Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Արժանաւոր ՀՄԸՄ-ական, Ուսուցիչ Եւ Դաստիարակ Սամուէլ Պոյաճեանի Յիշատակին (Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Եթէ ճիշդ է այն համոզումը, որ մարդ  իսկապէս կը մեռնի, երբ  մարդիկ կը դադրին զինք յիշելէ, ապա կարելի է ըսել, որ Սամուէլ Պոյաճեանը չէ մեռած, որովհետեւ ոչ թէ մարդիկ զինք չեն մոռցած, այլ միշտ կը յիշեն զինք` որպէս սիրուած, վստահելի, ծառայասէր ուսուցիչ եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայր:

Արդէն մէկ տարիէ ի վեր եղբ. Սամուէլը մեկնած է այս աշխարհէն, սակայն զինք ճանչցող բարեկամները, ՀՄԸՄ-ականները եւ հարազատները կը շարունակեն զինք բարի յիշել տարբեր առիթներով, մանաւանդ որ քանի մը սերունդներու դաստիարակ եղած է:

Սամուէլ Պոյաճեանը միշտ եղաւ եղբայր Սամուէլ, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ՀՄԸՄ-ը մնաց  իր մեծ ընտանիքը:

Պատահական չէր. ինք ծնած ու մեծցած էր ազգասէր, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր ընտանիքի մը մէջ եւ, հետեւաբար, այդ յատկանիշները ժառանգած էր իր ծնողքէն` ապրելու եւ գործելու սկզբունքներ, որոնց հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքին  վերջը:

Ծնած էր 1935-ին, Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղը: 1939-ին իր հայրենակիցներուն հետ տեղափոխուած էր Այնճար, ուր յաճախած էր Ազգային Յառաջ վարժարան, որմէ ետք մեկնած էր Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան, ուր աչքի զարկած էր իր ուշիմութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:

Վենետիկի մէջ աւարտելով ուսումը` վերադարձած էր  Լիբանան եւ մուտք գործած էր ուսուցչական ասպարէզ` դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր: Նոյն ատեն սկսած էր հետեւիլ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն եւ աւարտած` փայլուն արդիւնքներով:

1964-ին  կազմած էր իր ընտանիքը` ամուսնանալով Մարօ Պոյաճեանին հետ եւ բախտաւորուած էր  երեք զաւակներով` Վիգէն, Հրայր եւ Վազգէն:

Սամուէլ Պոյաճեանը ամբողջ կեանք մը նուիրած է ուսուցչութեան` դասաւանդելով Սեն Ժոզեֆ համալսարանին եւ Մեսրոպեան, Սեն Կրեկուար եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ: Եղած է սիրուած ուսուցիչ ու դաստիարակ եւ աշխուժ ՀՄԸՄ-ական` յատկապէս գործելով Ժտէյտիի եւ Այնճարի մասնաճիւղերուն մէջ:

Չկայ ՀՄԸՄ-ական մը, որ չճանչնայ եղբ. Սամուէլը:

Ինք օրինակ եղաւ իսկական եւ պատասխանատու միութենականի եւ վայելեց բոլորին վստահութիւնն ու յարգանքը: Միշտ հաւատարիմ մնաց ՀՄԸՄ-ի  «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին:

Եղբայր Սամուէլը բացակայ է հիմա իր միութենական աշխատանքներէն, սակայն ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը  անոր յիշատակը միշտ կենդանի պահելու նպատակով իր մարզական համալիրին մէջ մինի ֆութպոլի նորակառոյց դաշտին վրայ կայանալիք առաջին մրցումը  որոշած է նուիրել  Սամուէլ Պոյաճեանի յիշատակին` արժանին մատուցելով արժանաւոր ՀՄԸՄ-ականին անոր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ:

Եղբա՛յր Սամուէլ, յարգանք քու յիշատակիդ:

Մուսա Լեռ-Այնճար 
11 յունիս, 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>