Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Սարդարապատի Զանգերը «Տխուր» Կը Ղօղանջեն…

$
0
0
Խոհեր` Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի
Յայտարարութեան 100-ամեակին Առիթով

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ստուգապէս խօսքը այսօրուան մասին է, մեր ներկայի հաւաքական կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող պետական մտածողութեան, ազգային ու քաղաքական մտքի, անվտանգութեան եւ պաշտպանական համակարգի վերաբերող լրջագոյն խնդիրներուն մասին է, որոնց առկայութեան բարձրագոյն մակարդակի ահազանգ կը հնչեցնենք` յայտնելով, որ մայիսեան խոյանքին խորհուրդը պէտք չէ նսեմանայ երբեք այս կամ այն իշխանութեան, կառավարութեան կամ ղեկավարին օրով:

Որովհետեւ ժամանակները ապացուցած են, ինչպէս անցեալին, նաեւ վերջին տասնամեակներուն եւ տարիներուն, թէ առանց ազգային ազատագրական պայքարի խտացուած ճշմարտութեան կարելի չէ եղած պաշտպանել հայուն տեսակն ու ցեղային առանձնայատկութիւնը, հողը, հայրենիքը:

Պիտի ըսուի, անվերապահօրէն, թէ այդ ե՞րբ է պատահեր, որ Սարդարապատի վեհափառ զանգերը հպարտօրէն չղօղանջեն, անոնց սրբազան ձայնին որոտը, թունդ եւ հնչեղ արձագանգը լսելի չդարձնեն աշխարհով մէկ, թշնամիին ու բարեկամին հանապազօրեայ պատգամ չփոխանցեն, թէ Հայաստանն ու հայութիւնը վաղուց անտի վճռած են ապրիլ ու գոյատեւել, մաքառիլ եւ ինքնուրոյն քաղաքակրթութիւն կերտել:

Արդեօք լինելութեան պայքարի, լոյսի եւ յոյսի, սեփական կեանքի, ինքնութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հզօր պատուանդան մը չէ՞ր մայիսեան սխրանքը, որ կերտուեցաւ շնորհիւ հայու հոգեկերտուածքին ու մարտունակ ոգիին:

Ժամանակակից հայոց պատմութիւնը իր ոսկեայ էջերով, պատահական քանի մը զինուորական գործողութիւններու մասի՞ն արձանագրած է, թէ՞ ընդհակառակը, 1918-ի 21-28 մայիսեան օրերը, խողխողուած ազգի մը հրաշափառ վերականգնումը փորագրուած է հոն, երբ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի սուրբ հողին վրայ հայութիւնը շրջադարձ մը ապրեցաւ` ցոյց տալով իր քաջութեան, զոհողութեան եւ հայրենապաշտութեան անկրկնելի աստիճանաչափը:

Օրուան աշխարհաքաղաքական ստեղծուած պայմանները հայանպաստ չէին երբեք: Ռուս-թրքական թաքուն թէ բացայայտ համաձայնութիւնները միայն աւերներ կը պատճառէին հայ իրականութեան: Հայութիւնը, անել կացութեան դէմ յանդիման ըլլալով, ունէր մէկ ու ճշմարիտ ուղի` ապաւինիլ սեփական ուժին ու մտքին, եւ համարձակօրէն նետուիլ Վեհիպ փաշայի բարբարոս բանակներուն դէմ:

Իրօք, հայութիւնը, Արարատի վեհափառ շուքին ու խոր նայուածքներուն տակ կը գերազանցէր ինքզինք ու կը նուաճէր իր ապրելու իրաւունքը: Վեց դարերու ստրկութեան շղթան կը քանդուէր, հայութիւնը շնորհիւ անասելի զոհողութիւններու եւ գիտակցական բարձր մակարդակին, կը հասնէր իր երազին:

Հայ իրականութիւնը կրցած էր ստեղծել այնպիսի իրավիճակ, որ այլեւս կրնար պետական ու քաղաքական միտք ձեւաւորել: Հայաստան անունը սկսաւ ճանչցուիլ իբրեւ ազգային միաւոր, որուն տեղն ու դերը ապահովուեցաւ միջազգային քարտէսին վրայ (Սեւրի դաշնագիր 1920թ.)` իբրեւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող պետականութիւն:

Փաստօրէն, մայիսեան խոյանքով հայութիւնը ստեղծեց իր պետականութիւնը: Իբրեւ քաղաքակրթական եզակի առանձնայատկութիւն ունեցող ազգ, կրցաւ օրուան պահանջներուն` ընկերային, քաղաքական, զինուորական, մշակութային, կրթական թէ այլ բնագաւառներու շունչ տալ եւ լծուիլ ինքահաստատման ու ինքնակերտման խոր ու երկար աշխատանքին:

Յիրաւի, հայ ժողովուրդի ամենադաժան ու ճնշիչ պայմաններու այս փուլին հայ քաղաքական միտքն ու ազգային մտածողութիւնը կը լծուէր այնպիսի աշխատանքի, որուն հազիւ թէ մենք կարենանք հանդիպիլ հետագայ տարիներուն: Հայը ազատ ու անկախ էր իր հողին վրայ, հակառակ ահաւոր դժուարութիւններու եւ իրեն դէմ ցցուած բազմապիսի ներքին ու արտաքին խոչընդոտներու:

Հայու կազմակերպչական տաղանդը կը դրսեւորուէր յանձին Մանուկեան Արամի, որ արդարօրէն կոչուեցաւ օրհասական պահու անկրկնելի ղեկավարը:  Հայու զինուորական ու մարտական ոգիի արտայայտութիւնները ի յայտ եկան բազում մակարդակներու վրայ, երբ հայ սպայական կազմն ու ֆետայական խումբերը հրաշքի համազօր սխրանքներ ժառանգեցին հետագայ սերունդներու:

Հայ լուսաւոր միտքն ու գիւղացի մշակը անվերապահօրէն լծուեցան հայ կեանքի բարգաւաճման եւ քաղաքացիական կրթութեան: Անոնք իրենց  ճառագայթող հոգիին ու բազուկին սերմերը շաղախեցին հայրենի հողին` յանուն հայրենիքի վերատիրացման եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի ապահովման:

Հայ պետական միտքը, իր կարգին, ձեւաւորեց ամէնէն ուշագրաւ քաղաքական արտայայտութիւնը, երբ ընդունեց 1919-ի Երեւանի մէջ գումարուող արեւմտահայոց երկրորդ համագումարին պահանջը` Արեւմտահայաստանը ներառել հայոց պետութեան կազմին մէջ: Փաստօրէն, 28 մայիս 1919-ին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան խորհրդարանին մէջ պաշտօնապէս կը յայտարարէ միացեալ ու անկախ Հայաստանի բանաձեւումն ու որդեգրումը:

Իր կարգին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երեւանի մէջ գումարուած 9-րդ Ընդհանուր ժողովին (1919) կ՛որդեգրէր միացեալ ու անկախ Հայաստանի բանաձեւումը, իբրեւ ուղեգիծ իր քաղաքական ու յեղափոխական հետագայ բոլոր աշխատանքներուն:

Ճիշդ է, որ յաջորդող տարիներու քաղաքական ու զինուորական թաւալքը ի նպաստ հայ պետականութեան ամրակայման չեղաւ, երբ Հայաստան խորհրդային կը դառնար պարտադրաբար, այդուհանդերձ տարագիր հայութեան թէ հայրենի հողին վրայ ապրող սերունդներ իրենց ներաշխարհին մէջ պահեցին ազատ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը եւ աշխատեցան զայն իրագործելու հաւատքով:

Անհերքելի է այն իրողութիւնը, որ հայութիւնը կրցաւ վերանուաճել իր ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը 1991-ին եւ ազատագրել բռնագրաւուած Արցախը: Աւելի քան 25 տարիներու պետականութեան ամրակայման գործընթացները, թէեւ տուած են իրենց արդիւնքը, այդուհանդերձ, հայութիւնը տակաւին խարխափումի եւ անորոշութեան պահեր կ՛ապրի, յատկապէս պետական-քաղաքական ոլորտին մէջ, երբ իրերայաջորդ իշխանութիւններ, տուրք տալով ինչ-ինչ քաղաքական օտարոտի ճնշումներու, ցարդ չեն յաջողիր ստեղծել հայամէտ կամ հայաստանակեդրոն այնպիսի քաղաքական պատուանդան կամ աշխատանքային քարտէս, որուն շնորհիւ կարենան հայութեան անվտանգութիւնն ու գոյատեւելու երաշխիքը ապահովել:

Ըսուած է, չէ՞, եւ համարձակօրէն, թէ Հայաստանի ու Արցախի խնդիրներուն առաջինը զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութիւնն է, այսինքն` հայութիւնը ստոյգ բնաջնջումէ փրկելու հարցը:

Հարց, որ պէտք է ունենայ համազգային ընկալում եւ պետական մտածողութեան բարձր հնչեղութիւն, որովհետեւ միջպետական թէ աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններ, որոշումի կեդրոններ տիւ եւ գիշեր կը ծրագրեն ու կ՛աշխատին ձեւաւորել այնպիսի իրավիճակներ, որոնք կրնան կուլ տալ վերանկախ Հայաստանի ու Արցախի նորովի երազներն անգամ:

Հայ ժողովուրդի ամենաընտիր զաւակներուն արեամբ ազատագրուած Արցախ աշխարհը կրնայ շատ սուղ վճարել, եթէ երբեք հայ քաղաքական միտքն ու պետական մտածողութիւնը յամենայ ցոյց տալ համազգային տարողութեամբ ամուր կեցուածք եւ պաշտպանական համակարգի հայեցակարգ:

Հայաստանի պետական-մտածական կառուցուածքին մէջ անյապաղ պէտք է տեսնել շրջադարձ մը, ինչպէս եղաւ 1918-ի օրերուն, այլապէս ազգ մը ամբողջ կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ անախորժ եւ դժուարին կացութիւններու:

Իսկ ի՛նչ է այդ պահանջուած շրջադարձը եթէ ոչ այն հաստատ համոզումն ու  գիտակցական մակարդակը, որ պետականութիւնը ազգի մը ամենաբարձր նուաճումն է, ներկան ու ապագան կառուցող անփոխարինելի կռուանը:

Փաստօրէն, հայրենի հողին վրայ կատարուած որեւէ իշխանափոխութիւն թէ քաղաքական իրադարձութիւն, եթէ երբեք չունի քաղաքական իմաստութիւն կամ խոհեմութիւն, դատապարտուած է ձախողութեան, յատկապէս մեր պարագային, երբ իբրեւ ազգային միաւորում եւ փոքր պետութիւն շրջապատուած ենք բարբարոս եւ ցեղախմբային միտումներ ունեցող ժողովուրդներով:

Ազգային պետականութիւն ձեւաւորելու, հայամէտ քաղաքական վարքագիծ ունենալու, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու բոլոր ջանքերը  կրնան դատապարտուիլ ամլութեան, եթէ տուեալ պահու պետական այրերը ցոյց չտան ազգային-գաղափարական ու փիլիսոփայական ունակութիւն, մէկդի շպրտելով անձնականութիւնը, օտարամուտ բարքերու ծառայութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, եսի պաշտամունքն ու ինքնագոհութիւնը, այլամերժութիւնն ու ատելութիւնը:

21-րդ դարուն, երբ պետական ու քաղաքական մտածողութիւնը կ՛ապրի իր ամէնէն բարդ ու քաոսային վիճակը, ազգային դիմագիծ ու գաղափարական վարքագիծ ունեցող ազգեր, պետութիւններ ու քաղաքական միաւորներ պարտաւոր են կառչիլ այնպիսի արժէքներու, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ ապահով շարունակել իրենց գոյութենական պայքարը:

Իսկ այդ պայքարը կ՛արդիւնաւորուի, երբ պետականութիւնն ու ազգային բաղադրիչ տարրերը զերծ են կաշառակերութենէ, հաճոյախօսութենէ, ամբոխային տրամաբանութենէ, սեւաթոյր բնազդներու յագուրդ տալու մարմաջէ եւ ուրիշ շատ ու շատ ախտերէ ու բարդոյթներէ:

Արդարեւ, հայութիւնը իր հազարամեայ ներկայութեամբ եւ մաքառումներով իր սեփական հողին վրայ անձնուէր ու անկրկնելի սերունդներու արեամբ ստեղծած է իր ազգային-գաղափարական ու պետական-քաղաքական արժէքային համակարգը, որուն պատուանդանը կը կանգնի Սարդարապատի սուրբ հողին վրայ:

Պատուանդան-յուշակոթող մը, որուն զանգերը այս օրերուն «տխուր» կը հնչեն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>