Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Երեւումն Ս. Խաչի

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Հայ առաքելական եկեղեցին հարուստ է տօներով: Իւրաքանչիւր տօն ունի իր պատգամը եւ խորհուրդը, եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը ինքնին վկայ կը հանդիսանայ այս տօներու խորհուրդի զօրութեան: Երբ մեր եկեղեցւոյ օրացոյցը բանանք, պիտի տեսնենք, թէ որքան մենք` հաւատաւոր զաւակները այս Ս. Եկեղեցիին, հարուստ ենք հոգեւոր արժէքներով: Նորութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ 1700 տարիներէ աւելի գոյատեւող մեր եկեղեցին կը շարունակէ հոգեւոր սնունդ տալ մեզի:

Այսօրուան մեր նիւթն է,` Տօն երեւման ս. խաչին: Առաջին հերթին հարկ է նշել, որ Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած հետեւեալ 4 տօները ունի. Խաչվերաց, Գիւտ Խաչի, Երեւումն Ս. Խաչի եւ Վարագայ Ս. Խաչի:

Այս տօնը պատմական դէպքի մը յիշատակութիւնն է, նկարագրականն է այն երեւումին, որ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքին եւ Կոստանդին Բ. կայսրին օրով, 351 թուականին: Ս. պենտեկոստէի (հոգեգալուստ) օրերուն, մայիս ամսուան սկիզբը Ս. Խաչի լուսաւոր նշանը տարածուեցաւ երկինքին վրայ, Քրիստոսի խաչելութեան վայրէն` Գողգոթայէն մինչեւ Քրիստոսի համբարձման վայրը` Բեթանիայի Ձիթենեաց լեռը:

Փայլող խաչը երեւելի դարձաւ բոլորին անխտիր, այդ շրջաններու բնակիչները վկան հանդիսացան Ս. Խաչի երեւման, որուն փայլքը աւելի ուժեղ էր, քան` արեւին ճառագայթները: Ժողովուրդը այս հրաշքը տեսնելով, շտապեց դէպի տաճար` խոստովանանքի համար, իրենց ունեցած հաւատքը ամրապնդելու նպատակով: Մեծ ուրախութիւն կը տիրէր այդ շրջաններէն ներս, մարդիկ գոհութիւն կը յայտնէին ամենակալ Աստուծոյ` իր կատարած աննկարագրելի յայտնութեան համար:

Օրուան պատրիարքը` Կիւրեղ Երուսաղէմացին, այս հրաշքին ականատես ըլլալէ ետք, հարկ համարեց պաշտօնական նամակ մը գրել Կոստանդին Բ. կայսրին` ներկայացնելու եւ նկարագրելու համար տեղի ունեցած հրաշքը: Կիւրեղ պատրիարքը պաշտօնական այս նամակով ուզեց համոզել կայսրին, որ հեռու մնայ եւ չպաշտպանէ արիոսականութիւնը, որ ուղղափառ եկեղեցւոյ դաւանութեան հակառակ է եւ վերստին հետեւի երեւցող Ս. Խաչի հաւատքին եւ դաւանանքին:

Այստեղ կը մէջբերենք Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքին պաշտօնական նամակէն հետեւեալ տողերը. «Աստուած քու թագաւորութիւնդ սիրելով` քու օրով հրաշալի երեւոյթ մը կերտեց: Քանզի աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ հօրդ` Կոստանդիանոսի ժամանակ Աստուծոյ շնորհքով փրկական Սուրբ Խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ` այլ երկնքի երեսին վրայ զարմանալի գործեր տեղի ունեցան: Որովհետեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի` Աստուծոյ Միածին Որդիին, մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն` երանելի խաչը լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վրայ»: (Աղբիւր` Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկի շղթան եւ գունագեղ կիրակիներ եւ հոգեգալուստ գիրքէն, էջ` 210)

Այս երկնային հրաշքին շնորհիւ` շատեր կը մկրտուին Քրիստոսի անունով, իսկ Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքը այս հրաշքը եկեղեցական տօնի կը վերածէ, եւ մինչեւ օրս այս տօնը կը յիշատակուի նոյն անուան տակ:

Երեւման Ս. Խաչի նուիրուած շարականը հետեւեալը կ՛ըսէ. «Այսօր երկինքէն երեւցաւ յաղթութեան նշանը, եւ ողորմութեան լոյսը ծագեց հեթանոսներուն վրայ: Այսօր հաւաքուած բազմութիւնը տեսաւ Ս. Խաչի լոյսը` ճառագայթներով զարդարուած: Սուրբ Խաչիդ երեւման հետ, Քրիստոս, այսօր Երուսաղէմը մեծ փայլք ստացաւ: Աստուածային քու նշանիդ լոյսի ծագումը որպէս ճառագայթ` մեծ բազմութիւնը կը դիտէր: Ամենայաղթ զօրութիւնը խաչիդ, Քրիստոս, որ մեզի տրուեցաւ որպէս օգնութիւն` պատերազմելու թշնամիին դէմ»: (Շարակնոց)

