ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Եթէ 21 սեպտեմբեր 1991 եւ 9 մայիս 1992 համազգային տօները յորդուն խանդավառութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը նշուին հայութեան բոլոր շերտերուն կողմէ, ապա ի՞նչ է 28 մայիս 1918-ը: Տարիներ շարունակ անպատասխան եւ անլոյծ կը մնայ այդ հարցը, եւ պէտք է ըսել, թէ որքա՛ն ալ շարունակէ այդ վիճակի մէջ մնալ, այնքան ալ մեր ազգային Դատը կաղ պիտի մնայ, եւ բոլոր համազգային հռչակագիրներն ու համաձայնութիւնները թերի եւ անիրագործելի պիտի ըլլան: Եկէ՛ք` անկեղծ ըլլանք: Չենք սիրեր մեր ազգային միասնականութիւնը հարուածող սուր խնդիրներուն եւ կարեւորագոյն հարցերուն մասին խօսիլ, քննարկել եւ յարմար լուծումներ փնտռել, այլ կը նախընտրենք մէկդի դնել զանոնք եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բոլորին կողմէ ընդունելի եւ հաճելի երեւոյթներուն վրայ` բաւարարելով մեր ազգային ստապատիր միասնականութեան փառասիրութիւնները: Սակայն այսօրուան մեր ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մին` մեր սեփական անցեալի ճանաչումը եւ հաշտութիւնը անոր հետ, երբ գիտակից պէտք է ըլլանք, որ առանց այդ քայլին` խախուտ են մեր բոլոր ծրագիրները, եւ խորտուբորտ է դէպի ապագայ տանող մեր ճանապարհը: Արդարեւ, Հայաստանի բոլոր կառոյցները եւ պետական-հասարակական կեանքը հունաւորող բնագաւառները իրենց սկիզբը առին 28 մայիս 1918-էն: Հայաստանի Հանրապետութիւն անուանումն իսկ 1918-ի ծնունդն է: Երկար վեց դարեր ազգովին պետութեան վերականգնումը կ՛երազէինք, կ՛աղօթէինք, ի վերջոյ մայիս 1918-ին Աստուած ականջ տուաւ մեր խնդրանքներուն եւ աննկուն կամքով ու անսասան ուժով ներշնչեց Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ մեկնող հայ մարտիկները: Իրականացաւ ազգային մեր դարաւոր երազը: Սակայն արժանի չենք այս փառքին` ըստ երեւոյթին, քանի որ պատշաճ արժեւորումը չենք տուած այս մեծ նուաճումին եւ այսօր կը շարունակենք անփութութեամբ վարուիլ մեր հարազատ հպարտառիթ անցեալին հետ: Ինչո՞ւ, ի՞նչ է պատճառը` յամեցող այդ անտեսումին: Իմ կարծիքովս, այս խնդիրը գլխաւորաբար առնչուած է 28 մայիս 1918-ին մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած անհերքելի դերակատարութեան հետ: Եւ դարձեալ մեր ազգային միտքը հարուածող ախտը` հատուածականութիւնը կը ստիպէ մեր ազգի զաւակներուն գերադասել քաղաքական-կուսակցական շահերը համազգային պետական շահերէն: Նախ Հայաստանի օրինակը առնենք: Ամէն տարի վերանկախացած Հայաստանի մէջ 28 մայիսին ձեռնարկներ կը կազմակերպուին` Հայաստանի անկախութեան եւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած:
Սակայն պետութիւնը չէ, որ կը նախաձեռնէ, կը կազմակերպէ եւ կեանքի կը կոչէ իր ծնունդը խորհրդանշող այս ձեռնարկները: Անկեղծ ըլլանք, ՀՅԴ-ն է, որ հիմնական եւ նախանձախնդիր հետապնդողը կ՛ըլլայ մայիսեան հանդիսութիւններուն եւ ազգային ուխտի վերանորոգման, իսկ ուրիշներ` կառավարութիւն, խորհրդարան, նախարարութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ իբր թէ իրենց ներկայութիւնը կը բերեն, եւ` ոչ աշխուժ մասնակցութիւն, իբր թէ իրենց չի պատկանիր կազմակերպուող ձեռնարկներուն մէջ խտացուած խորհուրդը, օտարէն հրաւէր ստացողներուն պէս` իրենց սոսկական ներկայութեամբ «համերաշխութեան» նշաններ կը պարզեն, այդպիսով պահ մը տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ եթէ ՀՅԴ-ն վերընձիւղուած չըլլար հայրենիքին մէջ, 28 մայիսը պարզապէս գոյութիւն չէր ունենար հայաստանեան օրացոյցին մէջ: Նոյնիսկ ապրիլեան իշխանափոխութենէն ետք նոր կառավարութիւնը աշխուժօրէն մասնակցեցաւ մայիսեան ձեռնարկներուն, սակայն հնչած երգերը, ռուսական ռազմական երգերը եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի «Յաղթանակի օր»-ուան յատուկ երեւոյթները, որոնք մաս կազմեցին 28 մայիսին, ցոյց կու տան, որ նոր կառավարութիւնն ալ հաւատարիմ կը մնայ խորհրդային ժամանակներէն երկարող խեղաթիւրման քաղաքականութեան` շարունակելով նախորդ իշխանութեանց աւանդութիւնը եւ չ՛ուզեր լիարժէք գնահատականը տալ եւ ազգային մեծ տօնի վերածել մայիս 28-ը:
Եզրակացութիւն. Հայաստան իրաւական իմաստով անկախ է, այո՛, սակայն հոգեբանական իմաստով, դժբախտաբար գերի կը մնայ տակաւին: Այժմ պահ մը դիտենք սփիւռքի պարագան: Հայ աւանդական կուսակցութիւններ` ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ պաղ վերաբերում ունին 28 մայիս 1918-ին մէջ ՀՅԴ-ի առանցքային դերակատարութեան հանդէպ: Գիտեմ` շատերը կրնան ըսել, որ ո՞վ եմ ես եւ ի՞նչ իրաւունքով կը խօսիմ նման տարողութիւն ունեցող նիւթերու շուրջ, կուսակցական չեմ նոյնիսկ: Ճիշդ է, սակայն քար լռութիւն պահելը եւ «զսպուածութիւն» ցուցաբերելը նման «փափուկ» հարցերուն հանդէպ` օգուտ չի բերեր, այլ կը խորացնէ ստեղծուած բացը եւ կը բեւեռացնէ կողմերը: Իբրեւ մէկ ազգ, մէկ ընտանիք` պարտաւոր ենք խօսիլ մեր ազգային համաձայնութեան վնաս հասցնող հարցերուն շուրջ եւ արմատական լուծումներ փնտռել անոնց: Հայ ենք բոլորս, նախ եւ առաջ, իսկ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ մտածելու եւ գործելու միջոցներ են, ոչ թէ` ազգութեան եւ ինքնութեան յատկանիշներ: Քա՛ւ լիցի, մեր կուսակցութիւնները կրնան տեղ մը տկարանալ կամ վերջ գտնել, սակայն Արարատը տկարութիւն չի ճանչնար եւ պիտի չփլի երբեք: Արդարեւ, հայեցի ազգութիւնը կրող իւրաքանչիւր մարդ, այր թէ կին, ծերունի թէ երիտասարդ, պարտաւոր է ճանչնալ, ընդունիլ եւ հպարտանալ 28 մայիս 1918-ով, քանի որ կերտուած այս յաղթանակը կը պատկանի հայ մարտիկին, հայ կղերականին, հայ կնոջ եւ հայ պատանիին` առանց գաղափարական խտրութեան եւ քաղաքական արեւելումի: Հայազգի բոլոր շերտերով կերտուած յաղթանակը ամբողջ ազգին կը պատկանի, ոչ թէ` կուսակցութեան մը կամ սահմանափակ որեւէ շրջանակի: Մայր հողը ոռոգած արիւնը բոլորին էր, հետեւաբար անկէ հասած անկախութեան պտուղներով հպարտանալը` բոլորին պարտականութիւնը: Հպարտութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան զգացումներ ապրելով հանդերձ, ամէն հայ պարտաւոր է նաեւ ճշմարտութիւնը գիտնալ: Անկախ պետութիւնը վերականգնելու եւ համազգային դարաւոր ձգտումին պսակումը ապահովելու ճամբուն վրայ անուրանալի է դերը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ մղուող պայքարին հիմնական գաղափարախօսը եւ դրօշակիր հանդիսացաւ եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը ստանձնեց այդ ճակատագրական փուլին: Իմաստ չունի հակադրուելու այդ իրողութեան եւ նսեմացնելու ՀՅԴ-ի դերը 28 մայիս 1918-ին մէջ կամ, ընդհանրապէս, խեղաթիւրելու այս թուականը, քանի որ ինքը` ՀՅԴ-ն երբեք չսեփականացուց 28 մայիսը եւ մինչեւ օրս ճիգ չի խնայեր, որ հայ ազգի բոլոր զաւակները հաւասարապէս տէր կանգնին 28 մայիս 1918-ին, երեւոյթ մը, որ ցոյց կու տայ, որ ՀՅԴ-ի համար ազգային-պետական շահերը ամէն բանէ վեր են: Ամէն մարզախումբ, ամէն մարտական ջոկատ կամ քաղաքական հոսանք ունին իրենց խմբապետը, հրամանատարը կամ առաջնորդը: 28 մայիս 1918-ն ալ ունի իր առաջնորդը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Վերոյիշեալ թուականին անտեսումը կամ ըստ պատշաճի արժեւորման մերժումը կը հարուածէ մեր ազգային ուժը ներկային եւ կը տկարացնէ մեր միասնական կամքը` նոր յաղթանակներ կերտելու ապագային:
Կարեւորութիւն պէտք է տանք արձանագրուած նուաճումին եւ անկէ բխող արդիւնքներուն, պահպահենք յաղթանակի խորհուրդը եւ տէր կանգնինք ճակատագրական այդ դէպքին, ոչ թէ խեղաթիւրման եւ արժեզրկման արշաւին ձեռնարկենք: Երբ անդրադառնանք եւ ըմբռնենք այս ճշմարտութիւնը, այն ատեն պիտի հասկնանք, որ առանց 28 մայիս 1918-ին` պիտի չըլլար սփիւռքահայութեան գոյատեւման փարոս եւ հայրենի հայութեան տուն եղող այսօրուան անկախ Հայաստանը, պիտի չըլլային յաղթական ազատ Արցախը եւ քաջարի հայոց բանակը, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ գոյութիւն պիտի չունենար միացեալ Հայաստան կերտելու գրաւականը եղող 29 հազար քառ. քմ հայրենի հողատարածքը: Հանրապետութեան երկրորդ դարը թեւակոխելով` թօթափենք անհիմն կարծրատիպերը, շրջենք զմռսուած նեղմիտ մտայնութիւնները, պայքարինք հոգեբանական ազատագրութեան համար, անդրադառնանք, որ մայիս 1918-ին ազգովին յաղթեցինք, յաղթանակը բոլորիս կը պատկանի, եւ բոլորս տէրն ենք դարակերտ իրագործումին: Ամէն հայ, ո՛ւր ալ գտնուի, ի՛նչ ալ գաղափարական դաւանանքի հետեւողը ըլլայ, պէտք է գիտակցի, որ 28 մայիս 1918-ը ազգային սխրանք է, ազգային պարծանք է եւ ազգային պահանջատիրութեան ակունք է: Հարիւր եւ մէկ տարի առաջ միասնական ճիգով մը տէր դարձանք մեր ճակատագրին, մեր պատիւին եւ մեր արժանապատուութեան: Ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքին տիրելով` տիրե՛նք նաեւ մեր անցեալին: Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս կրնանք Թուրքիայէն պահանջել, որ իր արիւնոտ եւ ոճրագործ անցեալը ընդունի, եթէ մենք` հայերս կը մերժենք մեր փառաւոր անցեալը: