ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
1919-ի սկիզբը հանրապետութիւնը կը գտնուէր համատարած սովի ճիրաններուն մէջ:
Կառավարութեան սկզբնական փորձերը` արտաքին աշխարհէն օգնութիւն ստանալու, լուրջ արդիւնք չտուին: Կովկասեան տարածաշրջանը կը գտնուէր անգլիական ուժերու գրաւման ծիրին մէջ եւ, բնականաբար, Հայաստանի կառավարութիւնը կը յուսար, որ անգլիացի՛ք ըլլային գործնականօրէն արձագանգողը ստիպողական այս կացութեան, բայց անգլիացիք մնացին բոլորովին կրաւորական: Այն օգնութիւնը, որ տրամադրուեցաւ անգլիական ուժերու պահեստներէն, շատ հեռու էր լուծում բերելու հարցին:
Այս պայմաններուն մէջ էր, որ յունուարի 22-ի կառավարութեան նիստին որոշուեցաւ անյապաղ պատուիրակութիւն ուղարկել Ամերիկա` վարչապետ Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ: Եւ սակայն Թիֆլիսի անգլիական իշխանութիւնները երկար ժամանակ խափանեցին պատուիրակութեան մեկնումը դէպի Ամերիկա: Ապրիլ 16-ին էր միայն, որ պատուիրակութիւնը արտօնութիւն ստացաւ մեկնելու: Վարչապետ Քաջազնունիին կ՛ընկերանային ելեւմտական նախարար Ա. Էնֆիաջեանը, գիւղատնտես Յ. Փիրալեանը եւ սպայ Ս. Մելիքեանը:
Կը մէջբերեմ Սիմոն Վրացեանի վկայութիւնը.
«…Հայաստանի խորհրդի ու կառավարութեան դիմումները, ինչպէս նաեւ արտասահմանում կատարուած աշխատանքները վերջապէս լսուեցին, եւ օգնութիւնը չուշացաւ: Այս անգամ օգնութեան հասնողը Ամերիկան էր` Միացեալ Նահանգների պարենաւորման դիկտատոր (պէտք է ըլլայ «դիրեկտոր», Director of U.S. Food Administration) Հուվերը, Եւրոպայի փրկիչը` յետպատերազմեան սովից: Հուվերը եղաւ Հայաստանի ժողովրդի իրական փրկիչը: Ինչ եւ լինի մեր վերաբերումը դէպի Ամերիկայի քաղաքական դերը հայկական խնդրում, ամերիկեան մարդասիրական նպաստն ու պարէնը երբեք չենք մոռանայ, պէտք չէ մոռանանք:
Մայիսի 20-ին Պաթում եկաւ ամերիկեան առաջին նաւը` 125.000 փութ ալիւրով, մի շաբաթ անցած` հասաւ եւս 600.000 փութ: Այդ մթերքը Հայաստան փոխադրելու համար վրաց կառավարութիւնը հայկական կառավարութիւնից պահանջեց 579 վակոն եւ 14 շոգեշարժ, ա՛յն ժամանակ, երբ Հայաստանի ունեցած վակոնների ընդհանուր թիւը 520 էր եւ շոգեշարժներինը` 16: Պէտք եղաւ ամերիկացիների եւ անգլիացիների միջամտութիւնը, չորս օրով կանգնեցուեց Հայաստանի երկաթուղային մարդատար հաղորդակցութիւնը եւ բոլոր միջոցները յատկացուեցին ալիւրի փոխադրութեան:
Ամերիկեան ալիւրը հասնելով` կամաց-կամաց սովը մեղմացաւ, երկիրը սկսեց մտնել բնականոն հունի մէջ, եւ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը կարողացան նուիրուել երկրի վերաշինութեան ու պետութեան կազմակերպման գործին» («Հայաստանի Հանրապետութիւն», Բ. տպգր. Պէյրութ):
Ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան հետ կապուած այս դրուագը նաեւ կը բացայայտէ Հայաստանի շրջափակուած կացութիւնը 1919-ին: Այսօրուան միջազգային յարաբերութիւններու ընդունուած կանոնակարգով բացարձակապէս անհասկնալի է պետական պատուիրակութեան մը վրայ դրուած ճանապարհորդութեան արգելքը, մանաւանդ երբ առաքելութիւնը կապ ունի մարդասիրական ճգնաժամի մը հետ: Եւ, անշուշտ, բացարձակապէս անընդունելի է անգլիական գրաւման իշխանութիւններու կրաւորականութիւնը Հայաստանի սովի հարցին մէջ: Նոր օրերու պատմագիտութեան կ՛իյնայ բացայայտել իսկական դրդապատճառները այս խնդրին: