Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Հայ Կեանքին Մէջ Գինին Եւ Գինիին Անցեալը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Սուրբ Գիրքին  մէջ կ՛ըսուի, որ Նոյ նահապետը ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթատունկը: Երբ այծը կերած է վայրի խաղողին պտուղները, հարբելով` սկսած էր հրմշտել միւս կենդանիները: Աւելի ուշ Նոյ  նահապետ  Արարատ լերան լանջերուն վրայ  խաղողի այգի տնկեց եւ պտուղներէն գինի ստացաւ: Գինին այնքան համեղ էր, որ ան չդիմացաւ, «խմեց եւ արբեց»: Այս է հայոց բնաշխարհին  մէջ գինիի վերաբերեալ առաջին տեղեկութիւնները, որ գրեթէ նոյնքան հին է, որքան` աշխարհը: Հնագիտական պեղումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ խաղողը հայկական լեռնաշխարհի մէջ յայտնի եղած է Նոյէն միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Շատ մը հանրածանօթ գիտնականներ ու նաեւ  հնագիտական պեղումներու արդիւնքները կը վկայեն, որ Քրիստոսէ հազարամեակներ առաջ  գինին առաջին անգամ պատրաստուած է այն վայրի մէջ, ուր հետագային  կազմաւորուած են հայկական ցեղախումբերն ու պետութիւնները: Այս պատճառով համայն մարդկութիւնը նախապատմական աշխարհի մէջ խաղողի եւ գինիի կեդրոնը վերապահեց Հայաստանին, իսկ Նոյ նահապետը հռչակեց իբրեւ առաջին այգեպանն ու գինեգործը:

Գինին ու խաղողը իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են հայոց կենցաղին եւ հոգեւոր կեանքին մէջ: Թագաւորները` իբրեւ սիրոյ ու յաւերժութեան խորհրդանիշ, այգիները անուանած են իրենց կիներուն ու դուստրերուն անուններով:

Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանը ոսկէ դարեր եղած են ոչ միայն հայոց այլեւ համաշխարհային գինեգործութեան պատմութեան մէջ: Հայ դիցաբանութեան մէջ «Խաղողը» եւ «Մայրութիւն»-ը իրենց ուրոյն տեղը ունին եւ երբեք չեն առանձնացուած իրարմէ` որպէս պտղաբերութեան խորհրդանիշներ:

Նախաքրիստոնէական շրջանի մեր նախնիները համոզուած էին, որ օգոստոս ամիսը խաղողի հասունացման եւ բերքահաւաքման ամիսն է: Խաղողի բերքահաւաքի օրը պաշտամունքի  արարողակարգը ամէնէն կարեւորն էր հին հայոց մօտ, որ հետագային` քրիստոնէութեան շրջանին դարձաւ «Խաղող օրհնութեան օր»: Յոյն գրող Քսենոֆոն գարեջուրի մասին իր յիշատակումէն բացի` կը նշէ հայկական խաղողի ու գինիի մասին: Քրիստոսէ առաջ 401-400 թուականներուն, անցնելով Հայաստանէն, Քսենոֆոն հանդիպած է զարմանահրաշ «բուրաւէտ գինիներու»:

Եկեղեցական առումով, գինին  կ՛ընդունինք  որպէս Քրիստոսի արիւնի խորհրդանիշ: Քրիստոս  իր արիւնը թափեց մեր մեղքերը սրբելու եւ մեզի նոր կեանք պարգեւելու համար: Խորհրդաւոր Վերջին ընթրիքի ժամանակ Քրիստոս վերցուց անխառն գինիով բաժակը, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Խմեցեք ասկէ ամէնքդ, որովհետեւ այդ է նոր ուխտի իմ արիւնը, որ կը թափուի  շատերու համար` իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մատթ. 26:28):

Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ հաղորդութեան  պատրաստութեան ժամանակ կ՛օգտագործուի անապակ  գինին: Նոր կառուցուող եկեղեցիի հիմնօրհնէքի ժամանակ հիմքին մէջ կը տեղադրուի  ըստ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներու եւ չորս աւետարանիչներու թիւին համապատասխան  տասնվեց քարեր: Հիմնօրհնէքի արարողութեան ընթացքին տասնվեց քարերը կը լուացուին  նախ ջուրով, ապա` գինիով, այնուհետեւ կ՛օծուին միւռոնով: Քարերու` ջուրով լուացումը կը յիշեցնէ ոտնլուան եւ կ՛ակնարկէ Քրիստոսի մկրտութիւնը, գինիով լուացումը` վերնատանը Վերջին ընթրիքը եւ հաղորդութիւնը, իսկ միւռոնով օծումն` այն, որ առաքեալներն Աստուծոյ Հոգիով օծուեցան եւ զօրութիւն առին` Սուրբ Հոգիով մկրտելու եւ քարոզելու համար:

Գինիով կը մաքրագործուին նաեւ եկեղեցիի սպասքները` խաչերը, սրբապատկերները, սկիհը եւ  այլն: Գինին իր խորհուրդով ներկայ է նաեւ պսակօրհնութեան ժամանակ: Քահանան հարսի ձեռքը  կը յանձնէ փեսային եւ կ՛օրհնէ: Այնուհետեւ կ՛օրհնէ նաեւ գինին եւ կու տայ  փեսային ու հարսին: Պսակի խորհուրդի ժամանակ գինիի օրհնութիւնն ու բաշխումը յիշատակութիւնն է Կանայի հարսանիքի ժամանակ տեղի ունեցած հրաշքին, երբ Քրիստոս ջուրը գինի դարձուց: Յիսուս իր կատարած հրաշքով օրհնեց այդ հարսանիքը եւ ուրախացուց մասնակիցները, պսակի արարողութեան գինիի բաժակի վրայ կատարած աղօթքով քահանան Յիսուսի նմանութեամբ կ՛օրհնէ ամուսնացող զոյգը եւ ներկայ բազմութիւնը:

Աղբիւրներ

– «Գինիի ճանապարհը»-Qahana.am
– «Առաջին գինին պատրաստուել է հայկական լեռնաշխարհի մէջ»-BlogNews 23/10/2014
– «Խաղողի եւ գինիին ծննդվայրը Հայաստանն է» – «Ազատ օր», 12 մայիս 2012


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>