Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

$
0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը, զոր ան տուաւ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ,  Հանրապետական մաղթանքէն ետք:

Կատարեցինք «Հանրապետական մաղթանք»` մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար` մաղթելով, որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց հայրենաշէն ու ազգանուէր ծառայութեան:

Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է եւ` անոնց միաձոյլ ամբողջութիւնը: Հետեւաբար հայրենիքը սրբազան արժէք է. ան իր ժողովուրդին գոյութեան ամրոցն է, հզօրութեան աղբիւրը եւ յաւերժութեան երաշխիքը: Հայրենիքի պահպանումը, հզօրացումն ու ծաղկումը եւ անոր ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն հաւատարմութիւնը իւրաքանչիւր հայու կեանքին առանցքը ու գործին նպատակը պէտք է դառնայ: Հայրենիքը իր ժողովուրդով կայ ու կը մնայ, իր ժողովուրդին միասնականութեամբ կը ծաղկի, իր ժողովուրդին արիւնով եւ քրտինքով կը մնայ ամուր ու կանգուն բոլոր տեսակի փոթորիկներուն դիմաց:

Այսօր 101-րդ տարեդարձն է մեր ժողովուրդի պատմութեան այն վճռադրոշմ դէպքին, որ հայ կեանքի օրացոյցին վրայ բնորոշուած է որպէս մայիս 28: Սովորական թուական մը չէ մայիս 28-ն: Ան ո՛չ միայն Հայաստանի առաջին անկախութիւնը բնորոշող թուական է, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ձգտումը մարմնաւորող խորհրդանիշ է, ոգի է ու պատգամ:

Ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք հայ ժողովուրդի կեանքը տառապանքով ու հալածանքով լեցուած էր: Սակայն Հայկերու ու Արամներու, Վարդաններու ու Խրիմեան Հայրիկներու զաւակներու կեանքին մէջ անկախութեան տենչը երբեք ստուեր չէր տեսած: 1918-ին տառապանքի ճիրաններու մէջ տուայտող հայ ժողովուրդը, հակառակ զինք շրջապատող ոչ նպաստաւոր պայմաններուն, կերտեց իր անկախութիւնը իր դարաւոր հայրենի հողին վրայ: Ճի՛շդ է` Հայաստանի անկախութիւնը երկար չտեւեց աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով. սակայն անկախութեան տեսլականը, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը միշտ վառ մնաց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ջատագովն ու ռահվիրան դարձաւ եռագոյնով խորհրդանշուող ամբողջական ու միացեալ Հայաստանին տեսլականին: Սերունդներ կազմաւորուեցան ու թրծուեցան այս տեսլականով` մեր եկեղեցիներէն, դպրոցներէն, ակումբներէն ու ընտանիքներէն ներս:

Այսօր, 101 տարիներ ետք, ի՞նչ է մայիս 28-ի խորհուրդէն ու ոգիէն եկող պատգամը.

Առաջին, ամբողջական Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող առաջին ճամբան, համահայկական ճիգով ներկայ Հայաստանի հզօրացումն է: Պատմական Հայաստանի փոքր հողաշերտին վրայ հաստատուած է ներկայ Հայաստանը: Անոր ծաղկումը, ժողովուրդին տնտեսական մակարդակի բարձրացումը, միջազգային յարաբերութիւններու ծաւալումը, գործակիցներու ու բարեկամներու ծիրին ընդլայնումը երաշխիք մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու անոր դերակատարութեան ամրացման միջազգային համայնքէն ներս: Ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի իրագործման նախապայմանը ներկայ Հայաստանին հզօրացումն է: Վաղուան Հայաստանին արմատները կը գտնուին Հայաստանին մէջ: Հարկ է զօրացնել այդ արմատները: Զօրացնել Հայաստանը` կը նշանակէ տնտեսական ներդրումէն ու զբօսաշրջային այցելութենէ անդին` մասնակից դառնալ հայրենաշինութեան համազգային առաքելութեան:

Երկրորդ, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող երկրորդ ճամբան Արցախի անկախութեան ամրացումն է: Արիւնով մեր վերատիրացած անկախութեան ու քրտինքով ծաղկեցուցած մեր հայրենի հողին` Արցախին գծով ո՛չ մէկ զիջում ընդունելի է: Արցախը գրաւուած տարածք չէ, այլ մեր հերոսներու արիւնով վերագրաւուած հայրենի հող է: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ արիւնով ձեռք ձգուած իրաւունքը չի կրնար զոհը դառնալ աշխարհաքաղաքական շահերու: Ազգի մը իրաւունքը սրբազան արժէք է: Արդ, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրագործումը կը սկսի Արցախի` Հայաստանին միացումով:

Երրորդ, ամբողջական Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող երրորդ ճամբան հայ ժողովուրդին միասնականութիւնն է: Սա սովորական լոզունգ չէ: Մեր կեանքէն ներս տեսակէտներու ու մտածումներու տարբերութիւնը բնական է եւ հարստացուցիչ: Սակայն կը մերժենք մեր հայրենիքին եւ ազգին հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ ամէն տեսակի տհաճ մօտեցումներ: Կը մերժենք մեր կեանքէն ներս բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպեր ու գործելակերպեր: Կը մերժենք մեր կեանքէն ներս` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի, ցնցումներ պատճառող ամէն տեսակ քայլեր: Կ՛ողջունենք այն բոլոր մօտեցումներն ու գործելակերպերը, որոնք օրէնքի իշխանութիւնը վեր կը նկատեն անհատի իշխանութենէն, հայրենիքի շահը` կողմնակի շահէն, հայութեան գերագոյն ու ընդհանրական շահերը ամէն բանէ վեր կը նկատեն: Ճակատագրական է մեր պատմութեան ներկայ փուլը: Տեսանելի ու անտեսանելի թշնամիներով շրջապատուած ենք: Մեր հզօրագոյն զէնքը մեր միասնականութիւնն է եւ մեր ազգի միասնականութեան առանցքը Հայաստանն է ու Արցախը: Ամրօրէն կառչինք մեր արժէքներուն, ձգտումներուն եւ իրաւունքներուն:

Ա՛յս է պատգամը մայիս 28-ին:

Ա՛յս է մեր հայրենիքն ու ազգը դէպի հզօրացում, պայծառացում ու յաւերժութիւն առաջնորդող ճամբան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>