Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Շեշտուեցաւ Արցախին Յաւելեալ Աջակցութիւն Ապահովելու Կարեւորութիւնը

$
0
0

Մինչ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբերը 2020 տարեշրջանի ամավարկի մանրամասնութիւնները կը վերջնականացնեն, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, շարք մը քոնկրեսականներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցան` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ յիշատակելու պատեհ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու նպատակով:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը կը յայտնէ, որ հանդիպումները առիթ հանդիսացան ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները ներկայացնելու ամերիկացի քոնկրեսականներուն` աւելցնելով, որ քննարկուած նիւթերէն մէկը եղած է նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու համար Մատրիտեան կողմնակալ սկզբունքները բարեփոխելու հարցը:

Ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հետ հանդիպման ընթացքին Հայ դատի ներկայացուցիչները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւը ներկայացուցած է: Բանաձեւը ցարդ ապահոված է 16 ծերակուտականներու հովանաւորութիւնը: Նաեւ շեշտուեցաւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը:

Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Ճեֆ Ֆորթընպերիի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի եւ Արցախի յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կողքին, քննուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը:

Հայ դատի ներկայացուցիչները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին քոնկրեսական Քեթրին Քլարքին, որ նպաստած էր Հայաստանի մէջ ծառատնկումի ծրագիրին, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ 10 տարիներուն Հայաստանի անտառապատ տարածքներուն համեմատութիւնը ընդհանուրի 12 տոկոսին հասցնել:

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի հետ քննարկուած գլխաւոր նիւթը եղաւ Արցախ ճամբորդելու եւ արցախցի պաշտօնատարներու հետ ազատ յարաբերութիւններ մշակելու առիթ ընծայող բանաձեւը, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով առնուելիք քայլերուն շուրջ:

Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացման ջանքերուն վրայ: Բանաձեւը ցարդ կրցած է ապահովել շուրջ 95 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը:

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը սերտացնող համաձայնագիրի մը կնքումը եւ Արցախին աջակցելու կարելիութիւնները քննարկուեցան Պրետ Շըրմընի հետ, որ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին: Ան նաեւ գլխաւորած էր ուղղակի Արցախին տրամադրուած ամերիկեան առաջին աջակցութեան ապահովման աշխատանքը` 1997-ին եւ Արցախի ականազերծման նպատակներուն համար գումար մը ապահովել կը փորձէ 2020-ի ամավարկին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>