«Քրիստոս Օրէնքի այդ անէծքէն մեզ ազատեց` ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով. որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Անիծեալ է ան, որ փայտէ կը կախուի»: Քրիստոս խաչին վրայ կախուեցաւ, որպէսզի բոլոր ազգերը Աբրահամի խոստացուած օրհնութիւնը ունենան Քրիստոս Յիսուսով, եւ մենք անոր հաւատալով` խոստացուած Սուրբ Հոգին ստացանք»: (Գղ 3.13-14)

Սիրելի՛ ընթերցող, պահ մը մտածէ Պօղոս առաքեալի գրած այս տողերուն մասին, պահ մը պատկերացուր այս բառերը, պահ մը ապրէ այս նախադասութիւնները, պահ մը մոռցիր քու կեանքիդ մտահոգութիւնները եւ զգայ Քրիստոսի կատարած զոհողութիւնը:

Խաչը, որ անարգանքի նշան էր, Քրիստոսով կեանքի վերածուեցաւ:

Խաչը այն միակ «զինանշանն» է, որ քեզ փրկութեան վահանով զինեց եւ մինչեւ օրս կը զինէ:

Խաչը իր Խաչեալով յաւիտենական կեանք պարգեւեց քեզի:

Խաչը, որ երեւցաւ Երուսաղէմի մէջ եւ լուսաւորեց այդ օրուան հաւատացեալներուն սրտերը, մեզ կը վստահեցնէ, որ նոյն այդ խաչը ամէն օր եւ ամէն ժամ կ՛երեւի մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Արդ, մեր պարտականութիւնն է այդ լոյսը փոխանցել մեր նմանին, որ ան ալ իր կարգին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչին փրկարար լոյսով լուսաւորուի:

Այլեւս ո՛չ մէկ օրէնք, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզ հեռացնել խաչէն, այն խաչը, որ մեր պապերը պահպանեցին ու որպէս ժառանգութիւն` մեզի փոխանցեցին, այն խաչը, որ մեզ զօրացուց թշնամիին հարուածներուն տակ ու վերստին ծնունդով յարութիւն պարգեւեց հայութեան: Այսօր այդ խաչով է, որ մենք կը շարունակենք մեր երթը, այդ խաչով է, որ կը պայքարինք` հասնելու արդարութեան: Խաչն է մեր ապաւէնն ու զօրութիւնը, հաւատարիմ մնանք այդ խաչին եւ Խաչեալին, ու համայն մարդկութեան ցոյց տանք, թէ որո՛նք են այդ խաչին զաւակները:

«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»: (Ղկ 9.23)

Այս է Քրիստոսի պատգամը` մեր անձերը ուրանալ եւ խաչը առնելով` ետեւէն գալ, անձնական շահերը մէկդի դնելով, ծառայել հաւաքական շահերուն համար. Քրիստոսի այս խօսքը մեզի ցոյց կու տայ, որ խաչով մենք կրնանք հեռանալ անձնասիրութենէ, եսասիրութենէ եւ բոլոր տեսակի մոլութիւններէն, որոնք մեզ հեռու կը պահեն Քրիստոսի պարգեւած արժէքներէն:

Խաչը առնել` կը նշանակէ հեռու մնալ ժամանակաւոր արժէքներէ, իտէալներէ եւ գաղափարներէ: Խաչը առնել` կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ, յաւիտենականին ձգտիլ եւ անոր տեսլականով ապրիլ: Որքան ալ խօսինք խաչին մասին, խօսքերը բաւարար չեն` նկարագրելու Քրիստոսի խաչը: Մեզի կը մնայ աղօթել ամենակալ Աստուծոյ, խնդրել անոր ողորմութիւնը, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին անոր Միածին Որդիին խաչով զինուած` համբերութեամբ տանինք այս աշխարհիկ կեանքի ժամանակաւոր դժուարութիւնները:

Երեւման Ս. Խաչի տօնին առիթով, եկէք, բոլորս ի սրտէ աղօթենք ու ըսենք.

Յ անձնառու
Ի նքնակամ,
Ս իրոյ
ՈՒ խտի
Ս րբարան.
Ք աղցրաբոյր
Ր աբբի,
Ի նքնամատոյց
Ս րբագործ եւ
Տ եսող ամենայնի,
Ո ղորմէ եւ արժանացուր մեզ,
Ս ուրբ Խաչիդ վկաները դառնալու. Ամէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13218

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>