Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930). Հայ Ժողովուրդի Իրաւապաշտպան Մեծ Մարդասէրը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիս 13-ին կ՛ոգեկոչենք մահուան 89-րդ տարելիցը նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսենի, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արժանի տեղ գրաւած հայասէր օտարներու փաղանգին մէջ կը զատորոշուի հայապաշտպանի իւրայատուկ լուսապսակով:

Մարդկային դաժանութիւն եւ տառապանք շատ տեսաւ Նորվեկիոյ մեծանուն այս զաւակը, որ իբրեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին ստեղծուած Ազգերու լիկայի գաղթականական հարցերով լիազօր յանձնակատար` մօտէն առնչուեցաւ տարբեր ժողովուրդներու բաժին հանուած մեծ ողբերգութեանց հետ:

Յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը խորապէս ցնցեց Նանսենը:

Ատենին Նանսեն վկայեց, որ` «Ինծի համար դժուար է հաւատալ, թէ ոեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան` առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն»:

Իսկ դուստրը մեծանուն մարդասէր իր հօր յիշատակին նուիրուած յուշերուն մէջ, վկայեց. «Հայրս մահացաւ «հայ» բառը շուրթներուն: Դուք անոր սրտի սիրելի զաւակներն էիք: Հօրս հանդէպ հայ ժողովուրդին տածած խորը սէրն ու անսահման երախտագիտութեան զգացումը անոր յիշատակի յաւերժական յուշարձանն են»:

Իրաւամբ, Հայաստանը ազգային հերոսի դափնեպսակին արժանացուց Նանսենը, իսկ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ բեկորներու յիշողութեան մէջ, մինչեւ մեր օրերը, երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը պահպանուի անունը այս եզակի հայասէրին:

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ Նանսեն առնչուեցաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1922-1923-էն սկսեալ, բայց այնուհետեւ, մինչեւ իր վերջին շունչը, Նորվեկիոյ այս ազնուական զաւակը ծառայեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան վէրքերու դարմանումին եւ ցաւերու ամոքումին:

Նանսեն ծնած է 10 հոկտեմբեր 1861-ին, Քրիսթիանիա քաղաքի (այժմու մայրաքաղաք Օսլոյի) արուարձաններէն մէկուն մէջ: Հայրը յաջողած ու յարգուած իրաւաբան մըն էր, որ իր բարեպաշտ ու աստուածավախ վարքով խոր անդրադարձ ունեցաւ Նանսենի կազմաւորման վրայ: «Անձնական պարտաւորութեան եւ բարոյական սկզբունքի» շեշտակի զգացողութիւնը Նանսեն ժառանգած էր իր հօրմէ: Իսկ մայրը, որ բնութենապաշտ էր եւ բացօթեայ մարզանքներու մեծ հակում ունէր, իր զաւկին մէջ զարգացուց մարզիկի (դահուկորդ) եւ կենդանաբանի ու ովկիանոսագէտի ընդունակութիւնները:

Այդ ճամբով էր, որ Նանսեն դարձաւ միաժամանակ մեծ մարզիկ ու հետախոյզ, գիտնական եւ գրող, պետական գործիչ ու աշխարհահռչակ մարդասէր:

Երիտասարդական իր շրջանին, անընդմէջ ութ տարի շարունակ, Նանսեն հանդիսացաւ Նորվեկիոյ դահուկարշաւի ախոյեանը:

Օսլոյի համալսարանի բնական գիտութեանց բաժինը ընդունուեցաւ 1880-ին եւ նուիրուեցաւ կենդանական մարմիններու նեարդային համակարգի ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ` ովկիանոսագիտական հետազօտութիւններու: 1887-ին իր աւարտած ուսումնասիրութիւնը` կենդանի էակներու նեարդային կեդրոնական դրութեան մասին, Նանսենին ապահովեց բնական գիտութեանց տոքթորի աստիճան` անոր առջեւ բանալով հեղինակաւոր Պերկընի թանգարանի գիտաշխատողի նախանձելի ասպարէզը:

Հազիւ համալսարանէն վկայուած, 1888-ին, Նանսեն ձեռնարկեց տարիներու իր երազի իրագործման` հիւսիսային բեւեռը հետազօտող առաքելութեան մը կազմակերպումին: Սառցակալած ովկիանոսը կտրելով դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջանալու եւ էսքիմոներու կեանքին, ինչպէս նաեւ կենդանական աշխարհի առանձնայատկութեանց մօտէն ծանօթանալու հետախուզական առաջին այդ առաքելութիւնը ամիսներ տեւեց` բնական դաժան պայմաններ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու եզակի փորձառութիւն մը շնորհելով Նանսենի: Հետախուզական իր ծառայութեանց առ ի գնահատանք` Նանսեն նշանակուեցաւ Օսլոյի համալսարանի նորահաստատ ովկիանոսագիտութեան բաժնի վարիչ-տնօրէն, պաշտօն, որ շուտով անցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար դէպի Նանսեն պետական գործիչի հանրային ու քաղաքական աշխուժ ծառայութեան ասպարէզը:

Մինչեւ 1900-ականները Նորվեկիա մաս կը կազմէր Շուէտի թագաւորութեան: Բայց անկախութեան ձգտումները եւ ազգային ուրոյն պետականութեան ստեղծման պահանջները սկսած էին լայն հող գտնել նորվեկիացիներուն մէջ: Նանսեն դարձաւ դրօշակիրը Նորվեկիոյ անկախացման: Յարաբերութիւնները սրած ու լարուած էին շուէտացիներուն եւ նորվեկիացիներուն միջեւ: Նանսեն ի գործ դրաւ անձնական մեծ հեղինակութիւն վայելող հանրային դէմքի եւ յաջող բանագնացի իր ողջ հնարաւորութիւնները, որպէսզի առճակատումի չերթան զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները:

Ի նպաստ Նորվեկիոյ անկախութեան կողմնորոշուած ժամանակի եւրոպական ամէնէն ազդեցիկ ուժը Մեծն Բրիտանիան էր, որուն պաշտօնական համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով Նանսեն ուղղուեցաւ Լոնտոն, ուր աւելի քան ամիս մը մնաց եւ սերտ կապեր հաստատեց ինչպէս թագաւորին, այնպէս ալ վարչապետին հետ: Ապահովեց նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը` Նորվեկիոյ անկախութեան միջազգային ճանաչումին: 1905-ին անկախ Նորվեկիոյ հաստատումէն ետք, Նանսեն ստանձնեց Նորվեկիոյ դեսպանի պաշտօնը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, 1906- 1908: Մինչ միջազգային իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու իմաստով դեսպանութեան այդ տարիները արդիւնաւէտ եղան, սակայն անձնական կեանքի առումով եղան ծանր դժբախտութեան ժամանակաշրջան մը, որովհետեւ 1907-ին Նանսեն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը` Էվա Նանսենը:

Կնոջ կորուստէն ետք Նանսեն հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէ եւ իր լրիւ ժամանակը յատկացուց համալսարանական պաշտօնավարութեան եւ դստեր հոգատարութեան: Բայց մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ տեւեց կեանքի այդ եղանակը: Պատերազմի բռնկումին հետ Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, բայց տնտեսական դժուարութեանց առջեւ կանգնեցաւ, երբ Մ. Նահանգները պատերազմի մէջ մտան եւ արգելք դրին դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման վրայ: Նանսենի վիճակուեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, այս անգամ` Ուաշինկթընի մէջ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար: Այդ առաքելութիւնը եւս յաջողութեամբ աւարտեց Նանսեն:

Ա. Աշխարհամարտի աւարտի օրերուն սկսած էր հասուննալ Ազգերու Լիկայի կազմութեան գաղափարը: Նանսեն սրտանց ջատագովը եւ աջակիցը եղաւ լիկայի կազմութեան ճիգերուն: Եւ երբ կազմուեցաւ Ազգերու լիկան, շտապ կարգով Նանսենի առաջարկուեցաւ Խորհրդային Ռուսիոյ տարածքին ցիրուցան դարձած գերմանացի ռազմագերիներու հաւաքման, պատսպարման եւ տունդարձի ծայր աստիճան պատասխանատու առաքելութիւնը: Հակառակ խորհրդայիններու սկզբնական դժկամութեան` Նանսեն յաջողեցաւ ընդունելի խօսակից մը դառնալ պոլշեւիկներուն եւ պատուաբեր արդիւնքի տարաւ լիկայի կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:

Իր այդ յաջողութիւնը հիմք ծառայեց, որպէսզի Ազգերու լիկան Նանսենի յանձնէ լիկայի գաղթականութեան յանձնակատարի պատասխանատուութիւնը: Իր այդ պաշտօնին վրայ պատմական տարողութեամբ նուաճում մը արձանագրեց Նանսեն, երբ յաջողութեամբ կազմակերպեց Յունաստան-Թուրքիա պատերազմին եւ Զմիւռնիոյ աղէտին պատճ              առով առաջացած աւելի քան մէկ միլիոն յոյն եւ հայ տեղահաններու Յունաստան տեղափոխութիւնը, իսկ Թրակիոյ շրջանէն շուրջ կէս միլիոն թուրքերու Թուրքիա տեղափոխութիւնը: Նաեւ կեանքի կոչեց գաղթականներու անցագրային յատուկ դրութիւն մը, որ լիկայի օրհնութեան արժանացաւ եւ աւելի քան 52 երկիրներու կողմէ ճանչցուեցաւ` Նանսենեան անցագիր անունը ստանալով եւ մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ ի զօրու մնալով:

Իր այդ նուաճումին համար 1922-ին Նանսեն արժանացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին:

Նոյն այդ շրջանին էր, որ Ազգերու լիկայի գաղթականութեան յանձնակատարի իր պաշտօնով Նանսեն լծուեցաւ Եղեռնէն վերապրած հայ գաղթականութեան հոգատարութեան դժուարին աշխատանքին: Զուգադիպեցաւ նաեւ, որ Խորհրդային Ռուսիոյ ցորենի ցանքի փճացման պատճառով համատարած մեծ սովի ալիք մը հարուածեց տարածաշրջանը: Նանսեն արագօրէն օգնութեան հասաւ, խորհրդայիններու դէմ Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու մէջ համատարած վերապահութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը փարատեց, կրցաւ նիւթական միջոցներ հաւաքել եւ առաջ տանիլ հարիւր հազարաւորներ սնունդով ու բուժումով ապահովելու մարդասիրական իր մեծ առաքելութիւնը:

Խորհրդային իշխանութիւնները, որոնք թէեւ Ազգերու լիկայով խանդավառ չէին, այդուհանդերձ, գրկաբաց ընդունեցին Նանսենը: Նոյնիսկ նկատի չունեցան, որ իր երկրի` Նորվեկիոյ քաղաքական կեանքին մէջ Նանսեն երդուեալ հակառակորդ էր ընկերվարական հակումի տէր կուսակցութեանց:

Խորհրդային ընդունելութեան արժանացած` Նանսեն 1925-ին Հայաստան այցելեց մօտէն հետեւելու համար Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրող արեւմտահայ գաղթականութեան հոգատարութեան գործին: Նանսեն միաժամանակ Միջին Արեւելքի մէջ ցրուած հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը դարձաւ եւ մինչեւ 1930-ի իր վախճանը` ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան վէրքերը դարմանելու եւ մեծ վիշտը ամոքելու համար:

Պատահականօրէն չէ կատարուած Նանսենի այն հաստատումը, թէ` «Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդը. ամէն անգամ որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն անգամ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ»: Այդ հիման վրայ ալ Նանսեն կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէր, որ` «Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է: Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»:

Մեծ մարդասէրին եւ հայապաշտպանին մահուան 89-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման այս հակիրճ էջով կ՛արժէ ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին վերաբերեալ Նանսենի հետեւեալ խորհրդածութեան վրայ, որ միանգամայն անոր պատգամն է մեր սերունդներուն.

«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ՛արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ:

Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր: Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»®

Հայ ժողովուրդի իրաւապաշտպան մեծ Մարդասէրին յիշատակին ծաղկեպսակ թող ըլլայ անոր խոհերէն քաղուած հետեւեալ վկայութիւնը.

«Ինծի համար դժուար է հաւատալ, թէ ոեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան` առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն:

«Հայ ժողովուրդը հոգածութեամբ պահպանելով իր հին ու ինքնատիպ մշակոյթը` յաջողութեամբ կը զարգացնէ զայն` անոր տալով չտեսնուած փայլ»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>