Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Հայ Դպրոցը` Հայկական Դիմագիծի Պաշտպան» Նիւթով Խորհրդաժողով

$
0
0

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այժմէական նիւթով խորհրդաժողով մը` «Հայ դպրոցը` հայկական դիմագիծի պաշտպան» խորագիրով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան գաղութի հայկական երկրորդական վարժարաններու տնօրէններն ու հայոց լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ` երկրորդական կարգերէն աշակերտներ:

Յովիկ Ադամեան

Սեւակ Պեքերեճեան

Հայաստանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Սեւակ Պեքերեճեանը: Ան նշեց, որ սոյն խորհրդաժողովը կազմակերպած են շեշտը դնելու համար հայ դպրոցի մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութեան վրայ: Հայրենիքէն հեռու հասակ առած սերունդները մարդկային բարձր արժէքներով եւ հայեցի յանձնառու շունչով կերտող հնոցն է այս կառոյցը, որքան ալ մեծ եղած ըլլան անոր դէմ ցցուած դժուարութիւնները անցեալին թէ ներկային: Ան յայտնեց, որ հայ դպրոցը, շնորհիւ իր յարկին տակ գործող ծանօթ թէ անծանօթ անթիւ նուիրեալներու խրոխտ շարքերուն, արժանավայել ձեւով յաղթահարած է ժամանակի ստեղծած բոլոր դժուարութիւնները` հայավայել քաջութեամբ եւ զոհողութիւններով դիմագրաւելով ամէն մարտահրաւէր: Հայ դպրոցին մէջ հասակ պիտի առնէ վաղուան ազնիւ հայ մարդը, հայ դաստիարակը: ՀՅԴ երիտասարդական միաւորը հայ դպրոցի անժամանցելի արժէքին անսակարկ հաւատացող է եւ անվարան պաշտպանը: Սեւակ Պեքերեճեանը այս խորհրդաժողովը նկատեց համեստ ներդրում մը` հայ դպրոցի օրակարգի շուրջ համախմբուելու եւ խորհրդածելու, ապա` միասնաբար որոնելու զայն աւելիով պաշտպանելու միջոցները: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ ԼԵՄ-ը միշտ շեշտը կը դնէ հաւաքական կեանքը արժեւորող կառոյցներու` դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ ակումբներու շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք անվտանգ մնան:

Ապա ԼԵՄ-ի կողմէ պատրաստուած վիճակագրութիւնը ներկայացուց ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Յովիկ Ադամեանը:

Շաղիկ Խիւտավերտեան

Այնուհետեւ խորհրդաժողովի զրոյցի մեկնարկը կատարեց Շաղիկ Խիւտավերտեանը: Ան ողջունեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նախաձեռնութիւնը, որ երիտասարդութիւնը իր գործի դաշտին մէջ կը ներառէ հայ դպրոցը եւ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ: Ասիկա յուսադրիչ է աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար: Ան եզակի նկատեց համատեղ համախմբումը եւ քննարկումը` տնօրէնի, ուսուցիչի, աշակերտի միջեւ: Շաղիկ Խիւտավերտեանը յայտնեց, որ հայ դպրոցը առօրեայ պայքարի մէջ է: Այդ պայքարը ինքնանպատակ գոյատեւումի համար չէ, իր դռները բաց պահելու համար չէ, իր դասարաններուն աշակերտները թիւով յաւելում արձանագրելու համար չէ: Պայքար է որակ ապահովելու, պայքար է իւրաքանչիւր  հայ աշակերտի հասնելու ազգային իբրեւ նպատակ եւ տեսլական: Այդ պայքարը հետզհետէ կը դժուարանայ նիւթական, վարչական, ուսուցիչի, աշակերտի իմաստով: Բոլորին մտահոգութիւնը հայ դպրոցը որակաւոր հաստատութիւն պահել է` յանուն հայ աշակերտին ազգային կազմաւորման:

