Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Նուիրեալ «Խենթ»-ին Պատուիրանները (Գ. Ինճեճիկեանի Յիշատակին)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ծաղկազարդի կիրակի առաւօտուն, ճիշդ այն պահուն, երբ կը պատրաստուէինք եկեղեցի երթալու, տխուր հեռաձայն մը ստացայ:

«Պրն. Ինճեճիկեանը երկինք բարձրացաւ»:

Տիկին Ռոզ Ինճեճիկեանն էր գոյժը հաղորդողը:

Գիտէի` անհանգիստ էր: Անսպասելի չըլլալով հանդերձ, անակնկալ էր լուրը:

Այդ թուականէն ճի՛շդ շաբաթ մը առաջ կրկին այցելած էի: Անկողնին մէջ կիսախուփ աչքերը յառած էր հեռատեսիլին: «Ասպարէզ» օրաթերթէն օրինակ մը տարած էի հետս, որուն մէջ լոյս տեսած էր «Դպրոցի մը պատմութիւնը» գրութիւնս: Դրի սնարին մօտ: Տեղեակ չեմ` եթէ կարողացա՞ւ կարդալ, թէ՞ ոչ: Շատ հաւանաբար չկրցաւ, սակայն իմացաւ, որ իր հիմնած դպրոցին մասին լայնօրէն անդրադարձաւ հայ մամուլը:

«Դպրոցին մարզադաշտը ձեր անունով պիտի կոչուի», ըսի ցած ձայնով:

Կիսախուփ աչքերը բացաւ: Ժպտեցաւ ու դարձեալ փակեց աչքերը:

«Խօսէ հետը», քաջալերեց տիկին Ինճեճիկեանը:

Յուզուած էի: Երկար չէի կրնար մնալ:

«Կրկին կ՛այցելեմ» ըսի ու մեկնեցայ:

Շաբաթ մը ետք, դարձեալ այցելեցի, սակայն պրն. Ինճեճիկեանը  չգտայ հոն: Մեծանուն հայը «երկինք բարձրացած էր» եւ երկնային արքայութենէն կը դիտէր իր մահուան համար ցաւակցողները, որոնք այնքան շատ էին:

Կրկին այցելելու խոստումս յարգեցի, սակայն պրն. Ինճեճիկեանը չէր կրցած համբերել:

Մեկնած էր` նախքան մարզադաշտին կառուցուիլը եւ ներկայ գտնուիլը անոր պաշտօնական բացման:

Համբերել չէր գիտեր: Քալել ալ չէր գիտեր: Կը վազէր:

Իր ծննդավայր Քեսապէն Կիպրոս, ապա` Պէյրութ, Ամերիկա, դարձեալ Պէյրութ ու դարձեալ Ամերիկա, մինչեւ որ երկար տարիներու վազվզուքէ ետք կրցաւ իրականացնել իր երազը: Հիմնեց Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ վարժարանը, որ բարերարին անունով կոչուեցաւ Ֆերահեան ազգային վարժարան:

Նոյնքան զոհուած անձ մըն է տիկ. Ռոզ Ինճեճիկեանը: Արաբերէն լեզուին բոլորովին անծանօթ` անտեսեց իր ծննդավայրի հանգիստ կեանքը, յօժարեցաւ ընկերակցիլ իր կողակիցին եւ հաստատուիլ Պէյրութ: Կը հաւատար, որ լիբանանահայութեան բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլար իրականացնել շատերու համար անկարելի կարծուած այդ ծրագիրը, որ իրականութեան մէջ տեսիլք մըն էր:

Մահուան տխուր առիթով է, որ ծանօթացայ իր զաւակներուն` Աւոյին, Արային եւ Արփիին, որոնք երեքն ալ Լիբանան ծնած են:

«Քանի մը ամսուան ծնած երեխայ էի, երբ ընտանիքով վերադարձած ենք Ամերիկա,-: – Արփին է պատմողը: – Որքան կը յիշեմ, մեր տան մէջ տարբեր նիւթ չկար` հայկական դպրոց: Հայրս յաճախ քանի մը օրով կամ շաբաթով կը բացակայէր տունէն: Քաղաքէ քաղաք, մինչեւ իսկ տարբեր նահանգներ կը ճամբորդէր: Խելահաս ըլլալէս ետք միայն հասկցայ այդ ճամբորդութիւններուն նպատակը: Ազգային, կրօնական եւ կուսակցական ղեկավարներու հետ կը տեսնուէր: Անոնց օժանդակութեան կարիքը ունէր: Մայրս բնաւ չէր գանգատեր: Ինքն ալ` իր կարգին, կը ջանար օգտակար հանդիսանալ մեր աննման հօրը:

«Հեռաձայնի ցանկէն հայկական անուններ  կը փնտռէինք: Նամակներ կը պատրաստէինք, որպէսզի չափահաս զաւակներ ունեցողները հայկական դպրոց ուղարկեն: Հայրս անձամբ կ՛այցելէր անոնց տուները: Կը համոզէր, որ իրենց զաւակները հայ շրջապատի մէջ հայ մեծնան: Մեծ էր մերժողներուն թիւը: Ձեւով մը հաշտուած էին ձուլումի վտանգին հետ եւ չէին ուզեր գետի հոսանքին հակառակ թիավարել: Չէին հաւատար, որ այդ հոսանքը զիրենք պիտի տանի դէպի հսկայ ովկիանոսը, ուր տարբեր ազգերու նման` պիտի ձուլուին եւ «ամերիկածին» կամ «ամերիկահայ»-ի փոխարէն` պիտի դառնան ամերիկացիներ»:

* * *

Կարելի՞ է երեւակայել անձ մը, որ 3 անչափահաս զաւակներ ունի, հրաժարի իր գործէն եւ նետուի անորոշութեան գիրկը` հետապնդելու հայկական ամէնօրեայ վարժարանի իր երազը:

«Դուն ուսուցչութիւն պիտի ընես, իսկ ես` հայկական դպրոց պիտի բանամ եւ… պիտի աշխատիմ անվճար», ըսած էր տիկին Ինճեճիկեանին, եւ վերջինս սիրայօժար ընդունած էր այդ առաջարկը:

Անհաւատալի, բայց… իրա՛ւ: Կը կասկածիմ, թէ ոեւէ մէկը, պիտի կարենար ընդունիլ այդքա՜ն զոհողութիւն:

Օտարներու մօտ վստահաբար հեքիաթի մը տպաւորութիւնը պիտի ձգէր: Թերահաւատութեամբ պիտի լսէին` չափազանցութիւն համարելով, պարզապէս պիտի ըսէին` «անկարելի է»:

Պրն. Ինճեճիկեանի այդ «անկարելին» դարձաւ իրականութիւն` շնորհիւ իր աննկուն կամքին:

Ի զուր չէ ըսուած` «Հազար խելացիին չկարողացածը, խենթ մը միայն կրնայ իրականացնել»: Այո՛, Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը այդ «խենթն» էր:

Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, միեւնոյն օրը մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ դպրոցի առաջին ուսուցչական կազմի նուիրեալ ուսուցչուհիներէն տիկ. Անահիտ Մէյմարեանը, որուն միայն մէկ անգամ հանդիպելու առիթը ունեցայ իր տան մէջ, երբ Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճեճիկեանները, յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղելու նպատակով, յանձնարարեցին իր անունը:

Պարտք կը զգամ յիշեցնելու, որ տիկ. Մէյմարեանէն ստացած լայն տեղեկութիւններս մեծապէս օգտակարութիւն հանդիսացան «Դպրոցի մը պատմութիւնը» գրութեանս: Անակնկալ կերպով անհանգստանալուն եւ կարճ ժամանակ ետք մահանալուն պատճառով նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու կարելիութիւնը չունեցայ, որուն համար այնքա՜ն կը ցաւիմ:

Տիկին Մէյմարեանը նոյնպէս մեծ ներդրում ունեցած էր նորակազմ Ֆերահեան վարժարանի սկզբնական դժուար տարիներուն, ապա երկար տարիներ, հայոց լեզու դասաւանդելու կողքին, աշակերտներուն սորվեցուցած էր հպարտանալ հայութեամբ:

Բախտագուշակի մը դիմելու կարիք չկայ կռահելու համար, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ Ինճեճիկեան առած չըլլար այս խիզախ քայլը, որ շատեր «խենթութիւն» կ՛անուանեն:

Պատասխանը յստակ է: Ընտանիքով պիտի վայելէր բարեկեցիկ կեանք մը, մինչ Մատթէոս Ֆերահեանի կտակը, ժառանգորդներու չգոյութեան պատճառով, որոշ ժամանակ ետք պիտի յանձնուէր ամերիկեան կառավարութեան: Ո՛չ հայկական դպրոց պիտի ունենայինք, ո՛չ ալ լսած պիտի ըլլայինք Ֆերահեան եւ Ինճեճիկեան անունները:

* * *

Ամբողջ շաբթուան մը պայծառ արեւոտ օրերուն յաջորդեց ամպոտ շաբաթ օր մը: 27 ապրիլ 2019: Լոսանճելըսահայերու նման` տխուր է եղանակը:

Հաւաքուած ենք Ֆերահեան վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի` յարգանքի մեր վերջին տուրքը մատուցելու աննման հայորդի Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին:

Ֆերահեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները, իրենց դպրոցական տարազները հագած, ներկայ են` հրաժեշտ տալու իրենց դպրոցի հիմնադիր, առաջին տնօրէնին:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի անշունչ մարմինը կը հանգչի փակ կափարիչով դագաղի մը մէջ, որուն վրայ տեղադրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշակը:

Դպրոցի տնօրէն տիկ. Շամլեան կիսատ ձգած է 8-րդ դասարանի աշակերտներով Ուաշինկթըն իր այցելութիւնը եւ վերադարձած է Լոս Անճելըս, ներկայ գտնուելու իր պաշտօնավարած դպրոցի հիմնադիր տնօրէնին յուղարկաւորութեան:

Ազգային յուղարկաւորութեան կը նախագահէ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Ներկայ են Լոս Անճելըսի Հայ եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր բարձրաստիճան կղերականներն ու քահանայ հայրերը, իսկ Էջմիածնական թեմէն` Վաչէ արք. Յովսէփեանը, ինչպէս նաեւ` Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչը:

Մինչ «Ի Վերին Երուսաղէմ»-ով կը կատարուի թաղման կարգը, երեւակայութեամբ  կը վերադառնամ Ինճեճիկեաններուն բնակարանը: Կողք կողքի նստած ենք: Իւրայատուկ ժպիտը դէմքին` կը պատմէ իր ոդիսականը: Մոռցուած մանրամասնութիւններուն համար օգնութեան կը հասնի տիկին Ռոզ Ինճեճիկեանը, որ շատ աւելի բան կը յիշէ, քան` իր ամուսինը: Ինք եւս մասնակից դարձած է այդ արկածախնդրութիւններուն:

Քանի մը շաբաթ ետք դարձեալ կ՛այցելեմ: Պրն. Ինճեճիկեանի առողջական վիճակը սկսած է վատթարանալ: Աչքերը խուփ` անկողնին մէջ է անխօս:

«Դպրոցին մարզադաշտը ձեր անունով պիտի կոչուի», մտովի կը կրկնեմ, ինչպէս յայտնած էի իրեն այցելած ժամանակս, սակայն այս անգամ, աչքերը բանալով, չի ժպտիր: Նոր կ՛անդրադառնամ, որ բազմահարիւր մարդոց նման` ես եւս եկած եմ վերջին յարգանքս մատուցելու մեծ նուիրեալին:

Գուժը հասած է նաեւ Լիբանան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարելիութիւնը չունի անձամբ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեծ հայուն: Ովկիանոսներ կան մեր միջեւ, սակայն իր հայրական պատգամը կ՛ուղղղէ այնքա՜ն տպաւորիչ խօսքերով, որ կը կարդայ Անթիլիասի միաբաններէն Միւռոն ծ. վրդ Ազնիկեանը:

Գերեզմանատունն ենք: Կարճ ժամանակ ետք հողին պիտի յանձնուի Ամերիկայի հայկական դպրոցներու ռահվիրան:

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ դամբանական կը խօսի իրաւաբան Սթիւ Տէտէեանը: Իր հակիրճ, սակայն իմաստալից խօսքերով մեր աննման ֆետայիներուն եւ Ինճեճիկեանի բաղդատականը կ՛ընէ:

«Մեր ֆետայիները պատերազմեցան կարմիր ջարդի դէմ, մինչ Ինճեճիկեան պայքարեցաւ ճերմակ ջարդի դէմ: Նոր օրերու ֆետայի մըն էր Ինճեճիկեան»:

Ղարաբաղի ազատամարտիկներու եւ անմեղ զոհերուն արիւնով շաղախուած ափ մը հող կը յանձնէ Ինճեճիկեանի զաւակներուն, որոնք միասնաբար այդ արիւնոտ հողով կ՛օրհնեն մայր հայրենիքէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու իրենց սիրեցեալ հօր գերեզմանը: Միեւնոյն ժամանակ սգակիրները միասնաբար կը սկսին երգել:

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ
Յոյսըս դո՛ւք էք ընկերներ»:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեան բոլորիս նման մահկանացու էր: Իւրաքանչիւրս ուշ կամ կանուխ հրաժեշտ պիտի տանք այս անցաւոր կեանքին: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Ինճեճիկեան հեռացաւ` իր ետին ձգելով յաւերժական ժառանգ մը:

Բոլորիս ծանօթ են Հին կտակարանէն Մովսէսի 10 պատուիրանները, իսկ բոլոր անոնք, որոնք բախտը ունեցած են Ինճեճիկեանի տնօրէնութեան տարիներուն յաճախելու Ֆերահեան վարժարան, վստահաբար պիտի յիշեն ամէն օր դպրոցի աշակերտութեան ուղղած անոր 3 «պատուիրան».

1- Հայերէ՛ն խօսէ:
2- Հայու հետ ամուսնացիր:
3- Զաւակներդ հայկական վարժարան ուղարկէ:

Սիրելի՛ պրն. Ինճեճիկեան,

Նկատի ունենալով, որ զգալիօրէն նուազած է հայերէն կարդալու սովորութիւնը, թոյլ տուր, որ նշած 3 «պատուիրաններուդ» աւելցնեմ յաւելեալ երկու «պատուիրան» եւս.

4- Հայերէն կարդա՛:
5- Հայերէն գրէ՛:

Յիշատակդ անթառամ, նուիրեալ «խենթ»:

Լոս Անճելըս, 2019

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>