Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Յիշելով Կորիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յաճախ կը մոռնանք այն տղաքը, որոնք կանուխ բաժնուեցան մեզմէ, իսկ բանաստեղծութիւնը լեռնապարերու նման աշխարհ մըն է, զոր պէտք է տեսնենք իր ամբողջութեանը մէջ. հոն կան տարբեր բարձրութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով նպաստած են այդ գրականութեան կազմաւորման, եւ քանի մը գագաթներ, որոնք բոլորիս ուշադրութիւնը կը գրաւեն ու կ՛առանձնանան, սակայն կը մնան ծնունդը մեր գրական ժառանգութեան, տարբեր մշակոյթներու եւ հաւաքական ճիգին:

Կորիւն Շահինեան իր կեանքի կարճ շրջանին երկու հատորներ հրատարակած է միայն` Լողարշաւ (1) եւ Գաղթակայաններ (2), ասոնցմէ զատ` կարգ մը առանձին բանաստեղծութիւններ կը գտնենք Բագին ամսագրի մէջ (թերեւս ալ գոյութիւն ունին մամուլի մէջ` այլուր). եթէ անտիպ ձեռագիրներ կը մնան իրմէ, անծանօթ են մեզի: Գործերու խորագիրները բազմիմաստ են եւ երբեմն նոյնիսկ թիւրիմացութիւն կը ստեղծեն ընթերցողին մօտ, որովհետեւ Կորիւնին գործը իր ամբողջութեան մէջ անկեղծ ու դաժան  պայքար մըն է իր ներքին հատումին դէմ, մահէն խուսափելու եւ կեանքին հասնելու լողարշաւ մըն է, նոյնիսկ ինքն իր մարմնի մութ գաղթակայանէն ազատագրուելու ճիգ մը կը ներկայացնէ: Գործը, անձնական փորձառութենէն անկախ, ունի երկրորդ մակարդակ մը, որ անձնական հարցերը կը կապէ հաւաքականին, որ երբեմն արդար է, եւ երբեմն ալ թերեւս ծածկելու ձեւ մըն է առաջինին ծանրութիւնը, եւ այսպէս, եսն ու մենքը յաճախ կը զատորոշուին իրարմէ եւ երբեմն ալ կը միաձուլուին իրարու` դիտումնաւոր կերպով շփոթ ստեղծելով կամ այս երկուքին սահմանները ջնջելով…

Լողարշաւի առաջին գլուխը «Յապաղածը» կը կոչուի եւ բիրտ, անկեղծ խոստովանութեամբ մը իր ներքին տագնապը կը ճշդէ. «Ինչո՞ւ այսպէս ուշացումով մենք կ՛ապրինք, / կեանքի երկար քղանցքներուն կառչած կը մնանք… / – Ո՛ւր անաւարտ դուն կը ծնիս, եւ ինչո՞ւ / կեանքին քեզմէ սերմ արձակել կը միտիս, / երբ անաճ սերմ ես դուն դեռ …  /- Կը յիշե՞ս օր մը, զոր լման ապրեցար, / առանց երբեք բզկտուելու / անցեալի եւ ապագայի կանչերէն…  Կէ՞ս կը ծնինք:  / Շնչատ-շնչատ / մենք կ՛ըլլանք ու չենք ըլլար (Լ, էջ 7):

Լինելութեան այս շարունակական տագնապին մէջ պիտի տուայտի Կորիւնին քնարական հերոսը: Ծնունդին մէջ աճելու անատակ սխալ բա՞ն մը կայ, որովհետեւ անաճ սերմ է տակաւին, ուրեմն սերմէն նոր ծնունդ ստեղծելու կարող չէ, եւ կը հարցնէ` կէ՞ս կը ծնինք: Հարցումին բնոյթին մէջ այլ երանգ մը կը մտնէ, որովհետեւ հարցումը յոգնակիով կը հարցուի եւ բնականաբար հաւաքականութեան մը կը յղուի նաեւ, այսինքն անձնականէն անդին, հաւաքական ամլութեան մը կ՛ակնարկէ :«Գաղթակայան»-ը վերոգրեալ տողերու արարումէն տասնամեակ մը ետք ասոր վկայութիւնը կու տայ: Գաղթականութեան վրանները լարելէ ետք փաստօրէն իսկական արմատ չենք նետած այդ անծանօթ հողերուն մէջ եւ` «Ծակտիկները մեզմէ ոմանց մորթերուն / չոր քրտինքով խցուեցան / եւ մենք այսպէս / վերածուեցանք թաղարներու ամլարգանդ, / ուր ծաղիկներ ու բոյսեր / թարմ օդի ու ոռոգումի սպասումով կը գունատին» (Գ, էջ 5): Աւելի՛ն. ան այս հաւաքական կացութիւնը կը կապէ աղէտին` արձանագրելով, որ գաղթակայաններու մէջ լքեցինք ամէն բան` «բացի մեր ներսը ցցուած սապատներէն ուռճացող, / ուր կը ճչայ պատմութիւն մը, / զոր տակաւին չենք հասկնար…» (Գ, էջ 7), այս պատճառվ ալ իր ընկալուչները բութ են ու թերաճ, եւ ինք տակաւին իսկապէս չէ ծնած, այլ մօրը արգանդին մէջ դեռ կը սպասէ աւելի լաւ օրերու: Ասկէ անդին` գաղթը կը դառնայ կենցաղ, ապրելակերպ, շարունակական շարժում, որովհետեւ, իր ըսելով, այսպէս իր մէջը աստուածներ կը կրէ, աստուածներ կը սպաննէ, եւ նոր աստուածներ կը ստեղծէ (Գ, էջ 9): Շահեկան է նշել, որ մինչ Լողարշաւը առաւելաբար անհատական տառապանքին վրայ կը կեդրոնանար, Գաղթակայանները, քանի մը տարի ետք, աղէտին ընդհանրական, հաւաքական փորձառութեան երեսը կը պեղէ նաեւ:

Իր անձնական տագնապներէն մեկնած` ներքին ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ իր աչքերուն եւ եղունգներուն «ննջասենեակն երթալու» (Լ, էջ 10), սակայն «կիրքով եւ արեան հուներով» խորհուրդներու ջրհորին մէջ իջնելու եւ ծովանալու ճիգին մէջ ինքզինք կը գտնէ անապատի մը մէջ: Հոս, առաջին հերթին, ուշագրաւը խորհուրդներու ջրհորի ու ծովի պատկերին հակադրումն է անապատի պատկերին…

Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ, որ եղունգներ չունի մատներուն եւ ինքնիրեն հարց կու տայ. «Այս հաշմանդամ կաղ խոփովս/ ինչպէ՞ս հերկեմ անապատն այս անեզրական» (Լ, էջ 11): Հետեւաբար, որքան ալ անցեալի հարցերով կամ ապագայի մտահոգութիւններով տուայտի, շուրջը անապատ տեսնէ, եւ որքան ալ հաւաքական մտահոգութիւններ ապրի, իր հիմնական հարցը, որ կը բզկտէ զինք, կը մնայ անձնական: Իսկ այս անկարելիութեան գիտակցութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Ունեցածը հաշմանդամ, կաղ խոփ մըն է, ինչպէս ինք կը խոստովանի, որուն հետ պէտք է հերկէ ամբողջ կեանք մը, առաւել` քանի անաւարտ ծնած է, այսինքն հարցը իր ծնունդին, կազմաւորման հետ աղերս ունի, հարցումի ձեւով դարձեալ կը շեշտէ. «Բանալ կրնա՞ս, կրնա՞ս բանալ /  քակուած ցրիւ կառոյցիդ ամէն բջիջը /   մահուան» (Լ, էջ 13), եւ ասոր համար ալ դէպի իր սկիզբը պիտի երթայ, եւ որքան ալ հակասական թուի` միաժամանակ դէպի իր վախճանը, որովհետեւ իր ներկայ կացութեան մէջ ինք միայն սնունդ կու տայ մահուան` գտնելու համար «սկիզբը մահազանց» (Լ, էջ 13): Անշուշտ անկարելի ցանկութիւն մըն է այս մէկը. ինք արդէն ծնունդ մըն է` ի սկզբանէ դատապարտուած այս ողբերգական կացութեան:

Գաղթակայաններուն մէջ, շրջապատին ակնարկելով, Էլիոթի Չորս քառորդները յիշեցնող յղումներ կ՛ըլլան այս ամուլ աշխարհը սահմանելու համար. «Այս է երկիրը արագ ծերացումի/ Այս է երկիրը անդուլ զառանցանքի», աւելցնելով` «Հոս ամէն մարդ կ՛արձանագրէ /  պատմութիւն մը, զոր չ՛ըմբռներ» (Գ, էջ 28): Հոն իր կեանքը խխունջի գալարում է, կ՛անդրադառնայ, որ կալանքի տակ ստրուկ մըն է, որ ինքզինք իսկ չէ ճանչցած, եւ այս աշխարհը կը կոչէ կայսրութիւնը մեռեալներու:

Սակայն ներքին ուղեւորութիւնը, որ մութին ու քաոսին մէջ կատարուած ճամբորդութիւն մըն է, կը շարունակուի, իսկ այս խաւարը հակասական ապրումներ կը ծնի իր մէջ. ան  կարծես հաշտուած է այդ տուայտանքին ու տառապանքին հետ եւ երբեմն նոյնիսկ հաճոյք կ՛առնէ ատկէ … Մէկ կողմէ կ՛ընդունի, որ այդ մութին մէջ կիսախանձ փետուրներով մորթուող թռչուն է, խակ պտուղ ենք, լխկած մորթով, անարմատ, միւս կողմէ` պիտի ըսէ, որ` «Մութը բեղուն է` բեղուն արգանդ հասուն-տարածուն» (Լ, էջ 14), աւելցնելով. «Մութ, կը կորսուիմ ջուրերուդ / հոսանքին մէջ… / կը փղձկիմ հեշտանքով` լայնշի ափիդ ճմլումին տակ» (Լ, էջ 14):  Հեշտանքը մարմնական հաճոյքն է նաեւ եւ յաճախ զայն կը գտնենք թոքախտէ` ֆիզիքական ցաւէ տառապող մեր հանճարեղ քնարերգակին` Միսաք Մեծարենցի մօտ, որ իր ցաւին մէջ իսկ տաք գիշերը անուշ ու հեշտագին կը գտնէր: Հոս մութը եւ մութին հետ յարաբերութիւնը խորունկ կերպով կը ներկայացուի. «Մութը կու գայ մեր բառերէն, մեր կաւերուն ստացական / կառոյցէն, փտած, մգլոտ կապերէն ու խզուած խռպոտ լարերէն: / Մութը կու գայ մեր արգանդէն, երակներէն մեր` մեզմէ դուրս   /  արմատ կապած» (Լ, էջ 17): Եւ հարցումը դարձեալ կը կրկնուի. «Ինչպէս ապրիլ համայնակուլ այս վէրքին մէջ / վէրք չըլլալ /  ճեղքել խաւը մակերեսի շարաւին ու պղտոր արեան» (Լ, էջ 18):

Բայց բանաստեղծը իր գաղթ-տարագրութիւնը պէտք է արձանագրէ միանգամայն` ամբողջական անկեղծութեամբ, այս մէկը կը նմանցնէ տարագրութեան բրգային , գոց պատերուն ներսէն գրելուն. «Բերնիս ներքին պատերն ամբողջ / ծեփուած էին / բառերու / լերդացած եղեամներով / պէտք է բերանս ցօղուել / մորթուած լոյսի թանձրակայլակ / արիւնով/խաւար ծամել  / խաւարքերթել / ամէն բառ դանակ մըն է/որուն կոթը ոսկորէ / պէտք է կոտրել / սեփական լեզուով/բառերուն շեղբը բռնել / շօշափել / շոյել /   ու սրել / սրել» (Գ, էջ 11): Թանձրացեալ, ֆիզիքական պատկերներու ներկայութիւնը աւելի եւս կը շեշտէ գործողութեան բիրտ ու դժուար նկարագիրը, իսկ խաւարը կը քերթուի բառերու դանակով, ինչ որ զայն քերթուածի վերածելու ձեւն է, եւ այդ սուր, դանակ բառերուն կոթը կտրուած է սեփական լեզուով, որոնց շեղբը, ինչպէս կ՛ըսէ, պէտք է շօշափել, շոյել ու սրել: Այսպէս, ան կ՛ըլլայ արձագանգը` «Ներքին մութիս անարմատ… / արդ կը գրեմ/  ծննդոցը զանգուածեղ գիշերի / ուր սպառումն աշխարհին / կ՛ըլլայ քերթուածը նախնական ու վերջին / որ կը ծնի  կը մեռնի /յաճախանքէն քաոսին (Գ, էջ 14-15):

Արդ, իր քնարական հերոսը աքսորեալ մը կը զգայ կեանքէն, կեանքի իսկական հոսանքէն կտրուած, ոչ մէկ իրաւ ծնունդ,  եւ կրակը մարմնին մէջ մոխրակոյտեր կը ստեղծէ. «Որովհետեւ աքսորի փշալարեր կան ամէն դի» (Լ, էջ 24): Բնականաբար անհատին եւ հաւաքականութեան այս երկդիմի` գոհ-դժգոհ յարաբերութիւնը, անձնական ողբերգութեան կողքին, կը շարունակուի, ինչպէս եւ միւս հակասական պատկերը` մութին ու անապատին մէջ թափառող ենթակային, որ կ՛ուզէ իր թովիչ խռովքներուն մէջ հեշտանքով ծով հասնիլ, անցնիլ կեանքի հոսանքին:

