ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Պատմահայր Մովսէս Խորենացի մեզի պատգամած է մեր նախնիներու այն սկզբունքը, որ` «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց» (քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է): Սահմանները կը գծուին ունեցած զէնքի ուժի տարողութեան համապատասխան:
Պատմութեան ընթացքին Հայաստան աշխարհի սահմաններու յարափոփոխութիւնը դրսեւորումն է այս սկզբունքին, որ մենք իւրացուցինք եւ մեկնաբանեցինք դառն փորձառութիւններով: Հայաստանը մարդկային պատմութեան մէջ այն հազուագիւտ երկիրներէն է, որ իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ունեցած է շարժուն սահմաններ:
Մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք ժամանակաշրջան, երբ Հայաստան իր տասնհինգ նահանգներով պարփակած է մօտ 300.000 քառ. քիլոմեթր հողատարածք: Տիգրան Մեծի օրով Հայաստան ապրած է կայսերական ընդարձակուած տարածքներով: Հետագային, կորսնցնելով իր պետականութիւնը, Հայաստան անդամահատուած է եւ բաժնուած մասերու` շրջանային կայսերական ուժերու միջեւ:
Մնայուն սահմաններու ապահովումը հինէն ի վեր մտահոգութիւնը եղած է Հայաստանը կառավարող իշխանաւորներուն: Բայց Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը տեւաբար անել հանդիսացած է մնայուն սահմաններու ապահովման: Ռուբէն Տէր Մինասեանի բացատրութեամբ, Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ գտնուող այն տարածաշրջանն է, որ հետեւողական կերպով ենթարկուած է արեւելքէն եւ արեւմուտքէն արշաւող օտար ուժերու յարձակումներուն:
Այսպէս, քաղաքական անօթը փշրուած, պետական կառոյցները խորտակուած եւ ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդը հաւաքական լինելութեան հիմնախդրին դէմ յանդիման կը գտնուէր: Ազատ ապրելու, սեփական ճակատագիր որոշելու եւ հայրենական ապահով ու մնայուն սահմաններու մէջ գործելու առաջադրանքը ազգային օրակարգի վերածուեցաւ 17-րդ դարէն սկսեալ` հասնելու համար մեր ազգային ազատագրական պայքարի բոցավառման: Այդ պայքարը հայութեան քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման նուաճումը հետապնդող այն մեծ շարժումն էր, որ ինքնըստինքեան ու ներքուստ կը բովանդակէր պետական անկախութեան եւ հայրենական հողերու միացման նպատակները:
Այս կէտը աւելի քան ջինջ կը դարձնէր մեր ազատագրական պայքարի դարբինը` Քրիստափոր Միքայէլեան, երբ ան կը յայտարարէր. «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից, եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»:
Ազատագրական պայքարի երեք տասնամեակներու զոհողութիւններէն ետք, 28 մայիս 1918-ին մեր ժողովուրդը վերականգնեց իր քաղաքական անօթը եւ պետական կառոյցները` հիմնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Անկախութիւնը առաջին ոստումն էր հաւաքական լինելութեան ապահովման: Կը մնար բաւարարող ու ապահով սահմաններու մէջ հաւաքական գոյատեւելիութեան ամրակայումի գործը:
Մէկ տարուան մէջ մեր մանուկ պետութիւնը հազիւ12.000 քառ. քմ հաշուող հայրենական հողատարածքը հնգապատիկ ընդարձակեց: Բայց հայութեան հաւաքական գոյատեւելիութիւնը կարիքը ունէր աւելիին: Պէտք էր նաեւ «պատռել… աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները» եւ «ջնջել» մեզ բաժնող «աշխարհագրական ներկերը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի առաջնորդութեամբ եւ Հայաստանի խորհրդարանի վաւերացումով, որոշեց վերականգնել հայրենիքի ամբողջութիւնը: Ճիշդ հարիւր տարի առաջ, 28 մայիս 1919-ին, խորհրդարանի դահլիճին մէջ, օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, յայտարարուեցաւ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի աքթը:
Աքթը հաստատեց. «Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ ժողովրդի լիակատար ազատութիւնն ու բարգաւաճումն ապահովելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը, համաձայն բովանդակ հայ ժողովրդի միահամուռ կամքի ու ցանկութեան, յայտարարում է, որ այսօրուանից Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են` իբրեւ անկախ պետական միութիւն»: Միացեալ Հայաստան «բաժան-բաժան մասերը» կը կազմէին ներկայ` Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հողատարածքները:
«Այսպիսով, ներկայումս Հայաստանի ժողովուրդն է իր ամբողջացած հայրենիքի գերագոյն տէրն ու տնօրէնը, եւ Հայաստանի խորհրդարանն ու կառավարութիւնը հանդիսանում են միացեալ Հայաստանի ազատ ժողովուրդը շաղկապող բարձրագոյն օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնը»:
Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը կը վայելէր ժողովրդական, քաղաքական, իրաւական եւ դիւանագիտական հեղինակութիւն: Տարի մը ետք, օգոստոս 1920-ին ան միջազգայնօրէն ընդունուեցաւ եւ ներառուեցաւ Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց մէջ: Անոր սահմաններու վերջնական վճիռը վստահուեցաւ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, որ իր իրաւարարական վճիռը կայացուց նոյեմբեր 1920-ին: Այդ վճիռը միջազգային օրէնքով կը մնայ ի զօրու եւ գործադրելի: Այդ վճիռին տէրերն են ներկայ Հայաստանի պետութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը:
Միացեալ եւ անկախ Հայաստանով մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հաւաքաբար նուաճեցինք մեր մնայուն սահմանները: Այսօր այդ նուաճումի իրականացումէն կախեալ է մեր հաւաքական գոյատեւելիութիւնը:
Հայրենի ժողովուրդը, կառավարութիւնը եւ Ազգային ժողովը տէրերն են միացեալ Հայաստանի իրաւունքին: Ան հիմնական երաշխիքն է մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական գոյատեւելիութեան:
Սփիւռքի գաղթօճախները եւս տէրերն են միացեալ Հայաստանի իրաւունքին: Սփիւռքի մեր ժողովուրդը շարունակաբար տիրութիւն կատարած է այդ իրաւունքին` պահանջելով, որ մեր բռնագրաւուած հայրենական հողերը պէտք է վերադարձուին իրենց միակ իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին: Այդ իրաւունքի պայքարով եւ հաւատքով սփիւռքը պահած է եւ պիտի պահէ իր հայեցի ինքնութիւնն ու գոյատեւելիութիւնը:
Միացեալ Հայաստանը կը պատկանի համայն հայութեան: Ան իրաւունքն է իւրաքանչիւր հայուն: Կրնա՛նք նուաճել այդ իրաւունքը: Անոր առաջին ոստումը կատարեցինք Արցախի ազատագրումով:
Պէտք է նուաճենք միացեալ Հայաստանի իրաւունքը, որովհետեւ ան մեր հաւաքական գոյատեւելիութեան գրաւականն է:
Լոս Անճելըս