Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Միացեալ Հայաստանի Հռչակումը Ուղեցոյց` Ապագայ Հայահաւաքին Եւ Հողահաւաքին Համար

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իրականութեան մէջ 100-ամեայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ շատ դժուար պայմաններու մէջ հայոց վերածնած պետականութեան հիմնադիր այրերը ըրին այնքան գործ, որ իրերայաջորդ սերունդներուն ժառանգ ձգուեցաւ իբրեւ ազգային հպարտութիւն: Բայց այդ ժամանակաշրջանի որոշ իրագործումներ ալ գաղափարաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունին հայութեան համար` ազգային տեսլականի ուրուագծումի իմաստով:

Այդ իրագործումներէն կամ ծանրակշիռ իրադարձութիւններէն մէկն ալ 100 տարի առաջ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի հռչակագիրի ընդունումն էր: Ասիկա այլ բան չէր, եթէ ոչ այն ճշմարտութեան հաստատումը, որ հայ ազգը ամբողջական իրաւունքը ունէր իր գոյատեւման եւ կենսագործունէութեան ամբողջական ապահովման համար արդէն գոյութիւն ունեցող հայոց պետականութեան վերամիաւորելու իր պատմական հայրենիքի, բնօրրանի կենսական տարածքները, ուր այդ ազգը կազմաւորուած էր եւ դարերէ ի վեր ձեւաւորած իր քաղաքակրթական ուրոյն առաքելութիւնը մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ:

Եւ ուրեմն, Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրին ընդունումը քանի մը առումներով շատ մեծ կարեւորութիւն ունի հայ ազգային գաղափարախօսութեան ձեւաւորման մէջ: Այս հռչակագիրին ընդունումը նախ եւ առաջ կարեւորութեամբ կը շեշտուի անոր համար, որ անիկա վերջնականապէս ջնջեց հայութիւնը բաժանող իրական թէ արուեստական բաժանարար գիծերը եւ զայն նկատեց մէկ ամբողջութիւն, այլեւս տարբերութիւն չկար արեւելահայու եւ արեւմտահայու միջեւ, եւ եթէ տարբերութիւններ կային երբեւէ, ապա հարստացնելու համար էին մէկ ամբողջական ազգը: Բայց նաեւ Միացեալ Հայաստանի հռչակումը ջնջեց Արեւելահայաստանի եւ Արեւմտահայաստանի միջեւ բաժանարար գիծերը, կեղծ սահմանները, որոնք կային մտքերուն մէջ, Մեծն Քրիստափորի բնորոշումով` այսինչ կամ այնինչ աւազակապետի գծած սահմանները: Այդ հռչակագիրը ինչպէս որ ազգը միացուց եւ մէկ ամբողջութիւն դարձուց, նոյնպէս պատառոտուած հայրենիքը միացուց եւ մէկ ամբողջութիւն դարձուց: Հոսկէ ալ կու գայ մեր ազգային հաւատոյ հանգանակը` ամբողջական հայութիւն, ամբողջական հայրենիքի մէջ:

Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրին ներկայացուցած կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ հետեւեալ հանգամանքին մէջ. այդ հռչակագիրը ձեւով մը կազմեց իրաւական հիմքը մէկ տարի ետք ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ հայկական պետականութեան հողային պահանջներուն ձեւաւորման, ինչ որ նաեւ աւելի ուշ վերջնականապէս հաստատագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հրապարակած Իրաւարար վճիռով: Ուրեմն, երբ հայ քաղաքական միտքը կը խօսի հայութեան ունեցած հողային պահանջատիրութեան մասին, այս պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը դրուած են վերոյիշեալ երեք` զիրար ամբողջացնող փաստաթուղթերուն մէջ. Միացեալ Հայաստանի հռչակագիր, Սեւրի դաշնագիր եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռ:

Վերը արդէն նշեցինք, բայց կ՛արժէ կրկնելու գնով անգամ մը եւս շեշտել, որ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը եկաւ ամրագրելու այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ պետութիւն, իրաւատէրն է ինչ-ինչ պայմաններու մէջ հայութենէն խլուած պատմական հայապատկան տարածքներուն: Ո՛չ միայն Արեւմտահայաստանին եւ Արեւելահայաստանի այն տարածքներուն, որոնք խլուած են Թուրքիոյ կողմէ, այլ նաեւ Նախիջեւանին եւ Ջաւախքին: 1990-ին ընդունուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը կը բովանդակէ ակնարկութիւն այն մասին, որ արդէն վերանկախանալիք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդն է Ա. Հանրապետութեան: Հետեւաբար նաեւ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը պէտք է Բ. անկախ հանրապետութեան պետական մտածողութեան հիմքին մէջ ըլլայ, երեւոյթ մը, որ ընդհանուր եզրերով բանաձեւուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին մէջ: Համահայկական այդ հռչակագիրին մէջ նշուած ընդհանուր բանաձեւումը կեանքի պէտք է կոչել` ամբողջացնելով մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ ամբողջական հատուցման գծով մեր ազգային հայեցակարգը:

Ինչ խօսք, Միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրագործման առաջին քայլը Արցախի ազատագրումը եւ տէ ֆաքթօ միացումն է մայր Հայաստանին: Այս օրերուն դժբախտաբար շահարկումներ կան հայ քաղաքական կեանքին մէջ, կեղծ օրակարգեր մէջտեղ կը նետուին Արցախի միացման հարցին շուրջ: Բայց տէ ֆաքթօ արդէն միացածը ինչպէ՞ս պիտի միացնես: Անհեթեթ չէ՞: Օրը պիտի գայ անպայման, որ Արցախը նաեւ իրաւականօրէն, տէ ժիւրէ պիտի միացուի Հայաստանին, եւ այս միացումը, մեր ազգային հանգանակով, համոզուած ենք, որ վերջնական պիտի ըլլայ: Բայց մինչ այդ պէտք է ամէն գնով ամրապնդել արդէն իսկ ձեռք բերուածը, եւ անիկա կ՛ըլլայ Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումին միջոցով` իբրեւ հիմնական քայլերէն մէկը վերջնական, տէ ժիւրէ միացումին: Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ: Եւ այս մօտեցումը աներկբայ է:

Միացեալ Հայաստանի ստեղծման, հայապատկան հողերու վերամիաւորման հոլովոյթը երկարատեւ հոլովոյթ մըն է: Բայց անոր ուղեցոյցը արդէն իսկ մենք ունինք` 100-ամեայ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը, Սեւրի դաշնագիրը, Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>