Այս իրականութեան մէջ այլ աշխարհի մը ցանկութիւնը կը ծնի, զոր կը կոչէ «Անդրաշխարհի կարօտախտը»: Անդրաշխարհը կարելի է ենթադրել, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ, իսկ կարօտախտ բառը կարօտ գոյականին կրնայ ժխտական երանգ մը տալ, սակայն հոն ապրուած, սուր ցաւն ու տառապանքը չկայ, այլ` «Մատները մեր չեն դողար / կծու, տափակ բոյրերէն, / չեն փշրուիր չոր խոտի պէս, / չդալարած…  /Սէրը այլեւս թեւաւոր չէ անբռնելի» (Լ, էջ 19), «Հոս սոսինձը ձանձրոյթի/չի կպչիր մեր ջիղերուն» եւ վերջապէս Էլիոթը յիշեցնող տողով մը. «Ներկայ, անցեալ ու գալիք այստեղ իրար կ՛արգասեն» (Լ, էջ 20): Հոն ազատութիւնը ցանկութիւն չէ միայն եւ չի մնար դէմք մը կիսանուն: Նման ցանկութենէ մը ետք զարմանալի չէ, որ շալկած իր աքսորավայրը, զայն տանի` «Դէպի սահմանը վերջին աքսորներու անհունին» (էջ 25), ինչ որ կը նշանակէ` մահուան, որ միակ ազատագրումի ձեւը կը դառնայ այս անհանդուրժելի կենսաձեւէն դուրս գալու:

Լողարշաւի երկրորդ բաժնին մէջ «Այսպէս խօսեցաւ Վահագնը» բնականաբար պէտք չէ սպասել, որ պատերազմի, պայքարի աստծոյն` Վահագնի եւ սիրոյ աստուածուհիին` Աստղիկի յարաբերութիւնը աւանդական ձեւով ներկայանայ: Ամէն պարագայի, հոս տրուածը բազմերես կամ բազմաձեւ կապ մըն է: Շրջապատի մասին դրական չէ քնարական հերոսին  կարծիքը, որովհետեւ Վահագնը կ՛ըսէ. «Մարդիկ զիս շարաւ կապած մորթերն իրենց զրահելու գործածեցին» (Լ, էջ 38). թարախ կապած մորթով մարդոց ընկերութիւն մը առողջ պատկեր մը չի ներկայացներ, առաւել` այրերու ընկերութիւն մըն է, ուր առնականութիւնը կամ քաջութիւնը արտաքին, ձեւական բնոյթ ունի միայն: Իսկ վերոյիշեալ, հաւաքական վիճակին ներքեւ անձնական ցաւը կրկին գլուխ կը ցցէ. «Ու քեզ գտած ըլլալու մաքուր խնծիղը աճող, քեզի դպչած չըլլալու տառապանքը ցօղ խնդրող իրենց մէջ զիս կիսեցին, կիսեցին / բզկտեցին ծուէն-ծուէն /   էութիւնն իմ, ինչպէս երկու իրարու դէմ ոխերմապահ գոյներ կրող դրօշ անզէն» (Լ, էջ 38): Չենք գիտեր, որ այս յարաբերութեան չծաղկելուն պատճառը հանդիպման առիթին բացակայութի՞ւնն է, թէ՞ յարաբերութեան անկարելիութիւնը, քանի աւելի քան մէկ անգամ խօսուած է  անոր «հաշմանդամ խոփ»-ին մասին: Սակայն այլուր կայ նաեւ սիրոյ մարմնական կապի մը նկարագրութիւնը, ուր պիտի ըսէ. «Ու ես մտայ քո՞ւ մարմնիդ, թէ իմ մարմնիս հորերուն մէջ կաթնաթոյր …», անմիջապէս աւելցնելու համար. «անձրեւ եկաւ շաղալէն, / անթիւ վէրքերս լուալէն» (Լ, էջ 40): Իսկ այս զուարթ պահուն անմիջապէս կը յաջորդէ այլ բանաստեղծութիւն մը, ուր մարդու եւ կնոջ յարաբերութիւնը աւելի մութ գոյներով կը ներկայացուի. «Սիրահարուա՞ծ ենք երբեւէ – բաժնուած  /   կորստական ու մահահոտ անդունդներով …  / սէ՞ր կ՛ապրինք մենք, թէ սիրոյ շուք կը լիզենք:  / … Զիրար պուտ-պուտ կը համտեսենք, իրարու շունչ կը կտցենք,  /   այսպէս զիրար բջիջ-բջիջ կը սպաննենք …» (Լ, էջ 42): Հաւանաբար սիրոյ եւ ֆիզիքական կենակցութեան գծով այսքան հակասութեան կը հանդիպինք, որովհետեւ մարմինը, մարմնի կացութիւնը կարեւոր է երիտասարդ բանաստեղծին համար. «Այս է մարմինն իմ` առաջին ու վերջին  /  կայսրութիւնը տիեզերքի,  /  աշխարհակալ միակ լեզուն,  / զոր ցաւի ու հաճոյքի   /  բեւեռներուն մէջ երկուորեակ  /  մարդն առանձին կը սերտէ» (Գ. 41):

Եզրակացնելու համար` տեսանք, որ բանաստեղծը որքան անկեղծութեամբ կոթը կտրած դանակներու պէս կ՛ընտրէր իր բառերը եւ ինչպէս կ՛անդրադառնայ` այլեւս վախճաններու երգիչ կը դառնայ, կը գիտակցի, որ մահուան հետ շարունակական յարաբերութեան մէջ է, որուն հետ կը կենակցի, կը կողակցի,  որովհետեւ մարմնի քայքայումին հետ նաեւ հոգեպէս կը քայքայուի եւ կ՛ուզէ` «Գրել վերջին երգը քայքայումի, /  որ քայքայումը քայքայէր» (Գ, էջ 21): Այսպէս, գիրը կը դառնայ միակ ստեղծագործ, դրական տարրը, որ մարմնական քայքայումին դէմ կը պայքարի եւ կ՛արարէ քերթուածը:

————————-

Շահինեան, Կորիւն. Լողարշաւ, Պէյրութ, 1978. հրատարակութիւն Բագին ամսագրի: Մէջբերումներուն մէջ պիտի յիշուի իբրեւ Լ:

Շահինեան, Կորիւն. Գաղթակայաններ, Պէյրութ, 1987: Մէջբերումներուն մէջ պիտի յիշուի իբրեւ Գ: Հետաքրքրական է այն պարագան, որ հատորին մէջ լոյս տեսած կարգ մը բանաստեղծութիւններ Բագին ամսագրի մէջ նախապէս լոյս տեսած են այլ խորագրով եւ տարբեր շարքով:

Վիճակ սիրոյ

Երեք բաներ չեն վերջանար.-
Դուն եւ սէրը եւ մահը:
Մահմուտ Տարուիշ

Դուն այնքան հեռու եւ այնքան մօտ ես,
որքան կ՛երկարի կամուրջը անտես
իմ եւ իմ միջեւ:

Իմ եւ իմ միջեւ   պառակտումներու
արնահոսումն ես ներքին
կանաչող.
զիս սպաննելով
ամէն օր ու ժամ
կը ստիպես ատել
այս լուռ ու դանդաղ ընթացքը մահուան:

Դուն այնքան հեռու եւ այնքան մօտ ես,
որքան կ՛երկարի կամուրջը անտես
իմ եւ իմ միջեւ:

Աւազուտքէն դուն կը սկսիս,
բայց ալիքի հեշտանք ունիս – կը բաշխես
ու կը շաչես – կը բարբառիս ընդդէմ ծովուն,
բայց չես կրնար չսիրել զայն,
որովհետեւ արմատներդ խռովահար ընկլուզուած են
անոր զմրուխտ ընդերքներուն
եւ մանաւանդ
ոստրէներու մորթին ներքեւ լպրծուն:

Աւազուտքէն կը սկսիս –
աւազուտքը կը ջնջես,
կ՛ազատագրես զիս բոլոր
կօշիկներէս կարօտի ու մտերմութեան
ու կը նետես երախին
հորիզոնի մը ամբողջ
բայց
անօթի:

Կը լարես զիս
ոզնիի փշախուրձի մը նման
ու կ՛արձակես պռունկին կախաղանի մը, որուն
վերեւը թաց արեւն անձրեւ կը մաղէ:
Ու ես քեզ սէր կը կոչեմ,
որովհետեւ ամէն վայրկեան զիս կը սպաննես
ու կ՛արգիլես որ մեռնիմ
եւ մահուան չափ իմ մէջս դուն ներկայ ես
ու զայն յաճախ մոռացումի կը մատնես:

Մոռացումի այդ պահերուն դուն ո՛չ հեռու, ո՛չ մօտ ես,
որովհետեւ մոռացումի գետին վրայ կամարուող
միակ կամուրջն ես զիս ինծի ընծայող:

ԿՈՐԻՒՆ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>