Շաղիկ Խիւտավերտեան այնուհետեւ նախաբան մը  ներկայացուց հայ դպրոցի իւրայատկութեան մասին: Ան երեք կէտերու շուրջ խօսեցաւ` առաքելութիւն, ազգային իւրայատկութեան կազմաւորում եւ կրթական համակարգ: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը` իբրեւ ազգային ինքնութեան կազմաւորման միջավայր, իւրայատուկ դեր կը ստանձնէ, որովհետեւ աշխարհի մէջ չկայ հայ դպրոցին նման դպրոց: Սփիւռքի իրականութեան մէջ հայ դպրոցը` իբրեւ ակադեմական դաստիարակութիւն, կը ստանձնէ այս դերը այն ժամանակաշրջանին, երբ համաշխարհային իմաստով մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիքին կը համընկնի: Մանկավարժութեան մէջ պատանեկութեան տարիքը կը յատկանշուի ինքնութեան փնտռտուքի տագնապով` ըստ էութեան: Հայ ժողովուրդին համար առաքելութիւնը կրկնակի իմաստ կ՛ունենայ: Ընտանիքը եւ միջավայրը կ՛օգնեն պատանիին` դէպի հասունացում անցնելու, իսկ դպրոցը գերակշիռ դեր կ՛ունենայ յստակ նպատակներով,  եւ այդ դերին մէջ վերապահուած են պաշտօնական եւ անպաշտօն գործերը: Հայ աշակերտը դպրոց կու գայ իր ծնողքին ընտրութեամբ: Մեր յաջողութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, երբ հայ աշակերտը գիտակցական մօտեցումով կը շարունակէ մէկ մասնիկը դառնալ հայ դպրոցին: Ապա ան նշեց, որ հոգեբանութեան մէջ ինքնութեան տագնապը կը յատկանշուի չորս փուլերով`

Ա. Ինքնութեան ցրուած իրավիճակ, երբ պատանին տակաւին չէ անդրադարձած ու չի գիտեր որոշումներ կայացնել:

Բ. Ինքնութեան կանխահաս եւ ոչ խորքային ընթացք, երբ պատանին որոշակի կապուածութիւն կը զգայ իր ինքնութեան, բայց ատիկա իր ընտանիքին եւ շրջապատին յարմարելու ճիգէն կը մեկնի:

Գ. Առժամեայ առկախում իր ինքնութեան, երբ պատանին կ՛անդրադառնայ, որ կայացուած ինքնութեան մը կարիքը ունի ու կը սկսի ուսումնասիրել, փնտռել, որ առողջ երեւոյթ է, եւ հոս կը կայանայ դպրոցին կարեւորագոյն առաքելութիւնը, որ պիտի օգնէ պատանիին հասնելու վերջին իրավիճակին:

Դ. Ինքնութեան նուաճում, երբ գիտակցաբար եւ հպարտութեամբ կարենայ աշակերտը ըսել, որ կը պատկանի հայ ժողովուրդին, հայօրէն կը մտածէ: Այս չորս մակարդակներուն մէկէն միւսը անցումը մեծ գործ է, փնտռտուքի տագնապ է, եւ իւրաքանչիւր ներդրում պէտք է նպատակաուղղուած եւ ծրագրաւորուած ըլլայ: Հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն վերապահուած է առանցքային դեր, որովհետեւ անոնց հաւատամքը, սկզբունքները, կրթական աշխատանքներուն ակադեմական յաջողութիւնը կ՛օգնեն անհատին կազմաւորման: Ասոնք համընթաց եւ համատեղ պէտք է ընթանան:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Շաղիկ Խիւտավերտեան, խօսեցաւ ազգային ինքնութեան կազմաւորման մասին. գրաւոր ուղեցոյց եւ մասնագիտական ծրագրուած ձեւ, կրթական փիլիսոփայութիւն չկան: Ինքնութիւնը վերացական յղացք է, բայց մանկավարժութեան մէջ յստակ աշխատանքային ծրագիրներ կան, որոնք ինքնութիւն կը կազմաւորեն: Ան դպրոցի մը ազգային ինքնութեան կազմաւորումը արժեւորեց եւ սահմանեց հետեւեալ հաստատումով. պատանին իր ազգին հետ կը զգայ առնչուածութիւն, ներգրաւուած է ազգային- հասարակական կեանքին մէջ, դրական զգացողութիւն ունի, հաւաքական նպատակները իրը կը նկատէ, որ պիտի նպաստէ ազգի բարելաւման:

Րաֆֆի Տեմիրճեան

Խորհրդաժողովին երկրորդ` «Տնտեսական, վարչական, աշակերտական թիւի եւ որակի արժեւորում» նիւթը ներկայացուց Րաֆֆի Տեմիրճեանը: Ան ԼԵՄ-ի նախաձեռնութիւնը` այս խորհրդաժողովի կայացումը պատահական չնկատեց, այլ` մտահոգութիւններէ մեկնած: Այսօր լիբանանահայ գաղութին մէջ հայ դպրոցը նկատեց  գոյութեան երաշխիքը: Ապա ան երկու բառեր ընդգծեց իր նիւթին սկիզբը` մերժում եւ յետաձգում: Մեր իրականութեան մէջ այսօր լիբանանահայ գաղութը եւ դպրոցները կ՛ապրին մերժողական եւ ուրացման մօտեցում եւ իրականութիւններէ խուսափելու կարգավիճակ: Դպրոցները լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին: Կը բացակային հաւաքական մօտեցումն ու աշխատանքը: Անհատական ծիրին մէջ աշխատանք կը տարուի, բայց` ոչ  հաւաքական: Բոլոր իրականութիւնները գիտնալով հանդերձ, կը յետաձգենք` նահանջի ենթարկելով հայ դպրոցին թիւը, որակը, տեսակը, մարդուժը: Ապա ան ներկայացուց թուային պատկերները, որոնք մեծ նահանջ արձանագրած են: 1965-ին հայ աշակերտութեան թիւն էր` 13,398, 1974 -1975-ին` 21,000, 1987-1988-ին` 12,924, 1991-ին` 11,900, 2001 – 2002-ին` 8327, 2011 -2012-ին` 6575, 2016 – 2017-ին` 6433, իսկ այսօր շուրջ` 5508: Վերջին թիւը մտահոգիչ կը թուի: Մեր դպրոցներուն թիւը 1964 – 1965-ին 44 էր, հասած է մինչեւ 56, իսկ ներկայիս կը գործէ միայն 19 դպրոց: Բնակչութեան տեղաշարժը, արտագաղթը պատճառ են աշակերտութեան թիւի նուազումին: Նաեւ կայ ոչ հայկական վարժարան յաճախելու երեւոյթը: Ուսումնասիրութեան մը համաձայն,  հայ աշակերտութեան յիսուն տոկոսը կը յաճախէ ոչ հայկական վարժարաններ:

Րաֆֆի Տեմիրճեանը եօթը կէտերու մէջ նշեց ոչ հայկական վարժարաններ յաճախելու երեւոյթը.

Ա. Երկրի տնտեսական վիճակը,
Բ. Որակի նկատմամբ ծնողներուն հարցադրում ունենալը,
Գ. Ցուցամոլութեան երեւոյթը,
Դ. Պաշտօն եւ միջավայր փնտռելու ծնողներուն մօտեցումը,
Ե. Մեր ունեցած թերութիւններն ու արգելքները,
Զ. Ծնողներուն մէջ զարգացած ապազգային մօտեցումը,
Է. Հայրենագիտական դասանիւթերու մերժումը:

Րաֆֆի Տեմիրճեանը նաեւ մատնանշեց, որ լիբանանահայ վարժարաններու գոյութիւնը վտանգող եւ ներկայիս դիմագրաւած հիմնական խնդիրը տնտեսականն է: Ան նշեց, որ ուսուցիչներուն որոշուած յաւելումները դպրոցները երկարաժամկէտ գոյատեւելու վտանգին դիմաց կը դնեն: Այսօր եթէ լուծումներ չգտնուին, վաղը արդէն ուշ է: Մեր դպրոցները նիւթական մնայուն աղբիւրներ չունին: Դպրոցի որակ ստեղծելը կարեւոր է, եւ միայն պետական քննութիւններուն յաջողիլը չէ: Որակ ստեղծել՝ կը նշանակէ քննական ու վերլուծական միտքի զարգացումը: Կրթական համընդհանուր համակարգ գոյութիւն չունի: Ան նշեց, որ ներկայիս հայ ուսուցիչներուն թիւը նուազած է: Հայեցի դաստիարակութիւն միայն հայոց լեզու դասաւանդող ուսուցիչը չէ, որ կը փոխանցէ, այլ նաեւ` հայ ուսուցիչին ներկայութիւնը: Րաֆֆի Տեմիրճեանը նաեւ նշեց, որ որակի ստեղծումը արդիականացումով չ՛ապահովուիր: Կարգ մը դպրոցներ ունին այդ գործիքները, բայց ատիկա  կը գործածուին միայն փրոճեքթըրի սահմանին մէջ: Դպրոցներու մասին ուսումնասիրական աշխատանքներ գրեթէ բացակայ են, առարկայական արժեւորում պէտք է դպրոցներու մասին: Ան նշեց, որ տեղայնական մտայնութենէ դուրս պէտք է ելլել, մենք մեզի կը վնասենք: Հայ դպրոցին առաքելութիւնը համընդհանուր է: Ան ահազանգային մթնոլորտ սեպեց ներկայ վիճակը: Դպրոցներու փորձառութեանց փոխանակումը կը նպաստէ մեր այս վիճակէն դուրս գալու:

Վիգէն Աւագեան

Խորհրդաժողովին յաջորդ զեկուցաբերը` Վիգէն Աւագեանը ներկայացուց «Հայ դպրոցին դերը եւ մասնագիտական պատրաստութիւն» նիւթը: Ան ընդգծեց, որ հայ դպրոցը միայն գիտելիք, տեղեկութիւն եւ պետական ծրագիր փոխանցող հաստատութիւն մը չէ: Այս բոլորին կողքին, ան հայկական դիմագիծ, նկարագիր եւ ինքնութիւն կերտող միջավայր մըն է, ուր կը կազմաւորուին մարդիկ, որոնք հայ ընտանիքի, հայկական միջավայրի, հայ ազգին եւ Հայաստանի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, ապրումը, սէրն ու յանձնառութիւնը կ՛ունենան: Հայերէնով դասաւանդող բոլոր ուսուցիչները, ի՛նչ նիւթ ալ դասաւանդեն անոնք, իրենց պահերը կրնան օգտագործել յանձնառութեան հասկացողութիւնը փոխանցելու համար: Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին դասարաններուն կարելի չէ խօսիլ յանձնառութեան մասին, սակայն կարելի է խօսիլ կարգ մը սկզբունքներու մասին, ինչպէս` արդարութեան, օրինազանցութեան, ազատութեան, ազնուութեան, քաջութեան, ազգային հպարտութեան եւ կորուստի գաղափարներու մասին, որոնք աւելի ուշ` բարձր կարգերու մէջ պէտք է զարգացնել: Այս առումով, մեծ է ուսուցիչին դերը հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման մէջ:  Ուսուցիչը իր անձին օրինակով մեծագոյն դաստիարակութիւնը փոխանցած կ’ըլլայ իր աշակերտներուն: Անհրաժեշտ է ուսուցիչը, որ տեւաբար թարմացնէ իր գիտելիքները եւ միշտ քայլ պահէ նորութիւններուն հետ: Ան նշեց նաեւ, որ աշակերտին ենթահողը տունն է եւ հոն ան պիտի ապրի իսկական հայկականութիւնը:

Վիգէն Աւագեանը խօսեցաւ նաեւ ոչ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներու մասին, որոնց պարագան շատ աւելի դժուար է:

Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունինք նոր ծրագիրի, ազգային դաստիարակութեան եւ հայոց պատմութեան համապարփակ նոր ուղեգիծի: Մեզի կը պակսին այսօրուան մեր պահանջներուն գոհացում տուող նոր ծրագիրներ: Ուսուցիչներ իրենց գիտցածին չափով եւ կարողութիւններուն համեմատ կը փորձեն կացութիւն փրկել. սակայն պէտք է պահանջել նուազագոյն կարելին, այն որ`

  1. Հայոց պատմութեան դասապահերէն դուրս մնան աժան ամբոխավարութեան, զգացականութեան եւ յուզականութեան բաժինները, եւ անոնք փոխարինուին իրապաշտ ու գիտական դաստիարակութեամբ: Պէտք է քննական պատմութիւն տրուի այսօրուան աշակերտին:
  2. Անցեալին վրայ պէտք է գուրգուրալ` իբրեւ արժէքներու եւ փորձառութեան հարուստ շտեմարանի, իբրեւ ներշնչարանի, բայց անցեալին պէտք չէ կապուիլ իբրեւ սրբութիւն սրբոցի:
  3. Պէտք է ջանալ պատմութեան դասերէն վեր առնել հերոսութեան երեւոյթները: Հերոսութիւն` ո՛չ թէ անձի պաշտամունքի ձեւով, այլ` իբրեւ արարք, ինչպէս` զոհաբերութիւնը, անձնազոհութիւնը, նուիրումը:
  4. Լաւ կ՛ըլլայ որ, ուսուցիչները դադրին աշակերտներու ուղեղները մրճահարելէ, թէ հայ ըլլալով` անոնք «սրբազան պարտք մը» կամ «նուիրական բեռ մը» ունին իրենց ուսերուն: Պարտադրանքը հարկ է փոխարինել կամաւոր համոզումով, իսկ կոյր հաւատքը` գիտակից մօտեցումով:»
  5. Հայոց պատմութիւնը, գէթ բարձր կարգերու մէջ, այսուհետեւ պէտք է ներկայացնել համաշխարհային պատմութեան ընդմէջէն, որովհետեւ մեր օրերուն չկան իրենք իրենց վրայ փակուած ժողովուրդներ եւ հայրենիքներ:
  6. Հարկ է պայքարիլ ստորակայութեան բարդոյթի դէմ, հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ նուաճումներուն ամբողջական ու գիտական հարստութիւնը փոխանցել մեր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք իրենց բնակած երկրի պայմաններուն մէջ պարտադրաբար ձուլուելու փոխարէն` ազատ ընտրութեամբ պատշաճին իրենց շրջապատին:

