ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ ալ չկաս, ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ ձեռքդ ուսիս պիտի չըլլայ ա՛լ: Դուն գիտե՛ս, թէ որքան կը սիրեմ քեզ, խօսիլն իսկ աւելորդ է: Այսօր` քառասուն օր ետք, տակաւին դէմքդ եւ մանաւանդ ժպիտդ աւելի կը պայծառանայ մեր աչքերուն առջեւ, մեր սրտերուն մէջ:
Բայց գիտեմ, թէ ամէն ծնունդ ունի իր վախճանը, հետեւաբար կեանքին իմաստը պէտք է փնտռենք իր թողած մարդկային բարոյական կերպարին մէջ: Ի՞նչ էր անոր կեանքին իմաստը եւ անկէ բխած պատգամը:
Հայրս` Աւօ Տէր Ստեփանեան, ծնած էր Եթովպիա եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած Պէյրութ` անդամակցելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ հոն ոգի ու նկարագիր կազմած:
Գաղափարի եւ նուիրումի տէր անձ մը, որ ժրաջան աշխատող էր նաեւ: Իր գործին մէջ եղած էր յառաջադէմ եւ իր ազնիւ դրոշմը դրած հոն, ուր որ գտնուած է. համեստ, ծառայասէր եւ պարտաճանաչ: Լաւ ընկեր էր, գիտէր մարդոց ուրախութիւն պարգեւելու գաղտնիքը:
Ընթերցասէր էր եւ հաճելի զրուցակից: Վերջին տարիներուն, երբ տկարացած էր, առողջութիւնը դաւեց իրեն, սակայն մնաց միշտ դրական եւ քաջակորով խանդավառութեամբ: Հայասէր էր, պողպատէ համոզումներով մինչեւ վերջին շունչ:
«Ազդակ»-ը իր ամէնօրեայ հացն էր, երբ քիչ մը ուշանար ցրուիչը, կ՛ըսէր եղբօրս, «Հեռաձայնէ՛, ինչո՞ւ ուշացաւ»: Կը կարդար թերթը ծայրէ-ծայր, յետոյ յատուկ յօդուածներ կը յանձնարարէր, որ կարդամ: Կ՛ըսէր. «Կարդա՛…, շատ պիտի սիրես»: Կամ, «Այսօր ընկերուհիդ` Նորան շատ աղուոր յօդուած մը ունէր, ըսէ իրեն շատ սիրեցի»:
Սակայն` իր կեանքին մէջ շատ մեծ սէր մը ունէր եւ այդ ալ մարզանքն էր: Մարզասէր էր միշտ: Բոլոր մարզաձեւերուն կը հետեւէր մեծ հետաքրքրութեամբ:
Իր կեանքի բոլոր փուլերուն մարզանքը եղած էր անբաժան մասնիկ մը. տան մթնոլորտը եւ նիւթերը մարզանք կը բուրէին: Անշուշտ ՀՄԸՄ-ի մեծ համակիր էր: Թենիսն ալ իր կարեւոր տեղը ունէր մեր տան մէջ: Բոլոր մեծ սաղաւարտները կը գրաւէին մեր առօրեան: Մենք ալ կը հետեւէինք մեր հօր հետ: Յունուարէն սկսելով` Աւստրալիոյ բաց առաջնորդութեան, ապա Ռոլան Կարոսի, Ուիմպըլտըն մրցաշարքին եւ Միացեալ Նահանգներու բաց առաջնորդութեան:
Բայց ֆութպոլը ուրիշ բան էր, մանաւանդ` Անգլիոյ ազգային խումբը եւ ի մասնաւորի Անգլիոյ «Լիվըրփուլ» խումբը:
60 տարիներ շարունակ այս խումբին երկրպագուն ըլլալով` կը հետեւէր «Չեմփիընզ լիկ»-ին եւ անգլիական առաջին լիկային մե՜ծ, շա՛տ մեծ խանդավառութեամբ:
Սակայն այս տարի յատկանշական էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը: «Լիվըրփուլ»-ը պէտք էր «Պարսելոնա»-ի դարձի մրցումին յաղթէր 4- 0 արդիւնքով, որպէսզի հասնէր աւարտական փուլ, ինչ որ գրեթէ անկարելի էր. «ռեմոնթատա» պէտք էր ընէր «Լիվըրփուլ»-ը: Բայց հօրս մահուան նոյն օրն իսկ` մայիս 7-ին, «Լիվըրփուլ»-ը ըրաւ «ռեմոնթատան»` 4-0 յաղթանակով: Իսկ յունիս 1-ին, դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան` 6-րդ անգամ ըլլալով յաղթելով «Թոթենհամ»-ին` 2-0 արդիւնքով:
Ցաւօք սրտի մեր հայրը չկրցաւ տեսնել լիվըրփուլեան բացառիկ յաղթանակը:
Իբրեւ շօշափելի յիշեցում իր քաղցր ներկայութեան` հետեւեցանք բոլոր խաղերուն եւ պիտի շարունակենք հետեւիլ:
Սիրելի՛ հայր,
Բարի հոգիդ ու քաղցր յիշատակդ կը մնան մեր սրտին մէջ առյաւէտ:
Քեզ դիտելով` սորվեցանք, որ մարզանքը կ՛ազնուացնէ հոգին, դրական ազդեցութիւն կու տայ հասարակութեան: Մեծ տարբերութիւն կը բերէ փոխյարաբերութեան, դաստիարակութեան, եւ ամենակարեւորը այն է, որ խաղին եզրափակիչ արդիւնքը չէ հիմնականը, այլ ուղին է, որ դէպի յաղթանակ պիտի տանի: Առաւել` մարզական խաղերուն մէջ ամէն բան կարելի է: Արդեօք կեանքի մէջն ալ նոյնը չէ՞: Իւրաքանչիւր օր նոր առիթ մըն է եւ նոր սկիզբ մը…
Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն, մարզասէ՛ր հայր:
Խունկ ու աղօթք քու աճիւններուդ: