ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Մօտ 40 օր առաջ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ իր դրոշմը ձգած նուիրեալներէն մէկը` դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան: Մտաւորական լայն պաշարի տէր անձ` ան գիրքերով հետաքրքրուած անձերուն ուշադրութեան կեդրոնն էր: Անձնապէս մեզի համար Լեւոն Ճերմակեանի անձը առնչուած էր 1980-ին Պուրճ Համուտի մէջ իր հիմնադրած «Ոսկեդար» գրախանութին հետ, ուր երբեմն գացած ենք եւ ականատես դարձած ենք անոր մտաւորական լայն հորիզոնին, եւ գիտնալով, որ «Ազդակ»-ի մէջ կը պաշտօնավարենք, պարոն Ճերմակեանը մեր առջեւ կը բանար իր ամբողջ միտքը եւ կը խօսէր թէ՛ ազգային, թէ՛ գրական հարցերու մասին: Մենք այսպիսի մտաւորական հաճելի մթնոլորտ երեք տեղ տեսած ենք: Մէկը Արաքս փողոցի սկիզբը` հանգուցեալ Նուպար Պէրպէրեանի երբեմնի գրախանութն էր, երկրորդը` երդուեալ թարգմանիչ հանգուցեալ Յովսէփ Էսքիճեանի գրասենեակը, իսկ երրորդը` «Ոսկեդար»-ը, որ իր հիմնադիրին իսկ բնորոշումով, ստեղծուած է իբրեւ «Հայ գիրքի տուն», «Հայ գիրքի տարածման ընկերութիւն»:
Սակայն դոկտ. Լեւոն Ճերմակեանին մահը եկաւ մեզի համար բացայայտելու ուրիշ տեսակի անձնաւորութիւն մը: Եւ ասիկա շատ ցայտուն կերպով երեւաց յուղարկաւորութեան օրը, երբ անոր վերջին յարգանքի տուրք տալու եկած էին լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր եկեղեցական, ազգային, հայրենակցական թէ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչները: Այլեւս ան սոսկ «Ոսկեդար» գրախանութին հիմնադիրը չէր, որուն ընդմէջէն շուրջ 39 տարի անընդմէջ խոնարհ ու համեստ կերպով ան իր ներդրումը բերաւ գիրքի տարածման աշխատանքին: Տակաւին անաչառ պատմաբանը իր խօսքը պիտի ունենայ ըսելիք, թէ այս անձնաւորութիւնը ինչպիսի նպաստ բերած է լիբանանահայ գաղութի վերելքին:
Կեսարացի հօր զաւակ` Լեւոն Ճերմակեան (Աքօղլանեան) ծնած է 1937-ին, Պէյրութի մէջ: 1956-ին կ՛աւարտէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն ստացած է քաղաքական գիտութիւններու լիսանսի վկայականը, իսկ Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանէն տիրացած է դոկտորական վկայականին` քաղաքական փիլիսոփայութեան մարզին մէջ: Եղած է հայերէնի ուսուցիչ` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: 28 երկար տարիներ պաշտօնավարած է իբրեւ «Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութեան փոխտնօրէն` տնօրէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի կողքին:
Դոկտ. Լեւոն Ճերմակեանի ներդրումը լիբանանահայ գաղութի ծաղկման ու վերելքին մէջ մանաւանդ արտայայտուած է Լիբանանի հայոց թեմի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծիրին մէջ իր ստանձնած զանազան ձեւի պատասխանատուութիւններուն ընդմէջէն: Շուրջ 50 տարի շարունակ ան ծառայած է Ազգային իշխանութեանց զանազան յանձնախումբերուն մէջ, մասնակցած է միջեկեղեցական հանդիպումներու: Նշեալ յանձնախումբերէն յիշենք Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը, որուն հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է ան, բնակարանային յանձնախումբը, կարօտելոց յանձնախումբը եւ դամբարաններու օրինականացման յանձնախումբը: Վերոյիշեալ ընկերային յանձնախումբին յատկանշական աշխատանքներէն մէկը եղած է 4 մայիս 1974 թուականին Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային կեդրոնին բացումը: Այդ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանած է Լեւոն Ճերմակեան` նշելով, որ յանձնախումբը ստեղծուած է գաղութին մէջ գտնուող եւ Ազգային առաջնորդարան դիմող ընկերային պարագաներով հետաքրքրուելու համար: Իսկ այդ Ընկերային կեդրոնը կը գտնուէր Ազգային ծերանոցին դիմաց, անոր բացումը կատարուած է` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանը այդպիսի կեդրոնի մը կարիքը ունէր:
Դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան 18 տարի անընդմէջ եղած է նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` քաղաքապետներ տոքթ. Զաքար Մկրեանի եւ Ցոլակ Թիւթէլեանի գլխաւորած քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ: Եղած է նաեւ Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան անդամ:
Կանուխ տարիքէն եղած է հաւատաւոր դաշնակցական կուսակցական եւ անսակարկ կերպով ծառայած է ՀՅԴ-ին` մինչեւ իր կեանքին վերջը: Իր կուսակցական եւ ազգային հաւատոյ հանգանակին բերումով հայութիւնը եւ հայկական մշակոյթը ամէն բանէ վեր դասած է: Եւ շնորհիւ իր այս ազգային մտածողութեան` նոյնիսկ գաղափարապէս իրեն հակառակորդներուն յարգանքին արժանացած է: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն առաջ թէ անոր ընթացքին ան ընդդիմադողներէն մէկը եղած է Լիբանանէն հայութեան արտագաղթին` միշտ հաւատարիմ ու կառչած մնալով այս երկրին եւ լիբանանահայութեան համար անոր ունեցած կարեւորութեան:
Դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան հեղինակ է երեք հատորներու` «Ֆրանսերէն-հայերէն հնչիւններով բառարան», «Հոգեվերլուծական երազահան» եւ «Կեսարիոյ արձագանգ»: Ան «Ոսկեդար» հրատարակչատան միջոցով հրատարակած է հետեւեալ հատորները. Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը», Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»-ը, Աւետիք Իսահակեանի «Առակներ»-ը, Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-ը, Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»-ը, Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը, Վահան Թէքէեանի «Բանաստեղծութիւններ»-ը, Սիլվա Պեզիրճեանի «Արդի խոհանոց-ճաշեր» եւ «Արդի խոհանոց- անուշեղէններ» հատորները, Ազգային յեղափոխական եւ ժողովրդային երգարան, ինչպէս նաեւ` այլ հանրամատչելի հատորներ:
Դեռ կարելի է երկար գրել դոկտ. Լեւոն Ճերմակեանի մասին: Բայց միայն այն իրողութիւնը, որ ան հայ գիրքի հաւատարիմ երախտաւորն էր մինչեւ իր կեանքին վերջը եւ իր հիմնադրած «Ոսկեդար» գրախանութին ընդմէջէն մնայուն ներկայութիւն դարձաւ, ասիկա իր անունը անջնջելի կը դարձնէ լիբանանահայ մշակութային կեանքի պատմութենէն: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, դոկտ. Լեւոն Ճերմակեան: