Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ա. Ա.
Արցախի տագնապի բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան խնդիրը բանակցութիւններու շարունակման կամ դադրեցման դրդապատճառի վերածելու Պաքուի իշխանութիւններուն միտումները արդէն իսկ երեւան եկած են արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի` Պրիւքսէլի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ:
Արցախի պետութեան ներկայացուցիչները Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համար պարզ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ համայնքին ներկայացուցիչներն են, իսկ Ազրպէյճանի հետ Արցախի սահման գոյութիւն չունի, այլ` շփման գիծ: Ասոնք հասկնալի են` ազրպէյճանական մօտեցման բովանդակութեան մէջ:
Հարցը Մամետիարովի կողմէ շահագործուած խնդիրներն են, որոնք Հայաստանին զլացած են զարգացում եւ աղքատութեան խնդրին լուծում գտնելու կարելիութիւններ, պարզապէս որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արգելակիչ ազդակն է Հայաստանի զարգացման եւ ուղղակի պատճառը` հարաւկովկասեան երկաթուղային փոխադրութեան թէ կազատարներու եւ քարիւղատարներու ծրագիրներէն Հայաստանի դուրս ձգուելուն:
Հայաստանի հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան դրացիներուն` Վրաստանի, Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններու իրավիճակին շահարկումը` Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետին կողմէ, կատարեալ շանթաժ մըն է, մանաւանդ երբ Հայաստանը արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շրջափակուած ըլլալը յիշեցնելով` Մամետիարով կարծիք կը յայտնէ, որ մօտ օրէն նաեւ պիտի փակուի Իրանի հետ սահմանը: Այլ խօսքով, Մամետիարով կը ջանայ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստան-Իրան սահմանին փակումը առաւել պիտի վատթարացնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն ընկերատնտեսական իրավիճակը, որ արդէն յուսալից չէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խնդրով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմաններուն պատճառով:
Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետին քաղաքական տրամաբանութիւնը կ՛ամբողջանայ, երբ ան հարց կու տայ, թէ Հայաստանի բնակիչները ի՞նչ շահեցան Ազրպէյճանի հետ երեսնամեայ տագնապէն:
Ակնյայտ է ազրպէյճանական ճիգին նպատակը: Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն պատճառը Լեռնային Ղարաբաղն է, որ ըլլալով ազրպէյճանական տարածք մը, գրաւուած է` երեսնամեայ տագնապ պայթեցնելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, եւ որմէ միակ տուժողը Հայաստանի պետութեան բնակչութիւնն է: Եւ ահա` ազրպէյճանական տրամաբանութեան երկրորդ մակարդակը: Քաղաքական լուրջ մօտեցման մասին խօսելով` Մամետիարով դարձեալ կը նշէր, որ բոլորը հրաշալի գիտեն, թէ բանակցութիւններուն սեղանին ինչպիսի՛ փաստաթուղթ կայ` քննարկելու եւ որոշելու համար, եւ ինչո՞ւ պէտք է ինքնախաբէութիւն կատարել: «Կը կարծեմ, որ հարցին բանալին մասնակցելու-չմասնակցելու խնդիրը չէ, այլ հարցը այն է, որ մենք պէտք է քաղաքական լուրջ մօտեցում ցուցաբերենք, պէտք է նստինք եւ աւարտենք այն, ինչ ես կ՛անուանեմ առարկայական բանակցութիւններ, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ սեղանին ի՛նչ փաստաթուղթ կայ, եւ ինչո՞ւ ինքնախաբէութիւն պէտք է ընենք», շեշտեց Մամետիարով` պատասխանելով Պրիւքսէլի մէջ իրեն ուղղուած հարցումին:
Ահա բաւական տարօրինակ եւ միեւնոյն ժամանակ` վտանգաւոր հաստատում մը: Բանակցութիւններուն սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթի մը մասին, որուն մասին Մամետիարով կը խօսի յաճախ, բայց ոչինչ կ՛ըսէ անոր բովանդակութեան մասին: Սակայն դիւանագիտական բառակապակցութիւնները կը ձգեն այն տպաւորութինը, որ սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, եւ Լեռնային Ղարաբաղը կը վերադարձնէ Ազրպէյճանի` անոր տալով ինքնավարութեան լայն իրաւասութիւններ: Մամետիարովի խօսքին երկրորդ բաժինը, թէ ինքնախաբէութեան պէտք չկայ, կ՛ակնարկէ Երեւանի իշխանութիւններուն, որոնք, ըստ Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետին, ինքնախաբէութեան կացութեան մը մէջ ինկած են եւ իրականութիւնները չեն տեսներ:
Մոսկուայի մէջ կայացած Մնացականեան- Մամետիարով հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետին այս նշումները եւ յայտարարութիւնները` բանակցութիւններուն կապակցաբար, խաբուսիկ դրականութիւնը ահա կը ջախջախեն, եւ իրական պատկերը երեւան կ՛ելլէ: Ազրպէյճան-Արցախի տագնապին լուծումը ոչ մէկ պարագայի չ՛ընդունիր, եթէ անիկա հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ չէ: Միւս բոլոր խօսքերը ժամավաճառութիւն են:
Հայութիւնը աշխարհով մէկ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, այս իրականութիւնը գիտէ: Գիտէ նաեւ, որ տագնապին լուծման ուղին կ՛անցնի արդարութեան ճանապարհէն եւ կը հասնի Ստեփանակերտ` ազատ ու ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Թէ ո՛վ եւ ի՛նչ հանգամանքներու բերումով այս հրաշալի ճշմարտութիւնը չ՛ընդունիր, կամ անձնատուութեան թէ ընկրկումի նշաններ ցոյց կու տայ` վճռական խօսքի եւ գործի բացակայութեամբ, մեղմ ըսած` ազրպէյճանական ջաղացքին ջուր կը լեցնէ: Միւս բոլոր խօսքերը այս պարագային ալ ժամավաճառութիւն են: