Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեծամիտները Եւ Միւսները

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ, լիբանանեան, միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ, մեծամիտներու շատ կը հանդիպինք:

Անոնք իրենց բարքով ու վարքով կ՛ուզեն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իրենց վրայ, կամ շատ անգամ համեստութիւն կը խաղան, սակայն խորքին մէջ մեծ փառասէրներ են, որոնք համեստութիւն «խաղալով»` իրենց բարդոյթները կը ծածկեն:

Խորքին մէջ մեծամիտները ինքնասիրահարած են, եւ այդ ինքնասիրահարութիւնը մեծ աւերներ կը գործէ:

Մեծամիտը աւեր կը գործէ քանի մը մակարդակներու վրայ: Ներկան հարուածելու, գալիքը նսեմացնելու եւ, մանաւանդ, ամէն բան լճացած պահելու իմաստով:

Մեծամիտները լաւը չտեսնելու մնայուն ճիգի մէջ են: Իրենց չըրածը գովելու եւ չըրածին համոզուելու թափ մը ունին:

Կարեւորը մեծամիտին համար ամէն բան լաւ տեսնելու եւ ինքզինք համոզելու առեղծուածն է:

Ի՞նչ է որ, ո՞վ են որ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ամէն բան լաւ է, մի՛ մտահոգուիր, հարց չկայ, այսպէս ալ կ՛ըլլայ…

Մեծամիտները իրենց թափով ու թռիչքով յաճախ ելոյթներ կ՛ունենան, ուրիշին դաս տալու համարձակութիւնը կամ իրաւասութիւնը կ՛ունենան:

Սորվեցնելու, քննադատելու, ուրիշինը նսեմացնելու եւ դիտողութիւններ արձանագրելու իրաւունքը կու տան իրենք իրենց:

Մինչդեռ իրենց կեանքին մէջ ընտանիք մը չեն կրնար ղեկավարել, աւելի՛ն, անձնական նախաձեռնութիւն մը չեն կրնար յաջողցնել, ստանձնած պաշտօնով իրենց տեսիլքը կամ դրոշմը չեն կրնար ձգել, բայց մեծամիտ են եւ միշտ դաս տալու պատրաստ են:

Մեծամիտները հիւանդագին լուրջ պարագաներ են: Երկար ժամանակի վրայ անոնց ներկայութիւնը ինքնին ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ:

Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, բայց վստահ եմ, որ մեծամիտները սերունդներ փճացնելու, թռիչք կասեցնելու, տեսիլք մարելու եւ աւանդութիւններ չպահելու մէջ մեծ «առաքելութիւն» ունին:

Միջազգային, լիբանանեան եւ ազգային իմաստով եթէ արագ ակնարկ մը նետէք, բաւական մեծ թիւով մեծամիտներու կը հանդիպինք:

Կարեւորը տեսնելն է:

Կարեւորը ծանօթանալն է:

Մեծամիտները կը յարատեւեն իրենց մրցակիցներով:

Ո՞վ են միւսները:

Միւսները անոնք են, որոնք մեծամիտներուն էութիւնը գիտեն: Ծանօթ են:

Այն վայրկեանին, երբ մեծամիտին դէմքի դիմակը վար առնես, արդէն դուն միւսներէն ես: Մեծամիտները եւ միւսները մնայուն մրցակցութեան մէջ են: Միւսներուն ստեղծած հարթակով մեծամիտները կը սնանին: Միւսներուն ներկայութեամբ մեծամիտները կ՛ապրին:

Դժբախտաբար այս է իրականութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles