Չորեքշաբթի, 15 մայիսին, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին յանձնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան պատուաւոր «Palmes Académiques» մրցանակը ու «Ասպետ» կոչումը:
«Առանց քեզի, Մա՛րի Լու, ԹՈՒՄՕ-ն գոյութիւն կ՛ունենար` ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Փարիզի մէջ: Եթէ այս մետալը պէտք է ստեղծուէր, անիկա պէտք է ըլլար քե՛զի համար: Դուն աշխարհի քաղաքացի ես: ԹՈՒՄՕ կը նշանակէ ազատութիւն: Անիկա աշխարհի լաւագոյն դպրոցն է: ԹՈՒՄՕ-ի խումբը շատ հպարտ է», ըսաւ Անն Իտալկօ եւ շքանշանը յանձնեց Մարի Լու Փափազեանին: