Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ճիշդ է` ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդ ուխտի գացած խուռներամ բազմութեան թափօրի հոսքը կարծէք ո՛չ սկիզբ ունէր, ո՛չ վերջ, օրինակելի էր եւ յուզիչ: Ուժի եւ միութեան պատկեր էր:

Բայց երբ տուն կը դառնայի եւ կը բարձրանայի Հրաչեայ Քոչարի փողոցով, տեսայ, որ նպարավաճառի իր փոքրիկ կրպակին մէջ նստած էր Յասմիկ: Իր դպրոցական զաւակն ալ հոն էր: Ապրուստի անմիջական հոգը ստիպողութիւն է, այսօր է, վաղուան չի սպասեր, որուն ճառերը լուծում չեն բերեր: Յասմիկ կը վաճառէր ջերմուկ, կոլա, հաց եւ մածուն: Արեւածագէն մինչեւ ուշ գիշեր:

Փողոցի երկայնքով, աջ եւ ձախ, բաց էին նաեւ կառատուները, ամենայն անկարգութեամբ, անզգուշութեամբ եւ անիշխանութեամբ խճողելով մայթերը, ուր տնակներ կառուցուած էին: Անիւ, անուադող վաճառողներ, աթոռակի վրայ նստած` սուրճ կը խմէին, կը ծխէին, կճատները փողոց կը նետէին: Փողոցի երկայնքին իրարու յաջորդող ինքնաշարժի լուացման, ավտոլուացման ջուրը առու դարձած` կը հոսէր փողոցէն: Հոս ո՛չ ապրիլ 24-ի եւ ո՛չ ալ թափօրի հետք կար: Լուացուած ինքնաշարժները հազիւ մայթէն հեռացած, մրցավազքի ելած` կը սուրային «ինծի նայեցէք» ըսելու պէս: Երեկոյեան հեռատեսիլը պատկերներ պիտի սփռէր պատահարներու  մասին:

Յեղափոխութիւնը հոս ապահովութիւն եւ օրէնք չէր բերած: Հետիոտն մարդիկ` այր, կին, մանուկ եւ երէցներ,  ոստոստելով պէտք էր անցնէին ինքնաշարժներու շարանին մէջէն, շրջանցէին, սպասէին:

Լայն եւ բանուկ փողոցի մայթերը գրաւուած էին կայանատեղ գտած, նորոգութեան կամ այլ պատճառներով երկու կամ երեք շարք ինքնաշարժներու կողմէ: Քաղաքացին` հաց կամ բանջարեղէն գնելու գացող կամ գնումէ վերադարձող մարդիկ մէկ վայրկեանէ միւսը կրնային հնձուիլ սուրացող ինքնաշարժներու կողմէ, երբ ստիպուած կը զիկզակէին գրաւուած-անհետացած մայթերուն վրայ:

Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող ժողովուրդին հակապատկերը հոս էր, անտարբերներ եւ անօգնականներ, որոնք հայ էին:

Յասմիկ ջարդուած ապակիով կրպակին մէջ, սեղանի ետին, աթոռակի մը վրայ նստած` իր զաւակին դասերուն կը հետեւէր, անտարբեր` փողոցի գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներու անցքին, որոնց արտանետումները եւ աղմուկը կարծէք չէին խանգարեր զինք: Ապականումը այնքան բնական էր, առօրեային մաս կը կազմէր:

Դէպի Ծիծեռնակաբերդի կոթողը տանող ճամբուն վրայ վթարի եւ պատահարի վտանգ չկայ, եւ ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ հսկող բազմաթիւ ոստիկաններու մէկ մասը Յասմիկի կրպակին փողոցը չի գործուղուիր համեստներու կեանքը եւ առողջութիւնը պաշտպանելու համար:

Զարմացած էի, որ կրպակները, վաճառատուները, գործատեղիները ապրիլ 24-ին փակ չէին: Սփիւռքի մէջ պարտք եւ պարտականութիւն կը համարեն զանոնք փակ պահել եւ թուղթ մըն ալ կը փակցնեն յիշեցնելու համար 1.500.000-ը, երբեմն ալ կը գրեն, որ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը, կամ հազուադէպօրէն` ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ: Կը քալեմ փողոցէն վար, վեր, կողքի փողոցներէն, հոս ապրիլ 24 չկայ:

Երեկոյեան կրպակի Յասմիկին ամուսինը տեսայ եւ այս մասին խօսեցայ: Չէի  մտածած պատասխանին մասին: Ըսաւ, որ առաւօտեան ինք գացած էր Ծիծեռնակաբերդ, ապա եկած էր, պահած էր կրպակը, եւ Յասմիկն ու տղան գացեր էին: Պէտք ունէին կրպակի վտիտ եկամուտին: Մարդոց հետ պէտք է խօսիլ դատելէ առաջ, վերահասու ըլլալու համար կացութեան, մարդոց դժուարութիւններուն: Կրպակը բաց պահած էին, բայց գացած էին Ծիծեռնակաբերդ:

Սակայն փողոցի երկու կողմերուն կանգնած կամ վեր-վար սուրացող ինքնաշարժներու վարորդները նոյն մտահոգութիւնները եւ նոյն արդարացումները չունէին: Նորահարուստի եւ չտեսի վերաբերում ունէին, անհոգի եւ անհոգիի, զուարճութեան: Հաւանօրէն նաեւ վարժ էին անաշխատ դրամով ապրելու, իրենք իրենց ամէն բան ներելու: Երեւանը բազմերես էր, ճաշարանները եւ սրճարանները բաց էին, հացի համար հոն աշխատողներ կային, որոնք կը սպասարկէին օրուան խորհուրդին անտարբեր յաճախորդներու եւ տուրիստներու:

Երեկոյեան թատրոնները եւ համերգասրահները բաց պիտի ըլլային: Այդ գիտէի` հետեւած ըլլալով յայտարարութիւններուն: Նոյնիսկ եթէ հեռատեսիլը տեւաբար պատկերներ պիտի սփռէր, պարզ էր, որ քաղաքին համար լուր օր մը կը շարունակուէր: Խորհեցայ, որ ապրիլ 24-ը ծէս մըն էր, բախտաւոր պարագային` յիշողութեան, որ առաւելաբար օգտակար էր ծաղկավաճառներուն:

Երբ կը խօսէի հանրակառքին մէջ կողքիս նստած միջին տարիքի կնոջ հետ, ան պարզ ձեւով բացատրեց, որ յիշողութիւնը պէտք էր պահել, բայց կար նորագոյն ժամանակը` իր սպառնալիքներով, կռիւներով, յաղթանակներով եւ օրուան հացի խնդիրներով: Ֆրանսացին կ’ըսէ` tout un programme, ամբողջ յայտագիր մը:

Յասմիկը երկու տղայ ունի: Քանի մը շիշ ջերմուկ, կոլա եւ քանի մը լաւաշ պիտի ծախէ, որպէսզի երկու զաւակները դպրոց երթան, ուսանին, մարդ ըլլան:

Ինչպէ՞ս հաշտեցնել յիշողութիւնը, Դատը, դժուարութիւններու դիմաց կանգնած Յասմիկի անմիջականը: Այս հարցումին պատասխանը ոտքի քնացնող բարոյախօսական չի կրնար ըլլալ, այլ` ամբողջական ազգային-քաղաքական:

Ազգային-քաղաքական լիակատար եւ անսեթեւեթ գործը եւ առաջնորդութիւնը պիտի տան պատասխանը, որպէսզի գտնուի միութիւն-միացումը, եւ կեանքով ըլլանք մասնակից ներկային եւ կերտենք ապագան:

Մեր ազգային հիմնախնդիրները պիտի լուծուին նաեւ Յասմիկներու կրպակներուն մէջ` առանց բարձրախօսներու եւ ջահերու: Առանց տուրիստ խելք եւ խօսք բաժնողներու:

Հիմա, ամէն անգամ որ կ’անցնիմ կրպակի մը առջեւէն, կ’երեւակայեմ Յասմիկին տասը եւ տասնվեց տարեկան զաւակները: Ջերմուկի, կոլայի վաճառուած շիշերէն եւ լաւաշէն գոյացած շահը պիտի բաւէ՞, որ անոնք ըլլան արժանավայել քաղաքացիներ եւ կարենան ծառայել իրենց ընտանիքին, երկրին, ազգին:

Ի դէպ, Յասմիկի երկու մանչերուն պապը խորհրդայնացումէն առաջ քահանայ եղած է, եւ վարչակարգի մարդիկ անոր մօրուքը մկրատով կտրած են եւ` ծաղրի ենթարկած: Այդ մանչերուն համար յիշողութիւն է նաեւ այդ չմոռցուելիք պապը…

Յասմիկն ալ օր մը, «լաւ ապրելու իրաւունք» նուաճելու համար, ուրիշներու պէս կրնայ վաճառել իր համեստ կրպակը եւ իր զաւակներուն հետ շունչը առնել Հրեշտակներու քաղաք Լոսը:

Ինչե՜ր պէտք է ընեն ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ բարեսիրական սփիւռք(ներ), որ չըլլան, ինչպէս կ’ըսուի` շոու(show), Դանիէլ Վարուժանի երազած «վարդահեղեղ արշալոյս»-ը բերելու համար հայրենիքին եւ ժողովուրդին… սկսելով Յասմիկի կրպակէն, որպէսզի կրպակը բաց մնայ, զոյգ մանչերը չերթան բազմացնելու եւ երիտասարդացնելու ուրիշ ժողովուրդներ…

Այս վաղուան չսպասող խնդիր է: Նոր նոմենքլաթուրայի կանանց տիզայնըրով չի բացատրուիր եւ չի լուծուիր: Երկինքէն իյնալիք մանանայ ալ չէ, հեքիաթի երկինքէն իյնալիք խնձոր ալ չէ:

Ինչե՜ր պէտք է ընել, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս…

Բայց ի՞նչ բանի կը ծառայեն որոշողները:

9 մայիս 2019, Երեւան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>