Հետեւաբար ուսուցիչները իրենց դասաւանդման շեշտը պէտք է դնեն`

– Որքան հայ ժողովուրդի տառապանքներուն վրայ, նոյնքան ալ այդ տառապանքներէն ետք ոտքի կանգնելու երեւոյթին վրայ:
– Ցեղասպանութենէն ետք Սարդարապատի իրագործումին վրայ:
– Հայու տխուր անցեալէն ետք կեանքը սիրող, քէֆը փնտռող, ուրա՛խ հայու, հպարտ մարդու ներկային վրայ:

Այս իմաստով պէտք ունինք յանդուգն եւ լուրջ քայլերու` ընդհանուր ծրագիրի մը մշակման համար: Մենք ունինք մէ՛կ Հայաստան, մէ՛կ Դատ, մէ՛կ պահանջատիրութիւն, մէ՛կ թշնամի, հետեւաբար պէտք է համաձայնինք դասաւանդման հիմնական սկզբունքներու շուրջ եւ անոնցմէ մեկնած` պատրաստենք ուսուցիչներու ուղեցոյցներ:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Վիգէն Աւագեանը հաստատեց, որ իւրաքանչիւր համայնք, իւրաքանչիւր կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն ունի իրեն յատուկ փորձառութիւնը, որմէ օգտուելու կարիքը ունինք բոլորս: Մենք պէտք ունինք հայագիտական մեր ծրագիրներու արդիականացման:

Իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք խորհրդաժողովին մասնակիցները իրենց մտածումները յայտնեցին եւ հարցադրումներ կատարեցին զեկուցողներուն:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Աւարտին խորհրդաժողովի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը կատարեց եզրափակիչ խօսքը:

Ան յայտնեց, որ մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք, 100 տարուան գաղութ ենք, ինչ որ իր ճնշումը ունի մեր վրայ: Մենք իւրայատուկ գաղութ ենք Լիբանանի մէջ եւ պէտք է ունենանք յատուկ սէր, գնահատանք որպէս երկիր, մշակոյթ եւ համայնքներու համագործակցութիւն: Ան նշեց, որ բայց եւ այնպէս մենք մեր հողին վրայ չենք, Հայաստան չենք, հողը լեզուիդ եւ հոգիիդ մէկ մասն է, ինքնութեանդ մէկ մասն է, ուստի ստիպուած ենք վերաշինել մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, առաւելագոյնը` հայկականը:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նշեց, որ նոր սերունդներուն մօտ հաստատութիւն եւ հեղինակութիւն երկրորդական դարձած են` աւելցնելով, որ այս առումով մեծ բեռ կայ հայկական դպրոցին վրայ:

Ան իր պաշտօնի փորձառութեան բերումով ըսաւ, որ մեծ յոյսեր ունի նոր սերունդէն: Ան մատնանշեց նաեւ, որ ինքնութիւնը զգացում է: Եթէ չմշակուի այդ զգացումը, մեր գաղափարաբանութիւնը կը սնանկանայ ու կը պարպուի: Այդ զգացումը պէտք է մշակենք տունին ու դպրոցին մէջ: Մենք պէտք է վերագտնենք մեր ինքնավստահութիւնը մեր ինքնութեան նկատմամբ, որ այսօր սակարկելի դարձած է:

Վերապատուելին ըսաւ, որ դպրոցի դերը առանձնացած չէ: Երբ դպրոցներ կը փակենք ժամանակի ընթացքին կը փակուի եկեղեցի, ակումբ, մարզական միութիւն, մշակութային միութիւն: Մարդ արարած պէտք չէ վարժուի այդ երեւոյթներու:

Ան յայտնեց, որ մեր պահանջը պէտք չէ նուազեցնենք պատասխանատուներէն, եւ հայկական կառոյցները պէտք է առաւելագոյնը ընեն, որպէսզի աշակերտները լաւապէս պատրաստեն մասնագիտական կեանքի:

Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն` իրենց ճշգրիտ խօսքը, համոզումները, նուիրումը ի յայտ բերելու: Ան նշեց նաեւ, որ կրթութիւն եւ յոռետեսութիւն չեն կրնար համընկնիլ: «Մենք դրական պէտք է ըլլանք եւ նոյնիսկ ձախողութեան մէջ սորվելիք դաս ունինք: Հայաստանէն մեր ակնկալիքները շատ են», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` նոր հոգիով, կատարեալը փնտռելով եւ հայը բարձրացնելով առաջ երթալու եւ երբեք չթուլնալու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>