աթաթուրքի փրոֆեսէօր Փրինսթընի համալսարանի մէջ` շնորհիւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 750 հազար տոլար նիւթական աջակցութեան:
1985-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ ամերիկացի մտաւորականներուն անունները թուարկելու եւ թրքական հիմնարկէ իւրաքանչիւրին ստացած գումարներուն մասին յօդուած գրելէ ետք, ես դարձայ թրքական հիմնարկին հետ իրաւական առճակատման առաջին թիրախը: Հետաքրքրական է, որ թրքական հիմնարկը այդ մասնագէտներէն շատերուն դրամաշնորհներ տուած է: ԹՈւՀ-ի փաստաբաններէն ես նամակ ստացայ, ուր ըսուած էր, որ իրենք դատ պիտի բանան ինծի դէմ` զրպարտութեան մեղադրանքով, եթէ ես չհրապարակեմ ծաւալուն հերքում` իմ յօդուածիս առնչութեամբ, ինչ որ ես մերժեցի ընել: Փաստաբաններս տեղեկացուցին թրքական հիմնարկի իրաւաբաններուն, որ իրենց զրպարտութեան մասին պնդումը անհիմն է, եւ յայտնեցին անոնց, որ մենք իրենց դէմ բողոքի հայց պիտի ներկայացնենք: Ի պատասխան` ԹՈւՀ-ը հրաժարեցաւ իր սպառնալից դատական հայցէն…
Այնուհետեւ, 1995-ին Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամսագրին մէջ հրապարակուեցաւ «Փրոֆեսիոնալ բարոյականութիւն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը» վերնագրով յօդուած, որ բացայայտեց ԹՈւՀ-ի գործադիր տնօրէն Հիթ Լորիին կազմած նամակը, որ 1990-ին թուրք դեսպան Նուզեթ Քանտեմիրի անունով ուղարկուած էր փրոֆեսէօր Ռապըրթ Ճէյ Լիֆթընի` ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Լորիին սեւագիր նամակը դեսպանին անունով անզգուշաբար յղուած էր փրոֆ. Լիֆթընի, ինչ որ ակադեմական մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձաւ:
2006-ին ամերիկացի փրոֆեսէօր Տանըլտ Քուաթերթ հրաժարական տուաւ ԹՈւՀ-ի խորհուրդի նախագահութենէն` մերժելով ենթարկուիլ Թուրքիոյ դեսպանի հրամանին, որ` Թուրքիա կը ջնջէ ԹՈւՀ-ի ֆինանսաւորումը, այնքան ատեն որ փրոֆեսէօր Քուաթերթ չէ հերքած գիտական գիրքի մը մասին իր գրութիւնը, ուր ան գրած էր. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայերու հետ, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի «ցեղասպանութիւն» սահմանումին»: Ի նշան բողոքի` ԹՈւՀ-ի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ շուտով հրաժարական տուին:
Ակնյայտ է, որ թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փակման յայտարարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նուազի թրքական քարոզչութեան հնարաւորութիւնը` խեղաթիւրելու Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական ճշմարտութիւնները:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