Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Զանգ»-ի 12 յունուար 1919-ի թիւին մէջ Գ. Շահինեան «Հայ գրականութիւնը 1918-ին» (1) խորագիրով երկար յօդուածով կ՛ամփոփէ անկախութեան տարուան հայերէն գրականութիւնը: Ստորեւ ամփոփումը` արեւմտահայերէնի վերածուած.

«Հայ գրականութիւնը 1918-ին», «Զանգ», 12-1-1919

«Բացի «Գեղարուեստ»-էն (Թիֆլիս հրատարակուող ամսաթերթ, շուրջ 300 էջ,  1908-1921*), զանազան պարբերականներու մէջ, մեծ մասամբ «Հորիզոն»-ին մէջ լոյս տեսած է (Աւետիս*) Ահարոնեանի «Մենութեանս մէջ» տաղանդաւոր յօդուածաշարքը` լեցուն հաւատքով ու «հրաշքով»: Նոյն «Հորիզոն»-ին մէջ Աթ. (Աթաբեկ*) Խնկոյեանը գրած է քանի մը տաղանդաւոր քնարական բանաստեղծութիւններ եւ առակներ:

«Հորիզոն»-ին եւ «Զանգ»-ին աշխատակցած է նաեւ երիտասարդ երգիծաբան Լեռ Կամսարը, որուն երգիծաբանական շնորհքը անվիճելի է, սակայն առ այժմ մեծ չէ: Բաւարար չէ ծաղրել ու խնդացնել, այլ ծիծաղին պէտք է խառնել գեղեցիկ ցաւ, ընդհանրական կերպով ծաղրելու խորութիւն: Անոր յօդուածաշարքը մասամբ զուրկ է յարատեւութենէ եւ ընդհանրացնելու կարողութենէն: Կը կարդանք, կը ծիծաղինք ու կը մոռնանք:

«Կը մնայ մեզի նշել «Գեղարուեստ»-ի թիւ 6 համարի «փոքրերու», «նորերու» արտադրութիւնները` գնահատելով զանոնք իբրեւ 1918-ի գեղարուեստական, քնարական կարողութիւններու գումար: «Հիները», «մեծերը» լռած են, եւ «նորերն» են, որ կ՛երգեն, լսենք զանոնք, հասկնանք ու զանազանենք:

«Այդքան ալ շատ չեն անոնք. (Գառնիկ*) Քեալաշեան, Գ. Շահինեան, Լէյլի (Փառանձեմ  Տէր Մկրտիչեան-Սահակեան*), Արմ. (Արմէնուհի*) Տիգրանեան, Ռաֆայէլ Զարդարեան, Ար. Բորեան, Վեսպեր (Մարտիրոս Տապպաղեան*), արձակագիրներէն` Ծ. (Ծերուն*) Թորգոմեան եւ Ս. (Ստեփան*) Զօրեան:

««Հիներուն», «մեծերուն», «փոքրերուն» եւ «նորերուն» առաջին տարբերութիւնը` սահմանող գիծը աշխարհապատումի տարբերութիւնն է: Այսինքն մեծերը` (Յովհաննէս*) Թումանեան, (Յովհաննէս*) Յովհաննիսեան, (Դերենիկ*) Դեմիրճեան, (Աւետիք*) Իսահակեան եւ (Վահան*) Տէրեան աշխարհը չեն ապրիր իբրեւ իրականութիւն, իբրեւ ներկան:

««Մեծերէն» դէպի կեանքը լարուած թելեր չկան: Անոնք բոլորը կա՛մ անցեալի հեքիաթայինը կ՛ապրին (Թումանեան) կա՛մ կը մերժեն ներկայ ընկերային քաղքենիական հասարակարգը (Իսահակեան, Յովհաննիսեան), կամ կը կառչին այնպիսի արժէքներու, որոնք ներքնապէս տիեզերական են, ուրեմն վաղուան, այսօրուան իրականութեան հետ` քիչ առնչուած (Դ. Դեմիրճեան), կամ կեանքն ու աշխարհը, ուրեմն հասարակական կենցաղն ու բովանդակ մեծ անշունչը կը վերածեն «երազի ու հեքիաթի» եւ կրկներեւոյթի նման կը լարեն մեր հոգիին մէջ երազայինն ու ցնորականը (Տէրեան):

