Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Ո՞րն Է Արմատական Լուծումը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ վարչապետ Փաշինեանի եւ իր համախոհներու իշխանութեան գալէն ի վեր բազում անգամներ շեշտած եմ կենսական կարեւորութիւնը ամբոխը տուն ճամբելու եւ վերջ տալու զայն որպէս քաղաքական խարիսխ գործածելու վտանգաւոր մոլորութեան: Ամբոխը քաղաքական ուժ չէ եւ պիտի չըլլայ: Ան միայն կրնայ թունաւորել երկրի քաղաքական մթնոլորտը եւ զայն մղել մէկ անգուշակելի ձախաւերութենէն դէպի միւսը: Պիտի նաեւ ըսեմ, որ խորապէս հիասթափուած եմ, որ Պր. Վարչապետը ցարդ չ՛անդրադառնար այս տարրական ճշմարտութեան եւ կը շարունակէ իր քաղաքական յոյսերը կապել ամբոխի կարծեցեալ ուժին:

Հարց պէտք է տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՛ունենար երէկ օփերայի հրապարակին վրայ` հնարաւոր դարձնելով այն անիշխանական քաշկռտուքը, որուն ականատես կ՛ըլլայինք աշխարհով մէկ` չհաւատալով մեր աչքերուն: Ականատես կ՛ըլլային մեր փոքրերը, մատղաշ տղաքն ու աղջիկները, որոնք կեցած էին համացանցի պաստառներուն առջեւ: Որո՞նք էին հրապարակի այս գրոհականները, զորս ոստիկանութիւնը կը փորձէր զսպել եւ չէր կրնար: Մէկ բան պա՛րզ էր: Ասոնք պր. Վարչապետին համակիրներն էին: Իր հիացողները: Իր խօսքերէն սնանողները: Իր քաղաքականութեան ապաւէն հայթայթողները: Երկու հաւանական եզրակացութիւններու կարելի էր յանգիլ` դիտելով բեմադրուող այս տխուր պատկերը: Երկու` մէկը միւսէն անորակելի հետեւութիւններո՛ւ: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային պր. Վարչապետին գիտութեամբ եւ հաւանութեա՞մբ… թէ՞ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային պր. վարչապետի կամքին հակառակ: Ո՞րն էր այս երկուքէն, որուն պէտք էր հաւատային Հայաստանի հանրութիւնն ու սփիւռքը` կարենալ գնահատական տալու համար ստեղծուած այս կացութեան: Ամբոխը շղթայազերծելու փորձութեա՞ն, թէ՞ ամբոխը չկարենալ զսպելու վտանգաւոր հաւանականութեան:

Կը գտնուինք մեծապէս մտահոգիչ անկիւնադարձի մը վրայ, պր. վարչապե՛տ: Կը գտնուինք պայթուցիկ կացութեան մը առջև, որ պիտի կրկնէ ինքզինք նորէն ու նորէն եւ ամէն անգամ` աւելի մեծ ուժգնութեամբ եւ անգուշակելի հետեւանքներով եւ մօտէն յուշելով մարտ 1-ի ողբերգութիւնը: Ժամանակն է օրուան հարցերու թակարդէն վեր ելլելու եւ հաղորդակցութեան առողջ ուղիներ հաստատելու երկրի բոլոր հարազատ քաղաքական ուժերուն հետ: Ժամանակն է մանաւանդ փողոցը տուն ճամբելու եւ միանգամընդմիշտ վերջ դնելու այս վտանգաւոր խաղին: Ժամանակն է հիմը դնելու քաղաքական առողջ բանավէճի մշակոյթին: Այս իշխանութիւնը ողբալիօրէն պարտուած է առանց այդ բանավէճին: Պարտուած է բոլոր իր մեծամասնութիւններով հանդերձ: Եւ ձեր այդ ճակատագրական պարտութիւնը ուղիղ յառաջատւութեամբ (progression) կը վերածուի մեր պետականութեան պարտութեան: Մի՛ հաւատաք բոլոր այն փուճ սիրալիրութիւններուն, զորս Արեւմուտքն ու Արեւելքը կը շռայլեն ձեզի ձեր այցելութիւններու ընթացքին:

Ես կ՛ուզեմ յիշեցնել ձեզի, որ դուք հարկադրուած էք մեր պետականութեան դատը շահելու մեր հայրենի հողի՛ն վրայ: Պիտի կարողանաք շահիլ ամէն մէկ քաղաքի ու գիւղի մէջ եւ` ամէն մէկ գաղթօճախի: Պիտի շահիք ոչ թէ ձեր քաղաքական դիրքերը ամրացնելու սին միտումով, այլ` ջանալով ամրապնդել մեր երկրի լինելիութեան հիմքերը: Ձեր յաղթանակի գրաւականը ձեր համախոհները չեն եւ չեն կրնար ըլլալ: Պետականութեան ղեկավարը պիտի կարողանայ ինքզինք անջատել կուսակցական ղեկավարի բռնութենէն եւ ինքզինք նուիրել ազգի ու հայրենիքի ղեկավարման նուրբ եւ պատասխանատու գործին: Ձեր գործի փորձադաշտը կը գտնուի այն իսկ տեղ, որմէ դուք յայտնօրէն կը թուիք խորշիլ: Դուք անկեղծօրէն պիտի փնտռէք ձեր ընդդիմախօսներու «կնճռոտ» խորհրդակցութիւնն ու վէճը` փոխանակ բանտարկուելու ձեր համախոհներու նեղ աշխարհին մէջ: Դուք պիտի կարողանաք խօսիլ մեզի՛ եւ այլ ընդդիմադիր ուժերու հետ` կարենալ միաւորելու համար երկիրը իր սուր անելիքներուն շուրջ:

Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, դեռ ախտանիշն է գալիքին: Կը թուի երկիրը մտած ըլլալ այնպիսի սխալ տարերոյթի (dynamics) մը ալիքին մէջ, որ միայն կրնայ ուտել իր կենսունակութիւնը, եւ որմէ պէտք է դուրս գալ ամէն գնով եւ առանց այլեւայլի: Եւ կտրականապէս վե՛րջ տալ յեղափոխութիւն խաղալու անպտուղ փորձերուն եւ լծուիլ իսկական գործին: Երկիրը պէտք ունի համակարգային եւ արմատական փոփոխութիւններու:

Երկիրը պէտք ունի իր տնտեսաձեւը արդիականացնելու, զայն ուժականացնելու, զայն մարդկայնացնելու: Երկիրը պէտք ունի աղքատութեան ճիրաններէն ձերբազատելու: Երկիրը պէտք ունի իր գործօն, հպարտ, ինքնավստահ եւ ապագայասևեռ մարդուն: Երկիրը պէտք ունի իր հարազատ զաւկին, որ փարի իր հողին եւ ազգային բարիք ստեղծէ: Այն զանգուածը, զոր դուք գազազած ամբոխի վերածեցիք, պէտք է վերադառնայ ինքզինքին եւ իր հայրենի առաքելութեան ու իր գոյութեան իմաստը փնտռէ մեր դժուար, բայց` անպայման փայլո՛ւն, ապագան կերտելու գործին մէջ: Եւ այս ճամբան այլընտրանք չունի: Մեր կեանքի բոլոր դաժան հարցականներու բանալին կը գտնուի այս արմատական լուծման մէջ:

19 մայիս, 2019
Ուաշինկթըն

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>