Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Կաղնի Մը Եւս Տապալեցաւ (Հանգուցեալ Լեւոն Ճերմակեանի Յիշատակին)

$
0
0

Քառասուն օր առաջ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց ազգային հասարակական ծառայութեան մէջ թրծուած ու հանրածանօթ մտաւորական, ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի, ինչպէս նաեւ «Կեսարիա, Նոր Կեսարիա եւ ժառանգորդներ» գիրքի հեղինակ Լեւոն Ճերմակեանը:

Պէյրութի Ս. Ժոզեֆ համալսարանէն վկայուած երիտասարդը երկար տարիներ պաշտօնավարած էր զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է զանազան ազգօգուտ  յանձնախումբերու: Ան իր փորձառութեամբ օգտակար եղած է ԱՖԷՏ միջբարեսիրական յանձնախումբին, Ազգ. առաջնորդարանի կալուածոց յանձնախումբին ու Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան` բազմիցս ընտրուելով վարչութեան անդամ: Ան ձեռնհասօրէն վարած է վարչութեան ատենադպրութիւնը երկար տարիներ, մինչեւ իր մահը, միշտ ներկայացնելով շինիչ ու գործնական առաջարկներ, մանաւանդ` դպրոցական կրթանպաստի վերաբերեալ:

Հանգուցեալին մասին կարելի է ըսել, որ ան ծառայասիրութեան մարմնացումն էր. անոր գրախանութը կը դիմէր զանազան տեսակի ծառայութիւններու կարիք ունեցող ամէն ոք, ու ան իր բարեկամական կապերուն միջոցով կը գտնէր բարւոք լուծում անոնց կարիքներուն, ըլլային անոնք նիւթական կամ բարոյական:

Ան հայ կամ արաբ ուսանողներուն բարեկամն էր ու անոնց կը հայթայթէր պէտք եղած գիրքերը` նուազագոյն շահաբաժինով.  անոնց նաեւ կու տար հայրական խրատներ` լաւագոյնս օգտագործելու իրենց ընձեռուած ուսանելու թանկագին առիթը:

Կաղնիի նման ամուր ու հաստատ էր իր սկզբունքներուն մէջ, որոնք հեռու էին զգացականութենէ եւ հիմնաւորուած էին գիտական տրամաբանութեան վրայ: Չէր հանդուրժեր երկերսութիւն կամ շողոքորթութիւն: Իր ըսելիքը ուղղակիօրէն կ՛ըսէր խնդրոյ առարկայ անձին` առանց ծամծմելու իր խօսքերը:

Իր կորուստը անփոխարինելի է, մանաւանդ` այս նիւթականացած դարուն, երբ եթէ ոչ հազուագիւտ, առնուազն շատ քիչ են իրեն նման ազգային գործերով զբաղելու պատրաստակամութիւն ունեցողները:

Գլխագիր մարդ էր հանգուցեալ Լեւոն Ճերմակեանը, անշահախնդիր բարեկամ մը, որուն անթառամ յիշատակին դիմաց կու գանք խոնարհելու ու ըսելու` «Chapeau bas!»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

22 մայիս 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>