«Եւ կամ ելլելով հովուերգութենէն, պարզէն` կը ժխտեն ներկայ հասարակակարգը, եւ կը դառնան կենսամերժ, մասամբ նաեւ մարդամերժ (Իսահակեան): Եւ կամ կեանքը եւ հասարակական յարաբերութիւնները կը դնեն գաղափարներէն կախեալ վիճակի մէջ: Գաղափարներու «վերին» եւ «վարին» խմբաւորումներու միախառնութեան մէջ կը ծնեցնեն յոյզ եւ յոյս, գեղարուեստական առասպել, գեղարուեստօրէն կատարուող եւ գաղափարներու ու կեանքի (այս անգամ) բաղդատութենէն է, որ կը ծնի գեղեցիկը, կամ կեանքը… կեանքի իրականութիւնը (Լեւոն Շանթ): Ահա նորերուն համար կեանքը առաջին հերթին մարդն է, որեւէ դասակարգի ծնունդ մարդը` գեղարուեստական ելակէտը: Կեանքն ու մարդն են անոնց յուզական ապրումի աղբիւրը` իբրեւ այսօ՛ր, իբրեւ իրակա՛ն: Անոնք ամէն ինչ կ՛այժմէականացնեն` տալով կացութեան քաղցր անհրաժեշտութեան հանգամանք:

«Սէրը ամէն բանէ առաջ մարդու սէր է` բնախօսական քաղցրութիւն: Պատմութիւն, նորերուն համար երէկ չկայ, երէկը անցեր է, կեցցեն այսօրն ու վաղը:

«Նորերուն համար արժէքները ոչ միայն ներկայի համար իրական են, այլեւ իւրաքանչիւր արժէք մարդու համար է, եւ իրական` այնքան, որքան անոր յատկանիշները նոյնպէս իրական են:

«Յուզումը, խանդը, բուռն ցասումը եւ դժգոհանքը հաշտուելի փաստեր են եւ ո՛չ թէ` ժխտելի պայմաններ: Այս իսկ տեսակէտէն, նորերը կը բաժնուին երկու մեծ խումբի. մէկ խումբը աշխարհը կ՛ապրի իբրեւ տպաւորութիւն, տպաւորապաշտներն են անոնք: Միւս խումբը կեանքը կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս որ է: Նորերը կը ձգտին կեանքն ու մարդը ստեղծագործութեամբ գեղեցկացնել: Հիները կը համեմատէին ու կը ժխտէին` երթալով ցանկալիին. նորերը հաշտ են ու կ՛աշխատին կեանքը վայելքի վերածել:

«Հիները Թոլսթոյի կը հետեւին, նորերը` Օսքար Ուայլտի: «Մենք կ՛երթանք դէպի կեանք, հիները մէկ ճամբայ գիտեն, փախուստի ճամբան: Հիները խռոված են, նորերը` հաշտ ու կենսական: Երկուքն ալ գեղեցիկ, երկուքն ալ արժէքաւոր, մէկը միւսին` շարունակութիւնը:

«Կարդացէք «Գեղարուեստ»-ի 6-րդ թիւը, ուր Քեալաշեանը եւ Լէյլին կատարելապաշտ, Արմէնուհի Տիգրանեան, որ իրական է եւ հանդուրժող, Վեսպեր, որ մայրենի է ու իրապաշտ երազող, Ա. Բորեան, Ռ. Զարդարեան, որոնք տխրութիւնը ծաղիկներով կը փարատեն, ծաղիկներէն ու սէրէն կը հաւաքեն իրենց ներշնչումն ու «վաղուան» սէրը, Անուրջը, որ սրճարան մտած է իբրեւ արեւելքցի` Ս. Զօրեան, որուն կարելի է անուանել այսօրուան երգիչ:

«Հետաքրքրական է նաեւ նորերուն ոճաբանութիւնն ու գաղափարներու եւ պատկերներու տարբերութիւնը, ըստ իրենց գեղարուեստական ճիւղին` տարբե՛ր հիներէն, մեծերէն. սակայն այժմ կարելի չէ այս նիւթը քննարկել թերթի այս էջերուն մէջ:

«Այս ուժերուն կարողութիւններն են, որ յայտնուած են «Գեղարուեստ»-ին մէջ, անոնք են, որ կը կազմեն «Գեղարուեստ»-ի թարմութիւնն ու ամենամեծ արժէքը: Այս է նաեւ նորերուն 1918-ի երէկուան եւ վաղուան խօսքը:

«Այս ճամբուն վրայ է նաեւ շնորհքով արձակագիր Ս. Զօրեանը` միակ յուսատու նոր արձակագիրը: Այս է պատկերն ու գնահատականը 1918-ի գրականութեան:

«Եւ վաղը, երբ մեր ժողովուրդը կը հասնի իր նաւահանգիստը, հայ միտքը կը սկսի ստեղծագործել աւելին, կարողն ու մնայունը: Շէնքին հիմը դրուած է, կը մնայ աւարտել: Ապրած ենք մեծերով, սիրենք նաեւ նորերը եւ հասկնանք ու պահենք զանոնք:

«Մենք կանգնած ենք կարելիութիւններու առջեւ, որոնք կ՛ենթադրեն մեծ վարպետներու ծնունդը: Տակաւին կը սպասենք մեծ ու վերագնահատող, համայնացնող հզօր գեղագէտի մը, որ պիտի գայ, անհրաժեշտ է ու անկարելի չէ: Գոհանանք այսքանով, սպասենք վաղուան, սակայն աշխատինք վաղուան համար»: Գ. Շահինեան»

Հայաստանի գրական ընկերութիւնը, «Աշխատանք», 10-7-1919

«Աշխատանք»-ի 10 յուլիս 1919-ի թիւին մէջ Վ. «Հայաստանի գրական ընկերութիւնը» խորագիրով հետեւեալը կը հաղորդէ.

«Յուլիս 4-ին (1919) երեկոյեան ժամը 8-ին քաղաքապետութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրական ընկերութեան Ա. Ընդհանուր ժողովը, ներկայ էին 30 հոգի:

«Նախորդ ժողովէն ընտրուած ժամանակաւոր յանձնախումբի նախագահը` Նիկոլ Աղբալեան, հատուած առ հատուած կարդաց յանձնախումբին մշակած կանոնագիրը` հիմք ունենալով Կովկասեան հայ գրողներու կանոնագրութիւնը:

«Տեղի ունեցան թեթեւ սրբագրութիւններ: Որոշուեցաւ ընկերութեան գործունէութիւնը սկսիլ սեպտեմբերի վերջերը` գումարելէ ետք հանդիսաւոր բացման ընդհանուր ժողով: Մնայուն վարչութեան ընտրութիւնը կատարելու այդ ընդհանուր ժողովին որոշուեցաւ մինչ այդ ունենալ ժամանակաւոր վարչութիւն: Ընտրուեցան` Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Տէր Գրիգորեան (Խորէնի), Վարդգէս Ահարոնեան, Վեսպեր, Յովհաննէս Մխիթարեան, բժ. Արշակ Ղազարեան եւ Արսէն Հացագործեան:

«Ժամանակաւոր վարչութեան յանձնուեցաւ նոր անդամներ ընդունելու, կառավարութեան հետ յարաբերութեան, ապագայ գործունէութեան նախագիծ պատրաստելու եւ այլ լիազօրութիւններ»: Վ»:

Կառավարութիւնը, բազմաթիւ ճգնաժամային խնդիրներու կողքին, կը զբաղէր նաեւ արուեստով ու մշակոյթով: «Աշխատանք»-ի 24 մայիսի թիւին մէջ (3) կը կարդանք «Հայ արուեստագէտներու միութեան ցուցահանդէսը» խորագիրով հետեւեալ լուրը. «Հայաստանի կառավարութեան առաջարկով Հայ արուեստագէտներու միութիւնը իր ցուցահանդէսը Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրած է: Կիրակի, 25 մայիսին (1919) Նորաշէն գիմնազիայի շէնքին մէջ տեղի կ՛ունենայ նկարներու ցուցահանդէսը: Այս առթիւ Երեւան եկած են նկարիչներ` Շարպապչեան, Ս. Խաչատրեան, Ս. Երկանեան, Խոճապէկեան եւ արձանագործ Մ. Միքայէլեան: Իսկ ծանուցումը կը կարդանք «Աշխատանք»-ի 26 մայիսի թիւին մէջ (4):

10 ապրիլ 2019
(Շար. 4)

Ծանօթ. Նկարները յօդուածէն չեն առնուած, այլ «Գեղարուեստ» թերթէն:

*Լուսաբանութիւնները իմ կողմէս:

(1)  «Զանգ» Գ. տարի թիւ 5, 12 յունուար 1919, Երեւան էջ 3:
(2)  «Աշխատանք» Դ. տարի թիւ 43 (251), 10 յուլիս 1919, Երեւան, էջ 3:
(3)  «Աշխատանք» Դ. տարի թիւ 24 (232), 24 մայիս 1919, Երեւան, էջ 4:
(4)  «Աշխատանք» Դ. տարի թիւ 26 (234), 26 մայիս 1919, Երեւան, էջ 1:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>