Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Մայեսթրօ Կարպիս Ափրիկեան` Երաժշտահանն Ու Խմբավարը

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԼԵՒՈՆ ՄՈՄՃԵԱՆ

Դիմաքանդակ՝ երգահանԿարպիս Ափրիկեանի (Փարիզ) գործ՝ Եւգինէ Եփրեմեան – Տը Կրեֆի

Եօթանասունհինգ տարի առաջ Կարպիս Ափրիկեանը սկսաւ երաժշտութեամբ զբաղիլ: Տասնհինգ տարեկանին` Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանին երաժշտութեան ուսուցիչ Աշոտ Պատմագրեանի աշակերտ, անոր բացակայութեան ինք կը ստանձնէր տարեվերջի հանդիսութեան երգչախումբին ղեկավարութիւնը: Իսկ ուսուցիչին մեկնումէն ետք դարձաւ անոր յաջորդը` մինչեւ 1953:

Փարիզ մեկնելէն առաջ Կ. Ափրիկեանը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ շարք մը համերգներով լուրջ գործունէութիւն ծաւալեց, ինչպէս` «Համրա» հանրածանօթ հանդիսասրահին մէջ: Երաժշտութեան բնագաւառին մէջ առաջնակարգ դէմք դարձաւ` արժանանալով մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նախագահին գնահատանքին:

Եթէ Ափրիկեանը չըլլար, Գ. Ալեմշահի «Աւարայրի ճակատամարտը» համանուագային վիպերգութիւնը (poème symphonique) պիտի նուագուէ՞ր Երեւանի մէջ: Նոյնն է պարագան իր «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիոյին, որ դիւցազներգական բնոյթով համանուագախմբային երկ է ու կը պարունակէ մեներգներ, խմբերգներ:

Լեւոն Շանթ հակակրօնական տարողութեամբ իր գործը կոչած էր «Հին աստուածներ», Ափրիկեան գտած էր Բարսեղ Կանաչեանի այդ թատրերգութեան համար յօրինած դաշնակի բաժին մը եւ ջութակի ու թաւջութակի կցկտուր հատուածներ: Անոնց վրայ հիմնուելով` ան յաջողութեամբ ստեղծեց մէկ արարնոց, խտացած «Աբեղան» օփերան, որ համանուագախմբային երկ մըն է: Իրեն կը պարտինք նուագախումբի ընկերակցութեամբ «Նանոր»-ի ժողովրդականացումը, Կանաչեան-Ափրիկեանի «Նանոր»-ը դարձաւ կոթող մը եւ միջազգային երաժշտասէրներու մեծ ընդունելութեան արժանացաւ:

Զարմանալի է, որ մեր այն գաղութները, ուր հոծ հայութիւն կայ եւ կարեւոր թիւով մտաւորականութիւն, երաժշտական մարզը յաճախ զարգացում չէ արձանագրած: Սակայն ֆրանսահայութիւնը, որ այսօր շատ փայլուն պատկեր մը չի պարզեր, երաժշտական գետնի վրայ ունեցած է ծանօթ երաժշտագէտներ, ինչպէ՛ս` Գ. Ալեմշահ, Ա. Պարթեւեան, Մեսումենց:

Խմբանկարը` Գահիրէի մէջ, 1954 յունուար

Երիտասարդութեանս, երգչախմբային երաժշտութեամբ խանդավառ, դասական, գեղջկական կամ կրօնական, շրջած եմ բոլոր գաղութները, նաեւ անոնց եկեղեցիները` ծանօթանալու համար տարուած երաժշտական գործունէութեան: Երգած եմ Կանաչեանի բոլոր երգերը` իր իսկ ղեկավարութեան տակ: Որպէս ջութակահար` մաս կազմած եմ Ափրիկեանի ղեկավարած նուագախումբին, ապա իբրեւ երգիչ` անոր երգչախումբին:

Հոս կ՛ուզեմ յիշեցնել նաեւ, որ ներկայ գտնուած եմ Հայաստանի հանրածանօթ բոլոր երգչախումբերու փորձերուն եւ ծանօթացած անոնց խմբավարներուն` բացառութեամբ Երեւանի սենեկային երգչախումբին, որուն խմբավարը Պէյրութ մեկնած էր, վերակազմելու Բ. Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբը:

Ափրիկեանը հետագային Կանաչեանի բազմաթիւ գործերուն համանուագային բաժիններ աւելցուցած է, ինչպէս` «Շուշօ»-ին, «Վարդերի հետ»-ին, որոնք այլեւս գրեթէ չենք լսեր արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ…

Ինչ կը վերաբերի կոմիտասեան պատարագին, Ափրիկեանը նկատած է, որ զայն խառն երգչախումբի պատշաճեցնելու բոլոր փորձերը գոհացուցիչ արդիւնք չեն տուած` անոնց հնչեղութիւնը մնացած ըլլալով թեթեւ, նոյնիսկ` միապաղաղ: Ինք իր նոր մօտեցումով պայծառութիւն մը բերած է` նկատի ունենալով testiture-ը, այսինքն` երգաձայնի մօտաւոր հնչածաւալը, երգողներու համար ամէնէն նպաստաւոր, յարմարագոյնը: Ըրածը «փոխագրութիւն-վերագրութիւն» կարելի է կոչել. նոյն աշխատանքը կատարած է մեր հիասքանչ գոհար շարականներուն վրայ:

Ունկնդրած եմ յաջող, կամ նուազ յաջող հոգեւոր համերգներ, լսած` անոնց ձայնագրութիւնները: Սկսած` Ս. Էջմիածնի տաճարէն, մինչեւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցին, ղեկավարներու հետ մտերմութիւն ունեցած եմ. ձայներիզով ունկնդրած նաեւ Պուէնոս Այրեսի եկեղեցիին խմբավարին կատարումները: Անվարան կրնամ ըսել, որ Ափրիկեանին վերարտադրած կոմիտասեան պատարագը գերազանցապէս յաջողած գործ է:

Այս շրջանակին մէջ կարելի չէ չխօսիլ «Չ՛ըլլար չ՛ըլլար» բազմամաս երկին մասին, որ գողտրիկ սուիթ մըն է:

Ափրիկեանը նկատած էր, որ համերգի մը վերջաւորութեան զուարթ բնոյթով ստեղծագործութիւն (divertimento) մը անհրաժեշտ էր ուրախ շեշտերով փակելու համար ձեռնարկը: Այս երկը Ափրիկեանի երաժշտական ինքնուրոյն դրոշմը կը կրէ: Ան յանդգնած է հայ երգչախմբային արուեստին մէջ տեղ տալու կշռութայինին եւ շեշտասահին, որոնց մեկնաբանութիւնը դժուար է սորվեցնել սիրողներէ կազմուած խումբի մը, ուր անպայման կ՛ըլլան նաեւ հայերէնին ոչ ծանօթ տարրեր:

Մայեսթրօ Կարպիս Ափրիկեանը մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին:

Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ դարձած է եզակի անուն մը, որուն վաստակը արժանի է ամէն յարգանքի ու մեծարանքի:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>