(Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի
Հռչակման 100-ամեակին Առիթով)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր կը նշէ մայիս 28-ը` Հայաստանի անկախութեան 101-րդ տարեդարձը:
Հայութիւնը այսօր կը նշէ, պէ՛տք է նշէ նաեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակը: Պատմական ու նշանակալից տարեդարձ մը, որ ափսո՜ս, անտեսուած ու մոռցուած է շատերու կողմէ:
Արդարեւ, անկախութեան առաջին տարեդարձին օրը` 28 մայիս 1919-ին, Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի պատուիրակներու ներկայութեան, Ալեքսանտր Խատիսեանի կառավարութիւնը Հայաստանի խորհրդարանի բեմէն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր ի միջի այլոց նշեց, թէ` «Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ ժողովուրդի լիակատար ազատութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը, համաձայն բովանդակ հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքին ու ցանկութեան, յայտարարում է, որ այսօրուանից Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են` իբրեւ անկախ պետական միութիւն»:
Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ միջազգային եւ ներազգային ալեկոծ պայմաններու մէջ: 1919-ին համաշխարհային առաջին պատերազմը փոխած էր Եւրոպայի պատկերը: Խորտակուած էին օսմանեան եւ ցարական կայսրութիւնները, հետեւաբար երկու կայսրութիւններու ծիրին մէջ դաշնակցային պետութիւններ ունենալու հայութեան պահանջները դարձած էին ժամանակավրէպ ու անիմաստ:
1919-ին այլեւս գոյութիւն չունէին Տաճկահայաստանի եւ Ռուսահայաստանի հայութիւններ, գոյութիւն ունէր մէ՛կ ժողովուրդ, հա՛յ ժողովուրդ: Եւ այդ ազգային ամբողջութեան քաղաքական իրաւունքներուն ոտնակոխումն էր, որ զայն վերածած էր ռուսահայութեան, տաճկահայութեան, երկիրը արհեստականօրէն բաժնելով ու վերածելով Ռուսահայաստանի եւ Տաճկահայաստանի: Մէկ կողմէ եաթաղանի կոտորածներով, միւս կողմէ` ռուսական բանակներուն Կովկասէն հեռացումով կեանքը կու գար հաստատելու, որ մէկ ժողովուրդ էր, որ կը գտնուէր մահուան դէմ յանդիման: Մէկ ժողովուրդ էր, որ յարութիւն կ’առնէր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերով: Մէկ ու միեւնոյն ժողովուրդն էր նաեւ, որ տարի մը ետք Միացեալ Հայաստան կը հռչակէր եւ աշխարհի մնացեալ ժողովուրդներուն նման իր ազգային-քաղաքական լիիրաւ կեանքը ապրելու վճռակամութիւնը կը յայտարարէր:
Միացեալ Հայաստանի յայտարարութեան պահանջը կը ներկայանար փետրուար 1919-ին, Արեւմտահայոց Բ. համագումարէն, որուն կոչին ընդառաջելով` Խատիսեանի կառավարութիւնը 28 մայիսին կը դիմէր միացեալ եւ անկախ Հայաստանի յայտարարութեան` կարեւոր քայլ մը առնելով ազգային միասնականութեան ամրապնդման ճամբուն վրայ:
Յայտարարութեան իբրեւ գործնական թարգմանութիւն, խորհրդարանի նոյն նիստին, Արեւմտահայոց Բ. համագումարի գործադիր մարմինին կողմէ ընտրուած 12 ներկայացուցիչներ կը հրաւիրուէին մաս կազմելու Հայաստանի խորհրդարանին` իբրեւ խորհրդանշական արտայայտութիւն հայ ժողովուրդի երկու հատուածներու միացման:
Պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի համաձայն, «Նախատեսուած էր, որ արեւմտահայ 12 պատգամաւորներու միացումէն ետք, խորհրդարանը նիստ մը գումարէր եւ կառավարութեան նոր լիազօրութիւններ տար եւ ապա ցրուէր` նոր խորհրդարանի ընտրութեան համար»: Նախատեսուած էր նաեւ` «Կառավարութեան յայտարարութեան վաւերացումը խորհրդարանին մէջ: Սակայն, դէպքերը այնպէս մը կը զարգանան, որ այդ քննարկումը անկարելի կը դառնայ, եւ քանի մը օր ետք խորհրդարանը ինքնալուծարման կ’ենթարկուի»:
Պատմական մանրամասնութիւններու մէջ առանց խորանալու` կ’արժէ նկատել տալ, որ Խատիսեանի կառավարութիւնը միացեալ եւ անկախ Հայաստանի յայտարարութիւնը կը կատարէր այնպիսի պահու մը, երբ տակաւին ան չէր հասած իր գաղթական, որբ ու թշուառ բնակիչները կերակրելու հանգրուանին:
Անկախութեան այդ սերունդը, փաստօրէն, լաւ կը գիտակցէր, որ ուտելիքէն, առեւտուրէն եւ տնտեսական բարգաւաճումէն առաջ շատ աւելի կարեւոր խնդիրներ կային լուծուելիք: Առաջին հերթին, տէր պէտք էր կանգնիլ հայ ժողովուրդին, որ Ցեղասպանութեան պատճառով տարտղնուած էր: Տէր պէտք էր կանգնիլ ու պաշտպանել անոր ընդհանրական շահերը` արեւմտահայ թէ արեւելահայ հատուածներով: Պէտք էր միաւորել հայապատկան բոլոր հողամասերը, որպէսզի ձեւ ու մարմին ստանար հողային ամբողջականութեան մեր մեծ տեսլականը, բռնագրաւեալ բոլոր հողերու վերատիրացման մեր արդար պահանջը:
Միացեալ Հայաստանի յայտարարութեամբ 1918-ի սերունդը, իր ակամայ սխալներուն կողքին, հայութեան կու տար սեփական ուժերուն հաւատալու եւ ապաւինելու քաղաքական հասունութիւն, հայութեան հանդէպ գործուած պատմական անարդարութիւնները սրբագրելու կամք եւ ամուր պետութիւն կերտելու վճռակամութիւն:
Միացեալ Հայաստանի յայտարարութեամբ 1918-ի սերունդը կը հաստատէր նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի գրիչով ամրագրուած այն ճշմարտութիւնը, թէ` «Հայը բնազդով միակամ է Հայաստանի ամբողջականութեան հարցին մէջ եւ անոր մէջ է, որ կը գտնէ իր պահպանումը եւ զարգացումը: Այս բնազդական ենթագիտակցութիւնն էր պատճառը, որ մէկ թոյլ Հայաստանի իշխանութիւն, առանց նկատի առնելու թուրք-ռուս չկամութիւնները, չունենալով ո՛չ մէկ արտաքին նեցուկ, չունենալով բաւարար ուժ` յայտարարեց «Միացեալ Հայաստանի» նշանաբանը, որ ձեռնոց նետել էր երկու կայսրութեանց եւ վտանգելու համարժէք` իր իսկ գոյութիւնը: Այս բնազդական ենթագիտակցութիւնն էր, որ կը մղէր ռուսական մասի Հայաստանէն խումբ-խումբ ֆետայիներ «Դէպի Երկիր»` զոհաբերուելու յանուն Հայաստանի, միւս կողմէ` Տաճկաց Հայաստանէն կ’անցնէին ռուսական Հայաստանը` հայ-թաթար կռիւներու մասնակցելու եւ կամ եկեղեցական կալուածները փրկելու համար ռուս բռնագրաւումէն: Հայկական այդ ենթագիտակցութիւնն է, որ ահա մէկուկէս դարէն աւելի է, որ կը մղէ հայ ժողովուրդը ամէն տեսակի զոհաբերութեանց` Հայաստանի ազատագրման դժուարին գործին»:
Միացեալ Հայաստանի հռչակումով տրամաբանական աւարտի մը կը հասնէր բիւրաւոր նահատակներու արեամբ մղուած ազգային-ազատագրական մեր պայքարը:
Միացեալ Հայաստանի հռչակումով նաեւ տրամաբանական եզրակացութեան մը կը յանգէր հայ ժողովուրդի վախճանական նպատակին բանաձեւումը. ունենալ ամբողջովին հայ, ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստան:
Ու արդար պէտք է ըլլալ ընդգծելու, որ ամբողջովին հայ, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարին որդեգրումը ամէնէն պատմակշիռ իրագործումներէն մէկը պիտի ըլլար հայութեան եւ հայոց պատմութեան համար: Իրագործում մը, որուն համար սերունդներ երախտապարտ պիտի մնան հայ ժողովուրդի երեսնամեայ ազգային-ազատագրական պայքարը գլխաւորած եւ Ա. հանրապետութիւնը դարբնած գլխաւոր ուժին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
2019-ը կը նշէ 100-ամեակը միացեալ եւ ազատ Հայաստանի քաղաքական նպատակին հռչակման: Իսկ ո՞ւր են 100-ամեակի համահայկական տօնակատարութիւնները: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը յիշատակէ 100-ամեակը` փորձելով մեր ներկային համար դասեր քաղել անցեալի պատմական փորձառութենէն:
Ճիշդ է, որ 28 տարիէ Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն վերեւ կը ծածանի անկախութեան դրօշը` եռագոյնը:
Ճիշդ է նաեւ, որ 28 տարի առաջ միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ ազգովին կարեւոր քայլ մը առինք Արցախի ազատագրումով եւ անկախ հանրապետութեան կերտումով:
Բայց չմոռնանք, որ Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուի գաւառը ռուս-թրքական համաձայնութեամբ տակաւին կցուած կը մնան Թուրքիոյ:
Բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը կը սպասէ պատմական իրաւատէրը: Նախիջեւանը կը մնայ ազրպէյճանական գերիշխանութեան ենթակայ, մինչ հայրենի Ջաւախքը` Ախալքալաքն ու Ախալցխան կը դիմագրաւեն հայաթափման ու թրքացման մեծ վտանգը:
Դժբախտաբար կացութիւնը աւելի յուսատու չէ անկախ հայրենիքի մէջ, ուր միացման եւ համախմբման փոխարէն` վերջին շրջանին կը շեշտուին հայութեան տարբեր հատուածներուն հակասութիւնները շեշտելու, անոնց միջեւ անտեղի թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու ճիգերը:
Ուր բարձրագոյն մակարդակէ խօսք կը հնչէ «դաւադիր պատերազմի հրահրման» մասին, «պետական դաւաճանութեան» եւ «նեղ խմբակային շահերու ծառայողներու» մասին:
Ուր քաղաքական անհեռատես կեցուածքներով Հայաստան-Արցախ միասնութիւնը հարցականի կ’ենթարկուի, ազգային պաշտպանական մեր համակարգը կը վտանգուի:
Այս չէ՛ր միացեալ Հայաստան հռչակողներուն փափաքը:
Այս չէ՛ր միացեալ Հայաստանի համար իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերած մեր նահատակներուն տենչը:
Միացեալը կը պարտաւորեցնէ հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերու միաւորում` համընդհանուր, համահայկական օրակարգի շուրջ:
Միացեալը կը պահանջէ անձնական, խմբակային, տեղական-տեղայնական մասնակի շահերու զոհաբերում` վասն ամբողջին, հողին եւ ազգային բարիքին:
Միացեալը կը յուշէ, թէ չի բաւեր, որ երկրի մը հողը միայն ամբողջական, ազատ եւ անկախ ըլլայ: Երկիրը հայրենիք ըլլալու համար, երկիրը Հայաստա՛ն ըլլալու համար պէտք է նաեւ հայ ըլլայ իր բնակչութեամբ: Հայ ըլլայ իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով:
Միացեալը նաեւ կը պատգամէ, որ հայ ժողովուրդը մէկ է եւ ունի մէկ հայրենիք: Առարկայական պայմանները կրնան ժողովուրդն ու հայրենիքը իրարմէ բաժնել, ցրուել, բայց ժողովուրդը պիտի կարենայ մերժել պարտադրուած իրավիճակները եւ տեւաբար պիտի ձգտի միացման` թէ՛ տարբեր հատուածներու եւ թէ՛ հողատարածքի իմաստով, որովհետեւ այդ է ազգային փրկութեան եւ յարատեւութեան ուղին:
Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակին, այսօր, իբրեւ ժողովուրդ, մենք ունինք ներքին ուժականութիւնը, յատկանիշները, նաեւ գիտակցութիւնն ու կամքը` դիմագրաւելու ներկայ դժուարութիւնները եւ ստեղծելու աւելի լաւ ապագայ: Կը բաւէ, որ համախմբուինք քաղաքական այն ուժին շուրջ, որ ամբողջական համոզումով ու հաւատքով մեզ առաջնորդած է եւ պիտի առաջնորդէ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի քաղաքական նպատակով:
Կը բաւէ, որ համոզուինք ազգային համերաշխութեամբ, երկխօսութեամբ եւ միասնականութեամբ մեր հարցերը լուծելու անհրաժեշտութեան` քայլ առ քայլ հասնելու համար հայութեան եւ Հայ դատի վերջնական նպատակին` միացեալ հայութեամբ, միացեալ եւ անպարտելի հայրենիք մը ունենալու մեր Մեծ Երազին: