Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Ծաղրանկարային Տեղատարափ

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, Յ. Գնդունիի բեմադրութեամբ, «Ակամայ ստախօսը» վերնագրով ներկայացուց Մայքըլ Գունիի «Քեշ օն Տելիվըրի» (1997) կատակերգութիւնը: Ելոյթը սկսաւ բեմադրիչի զաւակին վաղաժամ մահէն երեք օր անց: Այս կը թելադրէ, որ թատերախումբը որոշած է անձնականը անջատ պահել հաւաքականէն: Հարկ է յարգել այդ որոշումը եւ ելոյթին հետ վերաբերիլ ըստ այնմ:

Հեղինակը.- Մայքըլ որդին է Ռայ Գունիի, որ հեղինակն է Յ. Գնդունիի բեմադրած «Երկու կին մէկ ամուսին» (2014) եւ «Ֆանի մանի» (2017) կատակերգութիւններուն (1): Որդին իր հօր մօտեցումը տարած է դէպի անոր տրամաբանական աւարտագիծը, դէպի ծաղրանկար:

Ռէյ Գունիի բաղադրատոմս «վեց օրէնքներ»-ուն նախապէս անդրադարձած եմ (2): Գունիի հերոսները սովորական մարդիկ են, որոնք իրենց կամքէ անկախ կը գտնուին անսովոր եւ վտանգաւոր կացութիւններու մէջ: Այստեղ գլխաւոր կերպարը` Էրիք, հասարակ պաշտօնեայ մըն է, որ Նոր տարուան սեմին, փոխանակ պարգեւ (bonus) ստանալու, արձակուած է աշխատանքէն: Էրիք դիմած է խաբէութեան եւ կը գտնուի բանտարկութեան սպառնալիքին տակ: «Ֆանի մանի»-ի մէջ սպառնալիքը կու գար մաֆիայէն, իսկ այստեղ` բրիտանական պետութենէն:

Գործազուրկի մը վտանգալից խաբէութիւնը խորքին մէջ ողբերգութիւն է: Այս Գունիի «վեց օրէնքներու» առաջի՛նն է: Զաւեշտը, ըստ էութեան, ողբերգութիւն է: Այս նիւթին հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (3):

Ինչպէս  վերը յիշուած երկու գործերու, այնպէս եւ այստեղ կը տեսնենք շփոթուած միասեռականութեան եւ տարազգեստաւորումի (transvestism) օգտագործում: Որդին այստեղ եւս գլած անցած է հայրը:

Որդին կը թուի հաւատալ այն դրոյթին, որ  ծիծաղելին տասնապատկել` կը նշանակէ տասն անգամ աւելի ծիծաղելին արտադրել: Մինչդեռ այս ուղղութեամբ կան գրաւոր եւ անգիր պատուիրաններ: Հանճարեղ կատակերգակներ զուսպ եղած են: Չափազանցութիւնը կը տանի դէպի գերյագեցում (saturation) ուրեմն եւ` անախորժութիւն:

Դիպաշարը.- Էրիք առատաձեռն նպաստներ կը ստանայ բազմաթիւ հնարովի կարիքաւոր անձերու անունով: Հօրեղբայր Ճորճ, որ մաքրութեան աշխատաւոր մըն է հիւանդանոցի մը մէջ, կ՛ապահովէ կեղծ բժշկական վկայագիրներ: Էրիքին կինը` Լինտա, աւելի քան երկու տարի անց տակաւին կը հաւատայ, որ ամուսինը կը շարունակէ աշխատանքի երթալ: Այդ կը նշանակէ, որ միամիտ է: Բայց հարցերը կը սկսին բարդանալ. Էրիք կ՛որոշէ մի առ մի «սպաննել» իր ստեղծած անձերը: Կը յայտնուին պետական պաշտօնեաներ: Էրիք ստիպուած կ՛ըլլայ հնարել հապճեպ սուտեր: Կացութիւնը ի վերջոյ Էրիքի հակակշռէն դուրս կու գայ:

Լեզուական.-  Այս հարցին անդրադարձած եմ … երեսուն անգամ: Տրամադրութեանս չկարողացայ ունենալ ամբողջական բնագիրը: Մասնակի տուեալները բաւարար են գաղափար մը կազմելու համար: Հարցերը կրկին կը սկսին տիպարներու անուններէն: Ms Cowper (քուուփըր), օրինակ, կը նշանակէ տակառագործ: Ելոյթին մէջ լսեցինք Միսիս Քոփըր (Mrs. Coper), որ կը նշանակէ տիկին փերեզակ: Տակառը կը պահէ, կը ծածկէ: Քուուփըր պարտկեց Էրիքին խաբեբայութիւնը:  «Մըզ» կը յայտարարէ, որ տիպարը ֆեմինիստ է: Ֆեմինիստներ չեն գործածեր «տիկին» մակդիրը: Կորսուած է տիպարին բնութագրումը: Կ՛առաջարկեմ, որ հետագային ելոյթի պրոշիւրներուն մէջ նշուին դերակատարներու անուններուն իմաստները, որոնք գրեթէ միշտ նշանակալից են:

Պարզ է, որ կարելի չէ ամէն ինչ լիարժէք թարգմանել: Ընդունելի չէ սակայն, որ այն, ինչ կարելի՛ է, սխալ թարգմանուի: Սխալ թարգմանութիւնը առ նուազն շփոթ կը ստեղծէ: Ինչպէս վերը յիշած էի, Էրիք սեւ հեգնանքով կ՛ըսէ, որ ընկերութիւնը որպէս նոր տարուան «պարգեւ»` աշխատուժին 30 տոկոսը գործէ արձակած է: Այդ թարգմանուած է որպէս 30 տոկոս աշխատավարձի յաւելում: Ինչո՞ւ յաւելում ստացած անձը աշխատանքէն պիտի հեռանար: Com-miseration, օրինակ, կը նշանակէ ցաւակցութիւն: Հաւանաբար «com-mission» բառի հետ հնչիւնային նմանութեան պատճառով թարգմանուած է «միջնորչէք»: Ինչպէ՞ս կարելի է ցաւակցութիւնը փոխարինել միջնորչէքով եւ այլն…

Հարկ է խուսափիլ թրքերէն դարձուածքներէ, ինչպէս` «բանտ պառկիլ», «ականջ կախել» եւն., եւն.,  երբ անոնք ունին համարժէք խօսակցական հայերէն` «բանտարկուիլ», «ականջ տալ» եւն: Կիլիկեցի հայերու լեզուամտածողութիւնը մինչեւ օրս թրքերէն է:

Թարգմանութիւններու պարագային հարկ է քաջ տեղեակ ըլլալ տուեալ մշակոյթին: Mile End Road, ուր կը բնակի Էրիք, գեղեցիկ ծառուղի մըն է կեդրոնական Լոնտոնի մէջ: Lumberjack` կը նշանակէ փայտահատ: Ծառահատ մը կը բնակի գեղատեսիլ պուրակի մէջ: Այստեղ կայ սեւ հումոր: Բայց Lumberjack թարգմանուած է «ատաղձագործ»: Կորսուած են հումորը ինչպէս եւ` տրամաբանութիւնը: Ինչո՞ւ ատաղձագործը պիտի դատապարտուէր անգործութեան:

«Earl Gray» նարինջով համեմուած թէյ մըն է: Նման թէյ պահանջող անձը հաւանաբար կը ձեւացնէ նրբաճաշակ ըլլալ: Թարգմանուած է «թէյը մութ գոյնի թող ըլլայ», որովհետեւ «gray» կը նշանակէ մոխրագոյն: Մութ գոյնի հասարակ թէյ կը խմեն կոշտ մարդիկ: Կորսուած է տիպարի բնութագրումը:

«Lasser Fever» ափրիկեան տանջալից վտանգաւոր ջերմ  մըն է, որ յոյժ անհաւանական է Լոնտոնի մէջ: Հարկ է վարակուած անձը արագ բուժումի ենթարկել: Էրիք այդ պահուն վարակի լուրը պատահաբար կը կարդայ օրաթերթի մը մէջ: Այստեղ կայ անհեթեթի հումոր: Բայց մենք այդ չտեսանք բեմին մէջ, թէեւ հեղինակը յստակօրէն նշած է բնագրին մէջ: Թերեւս որովհետեւ բառարանը կ՛ըսէ, որ  «Lass» կը նշանակէ աղջիկ, թարգմանուած է «սիրային ջերմութիւն», ինչ որ կը թուի ըլլալ պատանեկան սիրախտ: Կորսուած են անհեթեթը  եւ վտանգաւոր հիւանդութեան պատճառած տագնապը:

«Night Nurse»` կը նշանակէ թմրեցուցիչ, «Cold feet»` կը նշանակէ վարանում, չկամեցողութիւն, ոչ` ոտքի պաղառութիւն, «Feet- feat» (ոտքեր – սխրագործութիւն) հնչիւնային սրամտութիւն է, Passing¬ը բառախաղ է, միաժամանակ կը նշանակէ անցում եւ մահ, Ուրանոս անգլերէնով կը հնչէ Ur-anus, բացատրե՞մ… շարունակե՞մ…

Թերի թարգմանութեան պատճառով կորսուած է հումորը եւ  երկխօսութիւնը դարձած է անհասկնալի:

Կատարողական.- Որմազդը գրաւիչ է, բայց չ՛արտայայտեր գործի միտք բանին: Էրիքը եւ Նորմանը կը թուին զուարթ եւ ինքնավստահ ըլլալ: Մինչդեռ անոնք տագնապահար են: Պարոն Ճենքինզը կը թուի զայրացած ըլլալ, մինչդեռ բեմի վրայ այդպէս չէր:  Լինտա կը թուի ըլլալ իշխող եւ դատապարտող: Մինչդեռ խաբուած, տագնապահար, բայց ներողամիտ կին մըն է: Կը տեսնուի նաեւ պատգարակ մը: Այս կը նշանակէ, որ սայլակով փոխարինումը կատարուած է մետասաներորդ ժամուն:

Բեմայարդարումը գրեթէ նոյնը մնացած է շուրջ 6 ելոյթներու մէջ: Միակ յաւելումներն են խոշոր արկղ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիակը պարտկել, ձեռնափայտ մը եւ պէյսպոլի լախտ մը, թէեւ այդ ամերիկեա՛ն խաղ է:  Գոյները գորշ էին, ոչ հրապուրիչ: Հարկ է իրականացնել բեմ մը, որ ոչ միայն գրաւիչ է, այլեւ իր «խօսքը» կ՛աւելցնէ ընդհանուր ասքին:

Հանդերձաւորումը կրնար աւելի արտայայտիչ եւ իմաստալից ըլլալ: Տեսքէն դատած` պարզ չէր, օրինակ, թէ պարոն Ֆորպրայթ եկած էր դիա՞կ մը թաղելու, թէ՞ ելեկտրական սարք մը նորոգելու: Հագին ունէր ճինզ: Հարկ է, որ հօրեղբայր Ճորճ կէսօրուան դադարին կրէր ոչ թէ փողկապաւոր զգեստ, այլ` իր հաւաքարարի տարազը: Այդպիսով, աւելի դժուար պիտի ըլլար քննիչները խաբել եւ, հետեւաբար, կացութիւնը կը դառնար աւելի անհեթեթ: Այր մարդոց դիմայարդարումին համար գործածուած քսուկները կրնային աւելի ընտիր ըլլալ եւ այլն:

Երաժշտութիւնը մեծ դեր չունէր: Առնուած էր կատակերգական «After the Fox»  ժապաւէնէն (1966), ուր խաբեբայ աղուէսը «հանճարեղ գող» Փիթըր Սելլըրզն է: Հեղինակը գործածած է Ռիմսքի Քորսաքովի «Մեղուներու թռիչքը» (Flight of the Bumblebee), որ կ՛արտայայտէ պարսի քաոսային շարժումը (4):

Տիպարներ եւ խաղարկութիւն.- Ելոյթը դիտած եմ երկու անգամ: Երկրորդ ելոյթին մէջ ակնբախօրէն աճած էին հրմշտուքը, պոռչտուքը, ծամածռութիւնները, եւ` ոչ միայն: Այդ սպասելի էր, որովհետեւ ոչ ոք, ներառեալ` դերակատարները, կրնար հասկնալ երկխօսութեան իմաստը: Թերի թարգմանութեան եւ թերի ընկալման պատճառով շեշտը դրուած էր ֆիզիքականի՛ն վրայ, թէեւ ցաւօք այդ չէր  նշանակեր մարմնի լեզու, այլ ձեւայնութիւն (mannerism): Ի դէպ, հեղինակին բոլոր տիպարները մէկ տարածաչափային են: Այդտեղ չկան խրթին հարցեր:

Հիւսիսի առասպելներու մէջ Էրիք արկածախնդիր «վայքինկ» մըն է, իսկ «Սուան» (կարապ) թերեւս ակնարկ է անոր նաւին: Անշնորհ դրացի Նորման Մաքտոնալտ կը կրէ անունը հանրածանօթ գեղանկարիչի մը: Առաջին տեսարանի հեռաձայնային խօսակցութեան մէջ այդ «մշակութային» հումորը եւս կորսուած էր:

Ինչպէս բեմադրիչին այլ ելոյթներուն մէջ, այստեղ եւս առաջնահերթութիւնը տրուած էր երթեւեկի  կանոնաւորման, դերակատարներու դիրքաւորումին (պլոքինք) եւ ժամանակաւորումին (թայմինկ): Դերակատարները հիանալի գիտէին, թէ ե՞րբ ո՛ւր պէտք է, որ գտնուին, բայց երբեմն կը դժուարանային յիշել, թէ ի՛նչը ինչպէ՞ս  պիտի արտասանեն: Բանաւորը մղուած էր ետեւ: Դերակատարները կը դիմէին ծանօթ, դիւրաւ ճանաչելի չափազանցուած շարժուձեւերու` զարմանք, վախ, շփոթ եւ այլն: Բոլոր շարժուձեւերը կը միտէին ծիծաղ յառաջացնել:

Յարութ Մանուկեանը (Էրիք) եւ Յարութ Թորոսեանը (Նորման) համեմատաբար փորձառու դերակատարներ են: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «թռչունը դպած էր քարին»: Մօտիկ անցեալին նոյնպէս որպէս «քոմիք զոյգ» հանդէս եկած էին: Վերարտադրեցին այն, ինչ այլեւս քաջ սովոր են արտադրել: Երկրորդ ելոյթին Թորոսեանին «մակնիշ» դարձած ծամածռութիւններն ու ծեքծեքումները կրկնապատկուած էին յուրախութիւն իր երկրպագուներուն, որոնց համար միեւնոյնն է, թէ Շէյքսփիրի Յուլիոս Կեսարը ըսած է` «Դո՛ւն ալ, Բրուտոս», թէ` «Դո՞ւն ալ, Բրուտոս» (Et tu, Brute?):

Հօրեղբայր Ճորճ մանրակազմ զուարճախօս ծերունի մըն է: Դանիէլ Քէօրօղլանեանը մարմնաւորումը, սակայն, աւելի նման էր լիբանանեան «ակա»-ներու, քան` անգլիացի հասարակ աշխատաւորի: Քէօրօղլանեանը խոչընդոտուած էր առ նուազն երկու պատճառներով. թարգմանութիւնը խլած էր սրամտութիւնը եւ պատգարակը անկելաւորի սայլակով մը փոխարինելու որոշումը` անոր շարժուձեւը:

Վիգէն Քէօշկերեանը կը մարմնաւորէր մեռելաթաղը: Այդ բարդ է: Թերեւս ելոյթին` ամենադժուարը: Հարկ է, որ ունենար չարաշուք, արտաքին, որ սեւ հումորի պիտի վերածուէր, երբ ցուցաբերէր գործնապաշտ վարմունք: Ինչպէս վերը յիշած էի, Քէօշկերեանին արտաքինը չէր արտայայտեր իր դժխեմ «արհեստը»: Քէօշկերեանը եռանդուն եւ կենսունակ երիտասարդ է: Այդ յոյժ ցանկալի յատկութիւնը, ցաւօք, երբեմն կը խանգարէ իր կատարումը: Յաճախ կը կանգնի ձեռքերը մէջքին: Հարկ է, որ ըլլար շատ աւելի կոճկուած եւ զուսպ, բայց եւ այնպէս ցոյց տար, թէ իր լրջութիւնը կեղծ է:

Հուրի Պապահէքեանը (Սալի) ունի համակրելի արտաքին եւ ընդունելի դիմախաղ: Շա՛տ բարի: Կը թուի սակայն, որ ունի նաեւ ներամփոփ, ներհակ խառնուածք: Այս պարագային ան կը ներկայացնէր ընկերային ծառայող մը, որ եկած էր սփոփելու «աղէտահար» ընտանիքը: Ուրեմն հարկ էր ըլլալ զգուշ եւ զուսպ: Այդպէս ալ կը թուէր: Բարի՛: Այլ դերերու մէջ, սակայն, կրնայ պահանջուիլ ըլլալ աւելի աշխուժ եւ արտահակ:

Եղիկ Աւետիքեանը (Ճենքինզ) նախապէս դիտած եմ երեք ելոյթներու մէջ: Ունի հումորի զգացում: Դերին կը մօտենայ աշխատասիրութեամբ: Միակ կերպարն է, որուն մէջ կը տեսնենք որեւէ «զարգացում»: Ելոյթի բացման տեսարանին մէջ կը մարմնաւորէր զուսպ, լուրջ ձեւացող, բայց միամիտ քննիչ մը: Խմիչքի ազդեցութեան տակ վերածուեցաւ ինքնակորոյս զուարճախօսի մը:  Հարկ էր սակայն, որ փոփոխութիւնը ըլլար յարաճուն, ոչ յանկարծակի: Ճենքինզի դերը շատ աւելի կարեւոր է, քան ինչ որ մեզի ցոյց տրուեցաւ ելոյթին մէջ: Ինքն է, որ պայքարեցաւ փոշոտ վերնատան (պատմական անցեա՞լ) մէջ, ուր եւ կորսնցուց Էրիքին թղթածրարը (պատմութեան վաւերագրութիւնը): Ինքն էր, որ թէկուզ ակամայ, իր ապիկարութեամբ եւ ոչ թէ արհեստավարժութեան շնորհիւ, վերջնականապէս խանգարեց եւ խաղէ դուրս բերաւ Էրիքին խորհրդանշական «լուացքի մեքենան»:

Դժուար է նորեկ դերակատարներ գնահատել մէկ ելոյթի հիման վրայ: Այսուհանդերձ…

Ցոլին Գարճիկեանը (Լինտա) ունի շնորհալի արտաքին եւ բաւարար ձայն: Շա՛տ բարի: Իր արտակարգ եռանդն ու կենսունակութիւնը, սակայն, այն տպաւորութիւնը ձգեցին, որ ուժեղ, իշխող կին է, մինչդեռ կերպարը այդպէս չէ: Երկրորդ ելոյթին մէջ ան սաստեց, հարուածեց եւ հրմշտկեց իր բոլոր խօսակիցները: Մեկնաբանական սխալ: Ապագային հարկ է, որ մարզէ ձայնը եւ գիտակցի, որ դերասանը բեմի վրայ է ոչ թէ երեւալու, այլ կերպարը ցուցադրելու համար:

Արմէն Մաճառեանը (հոգեբան Չեփմեն) ունի համակրելի արտաքին եւ բաւարար բեմական տուեալներ: Բաւական յաջող ներկայացուց ծիծաղելի երկչոտ տիպար: Մեկնաբանական սխալ մը եւս: Գունի կը ձաղկէ պատրաստի, դիւրին ախտաճանաչումները եւ այսպէս ըսուած` արեւմտեան ազատամտութեան «ճիշդ քաղաքականութիւնը» (correct politics): Հոգեբան բժիշկը կատակերգական է, որովհետեւ լուրջ եւ հեղինակաւոր ձեւով կու տայ լայնախոհ, բայց սխալ վերլուծումներ: Այսուհանդերձ, բարի՛:

Կարինէ Ներսէսեանը (Մըզ. Քուուփըր, որ սխալմամբ կը հնչուէր Միսըզ Քոփ՛փ՛ըր) ստանձնած էր «անկարելի յանձնառութիւն» (mission impossible): Հարկ էր, որ 16-ամեայ նորեկ աղջնակը մարմնաւորէր իր մօրմէ աւելի տարեց, ֆեմինիստ, իշխող կնոջ մը կերպարը: Այսուհանդերձ, Կարինէն պատուով դուրս եկաւ: Ակնյայտ է, որ ուշիմ աղջիկ է, ունի բեմի եւ հումորի զգացողութիւն: Եթէ ճիշդ ուղղութիւն ստանայ, կրնայ լուրջ դերեր վերցնել:

Մարիանա Մկրտիչեանը (Նորմանի նշանածը) ունէր շատ կարճ ելոյթ: Բայց այդ ալ բաւարար էր ցոյց տալու համար անոր սիրուն, շէնշող, ուրախութիւն սփռող յատկութիւնը: Ունի նաեւ բեմական ներկայութիւն եւ բացայայտ անկեղծութիւն, որ անմիջապէս կը գրաւէ հանդիսատեսը: Մարինան պարզապէս անփորձ է, բայց հակառակ իր սահմանափակ խաղարկութեան, հաճելի էր զինք դիտել: Շնորհակալութի՛ւն, Մարիանա:

Բարի՛ երթ բոլոր նորեկներուն:

Մեկնաբանական.- Թատրոնը հաւաքական արուեստ է, հետեւաբար գերազանցօրէն` քաղաքական: Այս ելոյթը ուղղակի քաղաքական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ «հոգատար պետութեան» չարաշահումը: Իբր թէ Բրիտանիոյ պետութիւնը ինքնակամ կը փութայ մեծ գումարներ շնորհել առաջին պատահած խաբեբային: Այս պարզապէս հնարովի պատրուակ է ջնջելու եւ կամ առ նուազն զեղչելու պետական նպաստը կարիքաւոր անհատներու: Պետական ծախսի կրճատումը պահպանողական կուսակցութիւններու քաղաքականութիւն է: Անգլիացի Փիթըր Նիքոլզ ունի թատերգութիւն մը (The National Health),  որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն անմարդկային, նոյնիսկ քրէական է Բրիտանիոյ պետական առողջապահական «խնամքը» (5): Ես այդտեղ ուսանած եմ, կրնամ թեր վկայել:

Հայր ու որդի Գունիներու կատակերգութիւնը պահպանողական է նաեւ այն պատճառով, որ այդտեղ իգական կերպարները կը գտնուին երկրորդ գիծի վրայ, սահմանափակ են, կրաւորական, խաբուած եւ այլն…

Ելոյթին կշռոյթը այնքան արագ էր, որ հանդիսատեսը ժամանակ չունէր հասկնալու, թէ ի՛նչ կը լսէ: Խորքին մէջ այդ անհրաժեշտ իսկ չէ, որովհետեւ Գունիի բնագիրը պարզապէս «մտային ծամոն» է: Ծիծաղաշարժ պատկերներու տարափը յարաճուն կերպով (crescendo) սաստկացաւ երկրորդ արարին` հասնելով  քաոսի: Հեղինակը թերեւս փորձած է հետեւիլ «Պերկսոնեան ձիւնագունդի« թելադրանքին (6): Յամենայն դէպս անձնապէս արդէն յոգնած էի նախքան առաջին արարի աւարտը: Այդ բոլորը կարելի էր դիւրաւ սեղմել մէ՛կ արարի մէջ: Երկրորդը գրեթէ ոչինչ աւելցուց հանդիսատեսի ընկալումին: Կատակերգութեան արհեստական ձգձգումը ծիծաղի որկրամոլութիւն է:

Հարկ է նշել, որ բեմադրիչը զեղչած էր սեռային երկբայութեան եւ ֆիզիքական գռեհկութեան բազմաթիւ տեսարաններ: Այդ կարելի է նկատել` ելոյթը բաղդատելով սիրողական օտար բեմադրութիւններու հետ (7): Շա՛տ բարի: Շեշտեցի ֆիզիքականը, որովհետեւ բանաւոր գռեհկութիւնները պահպանուած էին:  «under Ur-anus», օրինակ, յիշուեցաւ առ նուազն չորս անգամ: Ի դէպ, նախակրթարանի գիտելիք է, որ Ուրանուսը արեւի 7-րդ մոլորակն է, ոչ աստղ մը:

Ասոր կողքին, ցաւօք, կրճատուած էին ելեկտրական խանգարումի եւ լուացքի մեքենային վերաբերող մասերը: Այդ յոյժ կարեւոր է գաղափարական իմաստով: Լուացքի մեքենան կը խորհրդանշէ Էրիքին մեքենայութիւնները գողօն գումարները «լուալու»: Բոլորը կը զգան, որ այդ մեքենան «տարօրինակ ձայներ կը հանէ»: Ճենքինզ քննիչ մը եկած էր ստուգելու: Ելեկտրական հարուածը  ցանուցիր կ՛ընէ անոր թղթածրարը, Էրիքը քննիչին աշխատանքը կը խանգարէ գինիով, Ճենքինզ կը կը յաջողի ջախջախել մեքենայութիւնը… երբ արդէն ուշ էր: Կարգ մը բեմադրութիւններու աւարտական պատկերին մէջ կը տեսնենք ճակատամարտէն մրոտ դէմքով եւ պատառոտած հագուստներով, բայց յաղթական դուրս եկած Ճենքինզը առանձին բեմին վրայ: Այդ շատ աւելի կատակերգական է, քան բոլոր պոռչտուքներն ու ցատկռտուքները` գումարած: Կ՛ուզե՞նք զարգացնել խելացի հանդիսատես, թէ՞ հաճոյանալ հռոմէական կրկէսին: Առօրեան հաւաքակա՛ն հարց է: Թատրոնը այն վայրն է, ուր մարդիկ հաւաքաբար կը զգան եւ կը մտածեն, առօրեան մոռացութեան մատնել` կը նշանակէ ծառայել անմարդկային հասարակարգի գոյատեւման:

Իմ հարցը այն չէ՛, թէ ինչո՞ւ 60-ամեայ թատերախումբին յոբելեանը նշելու համար կատակերգութիւն է ընտրուած, այլ ա՛յն, թէ ինչո՞ւ նման բնոյթի՛ է ընտրուած կատակերգութիւնը: Այո՛, կատակերգութիւն եւ ոչ` զաւեշտ: Ձաղկող զաւեշտը կրնայ սարսափելի զէնք դառնալ, որովհետեւ ցանկալի եւ մատչելի է լայն խաւերու համար: Անցեալ ամիս «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ էր «Սովորական օր» մենաթատրոնը, որուն հեղինակ կատակերգակ Տարիօ Ֆօ ծանօթ է իր քաղաքական նուրբ, բայց սպաննող ձաղկով (8):

Ելոյթը ունէր անուրանալի դրական երես մը: Նկատի առած թատրերգութեան արտակարգ արագ կշռոյթը` փորձառութիւն մըն էր սկսնակ դերակատարներու, ծանօթանալու համար բեմի մեքանիզմին եւ կարգապահութեան: Անուրանալի է նաեւ թատերախումբի անդամներուն շնորհը, աշխատասիրութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ներկայ ելոյթին մէջ, սակայն, անոնք նման էին գառնուկներու կորած հօտի:  Յուսամ, որ ապագային այս շնորհալի երիտասարդները կ՛արժանանան աւելի լուրջ հոգատարութեան:

Ցտեսութիւն:

2 ապրիլ  2019

  1. www.aztagdaily.com/archives/191618, www.aztagdaily.com/archives/191817 եւ www.aztagdaily.com/archives/344259
  2. Ray Cooney, «Six Rules of Farce», «The Telegraph», 12 մարտ 2014:
  3. Տե՛ս «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյեմբեր 2016:
  4. www.youtube.com/watch?v=aYAJopwEYv8
  5. Hischak,Th. et al, «A Chronicle of Comedy and Drama 1969-2000«, 2001
  6. Laughter: An Essay on the Meaning of Comic by Henri Bergson 1914
  7. youtube.com/watch?v=AnXHe4u8xy0
  8. Տե՛ս, օրինակ, «Անիշխանականի մը պատահական մահը», 1970:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>