Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Հօրս՝ Գալուստ Պապեանի Յիշատակին. Ուրախ Հայրերու Օր Բոլոր Հայրերուն

$
0
0

ՍԱՐԻԿ ՊԱՊԵԱՆ

Հայրերու օրը կը մօտենայ: Յայտարարութիւններն ու գովազդները կը յիշեցնեն մեզի, որ մեր ընտանիքի թագաւորները` մեր հայրերը, արժանի են յատուկ գնահատանքի, շնորհակալութեան, երախտագիտութեան եւ աւելիին… Մայրերու օրը կը տօնենք ծաղիկներով, անուշահոտով եւ անհուն քաղցր խօսքերով: Սակայն, երբ կարգը կու գայ մեր այր հոգատարներուն, ակնկալութիւնները քիչ մը կը տարբերին:

Ըստ մեզ շրջապատող յայտարարութիւններուն, գովազդներուն, մեր հայրերը հետաքրքրուած չեն գունաւոր ծաղկեփունջով եւ կամ քաղցր խօսքով: Իրենց տօնը պէտք է շնորհաւորենք ինքնաշարժի մասերով, գործիքներով եւ… պաղ գարեջուրով:

Իմ աննման հայրս կորսնցնելէս ի վեր, ահաւասիկ երկրորդ հայրերու օրն է, որ կը դիմաւորեմ: Մկանային անգութ հիւանդութիւն մը խլեց զինք մեր ընթրիքի սեղանի գլխէն, եւ այսպիսի տօնական օրեր երբ մօտենան, անպայման իր մասին քիչ մը աւելի կը մտածեմ, եւ տեղը կը մնայ քիչ մը աւելի դատարկ: Սակայն իմ յուզումս կամ նոյնիսկ կարօտս արտայայտելու համար չէ, որ կը փորձեմ մտքիս մէջ բզզացող գաղափարները բիւրեղացնել. ընդհակառակը, հոս արտայայտած մտածումներուս նպատակը անձնականէն աւելի` ընդհանրական է: Թոյլ տուէք, որ բացատրեմ…

Անուրանալի է, որ մեր ընկերութիւնը փոփոխական վիճակի մէջ է, սերունդներու ընդունած սովորութիւնները խոշորացոյցի տակ կը քննուին, կը քննադատուին եւ մէկ կողմ կը դրուին, դէպի հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ իրաւացիութիւն կը վազենք, հազուագիւտ են այն տուները, ուր մայր ու հայր չեն աշխատիր. պապան ընթրիքը կը պատրաստէ, իսկ մաման տան նորոգութիւններով կը զբաղի: 2019 թուականին այլեւս խորթ կը թուին անցեալի խիստ եւ անարդար սեռային բաժանումները:

Եւ ահաւասիկ հայրս կը յիշեմ…

Անոնք, որոնք անձնապէս ճանչցած են իր փափուկ սիրտը, հետը կիսած` կտոր մը հաց եւ կամ իրմէ ստացած` երկտող մը, կարծեմ պիտի հաստատեն, որ մարդկութեան կաղապարը կերպով մը ձեւափոխուած էր, երբ առաջին անգամ ան աչքերը բացած եւ յայտնած` բոլորին իր «Բարի գալուստ»-ը, նախապէս ըսածս կ՛ուզեմ նորէն կրկնել, անձնական սէրս ու կարօտս չէ, որ կը մղէ զիս հրապարակաւ մտածումս բաժնելու, այլեւ մօտենալով Հայրերու օրուան տօնին` կ՛ուզեմ հօրս յիշատակին ընդմէջէն հայ հօր տիպարին մասին արտայայտուիլ:

Որեւէ խելահաս իգական պիտի ընդունի, որ իր հայրն է այն չափանիշը, որ կը մղէ հասկնալու առնականութեան, հայրութեան մասին. աշխարհի բոլոր հայրերը կը պաշտպանեն, կը գուրգուրան, կը սորվեցնեն եւ այլն… սակայն ՀԱՅ հայրերու պարտականութիւնները այս բոլորէն աստիճան մը աւելի են:

Հայրս ինծի սորվեցուցած է Հայ դատի կարեւորութիւնը` աշխարհի բոլոր անարդարութիւններու դէմ պայքարելու միջոցով: Քաջալերած է, որ գնահատեմ Կոստան Զարեանն ու Յակոբ Կարապենցը… ու տարեդարձիս` Atwood եւ Munroe նուիրած: Հախվերդեանը բաղդատած` Cohen-ին կամ Brel-ին հետ, իսկ իր կուռքը` Փարաճանովը, Fellini-ին:

Իր հայրը Եղեռնէն վերապրած եւ կեանքի ամէնէն դառն օրերը որպէս բնական ընդունած, հազուադէպօրէն գրկած եւ համբուրած է իր անդրանիկ որդին: Ահաւասիկ` ամբողջ սերունդի մը ճակատագիրը: Իմ հայրս թէեւ ինքն ալ չէր երթեւեկած մէկ վարդագոյն օրէն դէպի միւսը, սակայն անվերջ կը գրկէր եւ համբոյրներ կը բաժնէր մեզի:

Հայրս, իր առնական մօրուքով, «արջի թաթ»-ով, հաստ յօնքերով, թաւ ձայնով, մի՛շտ լաւատես, բարիին խնկարկող, դրական մօտեցումով անձնաւորութիւն մըն էր, որ կ՛ուրախանար անծանօթին իսկ յաջողութեամբ: Կը գնահատէր ամէն գեղեցիկ ծաղիկը եւ կը յուզուէր երկու քաղցր խօսքէ. բնաւ չեմ լսած իր շրթներէն նուաստացնող խօսք մը` ամէն տարակարծութեան ընթացքին, ամէն գաղափարի շուրջ նոյնիսկ վիճելէ ետք, կը զգայի իրմէ ցոլացող հպարտութեան լուսափայլը:

Ի՞նչ կը նշանակէ հայր ըլլալ, ՀԱ՛Յ ՀԱՅՐ ըլլալ` ներկայ խառն ի խուռն իրականութեան մէջ: Հայրերու օրուան առիթով, աննման հօրս յիշատակին, իրմէ ստացած մտածումներս կ՛ամփոփեմ հետեւեալ տասնաբանեայով.

– Զգայնութիւնը տկարութիւն չէ, զայն բաժնելը միայն քեզ կը զօրացնէ:

– Ուրիշին ճիգն ու յաջողութիւնը գնահատելը քեզ կ՛ազնուացնէ:

– Հայ մշակոյթը սիրել, անոր ծառայել` չի նշանակեր տարբեր մշակոյթներ թերագնահատել:

– Ծնողական դիրքը բնաւ անսխալական չէ:

– Դուստր թէ որդի… երկուքն ալ հաւասար իրաւունքներ ունին:

– Տարիները այնքա՜ն արագ կը սահին ու կ՛անցնին. կ՛արժէ ամէն մարդ հոտոտել եւ ամէն մայրամուտ գնահատել:

– Այո՛, ստիպուած ենք սփիւռքի մէջ ապրիլ, սակայն կրնանք մեր շրջապատն ալ սիրել:

– «Վա՜յ, այս մէկը դուն ինծի սորվեցուցիր»` լսելը զաւկիդ անհուն ուրախութիւն կը պատճառէ:

– Լաւ քանատացի ըլլալը լաւ հայ ըլլալ կը նշանակէ:

– Ծաղիկի մը գեղեցկութիւնը գնահատելը առնականութիւն է:

Բարի՛ Հայրերու օր բոլոր հայ հայրերուն:

Յունիս,  2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles