Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Ակնարկ. Իրաւադրոյթներու Յստակացում

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը` բանակցութիւններու ձեւաչափի իրաւական հիմքերը հիմնաւորելու առումով, ուղենշային փաստաթուղթ է, որ ո՛չ միայն հայկական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ հայ քաղաքական միտքը պիտի օգտագործէ ամէն անգամ, որ նշուած սկզբունքներուն շուրջ բանավէճ կամ ընդհանրապէս քննարկում կայանայ:

Յատկապէս միջնորդական ձեւաչափի փոփոխութեան Պաքուի նկրտումները կ’իրաւազերծուին այս յայտարարութեամբ: Այնտեղ ամրագրուած իրաւադրոյթներէն այս հարցին վերաբերող բաժինը  կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ. միջազգային խաղաղութեան վտանգ չներկայացնող տեղական հակամարտութիւններու լուծման համար ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեամբ կը նախատեսուի դիմել, նախ եւ առաջ, տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն:

ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութեան մասին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարներու յայտարարութիւններուն մէջ արտայայտուած միջազգային հանրութեան դիրքորոշման համաձայն, ազրպէյճանական – արցախեան հակամարտութեան քաղաքական լուծման հարցը կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի իրաւասութեան մէջ, որ Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսային յանձնած է միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու լիազօրութիւն:

Այս ձեւով միջնորդական ձեւաչափը ճշդուած կ՛ըլլայ միջազգային ընտանիքին կողմէ, եւ հետեւաբար բանակցութիւնները տարբեր հարթութիւն տեղափոխելու կամ Թուրքիան միջնորդական առաքելութեան մէջ ներգրաւելու Պաքուի փորձերը իրաւական որեւէ հիմք չեն ունենար:

Պաքուն միջազգային որեւէ համախմբումի առիթ կ՛օգտագործէ յղում կատարելու ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն` ընդգծելու համար հայկական ուժերու հեռացման կոչը: Այս յայտարարութեամբ կը յստակացուի, որ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը ընդունուած են մարտական գործողութիւններու ժամանակ` նպատակ ունենալով հրադադարի կամ խաղաղութեան հաստատումը: Հրադադարի հաստատումէն ետք, երբ ճշդուած է բանակցային միջնորդական ձեւաչափը, այդ կոչերուն յղում կատարելը օրուան իմաստը կը կորսնցնեն բնականաբար: Հրադադարէն ետք համաձայնեցուած բանակցային գործընթացի սկսելէն ետք, փոխզիջումնային տարբերակով հանգուցալուծման համար բանակցելի նոր կէտեր կը ճշդուին: Հետեւաբար լուծման նպատակով իրաւական նշանակութիւն կ՛ունենան միջազգային ընտանիքի համաձայնութեամբ սկսած գործընթացի իւրաքանչիւր փուլի կատարած յայտարարութիւնը, կոչը, հռչակագիրը:

ՄԱԿ-ի բանաձեւերու տրամաբանութեան մէջ կ’ընդգծուին Պաքուի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 822, 853, 874 բանաձեւերու տապալումը: Բանաձեւերը կը վերաբերին յարձակողապաշտութենէն զերծ մնալու, հրադադարը կայունացնելու եւ միջնորդներու արտակարգ համաժողով հրաւիրելու` հակամարտութեան բանակցուած լուծում ապահովելու նպատակով:

Տակաւի՛ն. ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 12-րդ յօդուածի ա. կէտին համաձայն, «այն ընթացքին,  երբ Ապահովութեան խորհուրդը որեւէ վէճի կամ իրավիճակի առնչութեամբ կ՛իրականացնէ  սոյն կանոնադրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթները, Ընդհանուր ժողովը այդ վէճին կամ իրավիճակին վերաբերեալ չի կրնար որեւէ յանձնարարական ներկայացնել, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը չդիմէ այդպիսի խնդրանքով»: Մինսքի խմբակի  երեք համանախագահ երկիրները, որոնք նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ են, դէմ քուէարկած են Ընդհանուր ժողովի այդ բանաձեւին:

Միջազգային համաձայնութիւն ունեցող միջնորդական ձեւաչափի իրականութեան հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին առջեւ է Պաքուն: Այդ կը նշանակէ, որ այլ բանաձեւերու որոնումի փոխարէն յղում պէտք է կատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հրապարակած կոչերուն, յայտարարութիւններուն: Իսկ ատիկա արդէն կը նշանակէ շփման գիծի վերականգնում, հրադադարի միջազգային երաշխաւորութիւն, մշտադիտարկում, հետաքննութիւն եւ այդ բոլորի իրականացման համար գործիքակազմերու տեղադրում ու ԵԱՀԿ-Ի ներկայացուցիչի լիազօրութիւններու ընդլայնում:

 

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>