Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Թումանեանը Ֆրանսերէն Կը Խօսի Ժընեւի Գիրքի Փառատօնին

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Եղիշէ Չարենցի բնորոշած «Հանճարեղ լոռեցին» իր ծննդեան 150-ամեակին առիթով ներկայ էր Ժընեւի միջազգային տօնավաճառներու «Փալեքսփօ» համալիրէն ներս, գիրքի հերթական փառատօնին, «Սալոն տիւ լիվր», որ  այս տարի կայացաւ 1-5 մայիս 2019-ին:

Կարգ մը երկիրներ ներկայացնող տաղաւարներու մէջ, գիրքերու ցուցադրութեան զուգահեռ, տեղի կ՛ունենան գրական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու կլոր սեղաններ, ասուլիսներ ու նոր հրատարակուած գիրքերու ներկայացումներ:

Բացման առաջին օրը, առաւօտուն, արաբական մշակոյթներու տաղաւարի հիւրն  էր, Թումանեանի հեքիաթներու ֆրանսերէն լեզուի թարգմանիչ ամոլը` Աստղիկ Մարանճեանը եւ Ֆրետերիք Լափէյրը, անոնց ներկայացման ընթացքին տուտուկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արտաւազդ Խաչատրեանը: Անմահ Թումանեանը «այցելեց» իր երեք ստեղծագործութիւններու` «Չարի վերջը», «Խօսող ձուկը» եւ «Կիկոսի մահը» ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն ընթերցումով:

«Քոնթ փոփիւլէր տ՛Արմենի տափրէ լէօվր տը Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրը կրող, 57 էջերէ կազմուած մանկական գեղատիպ պատկերազարդ հատորը կը պարունակէ 11 հէքեաթներ հետեւեալ շարքով` «Ոսկու կարասը Le pot d’or», «Կիկոսի մահը – La mort de Kikos», «Ձախորդ Փանոսը – Panoss la Poisse» , «Բարեկենդանը – Mardi Gras», «Տէրն ու ծառան  La Maitre et le domestique», «Անբան Հուրին – Houri la Pourrie», «Խօսող ձուկը – La poisson qui parle», «Սուտասանը – Le menteur», «Յիմար մարդը L’homme stupide», «Սուտլիկ որսկանը –  Le petit menteur chasseur», «Չարի վերջը – La Fin du Mal»:

Այս վերջին հեքիաթը երկրորդ հրատարակութեան յաւելուած է, լոյս տեսած է 2018-ի սեպտեմբերին` խորհուրդ ունենալով այդ օրերուն «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը: Գիրքը ցուցադրուած  է  հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ, ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին, օփերայի տարածքին  Ֆրանսայի առաջին տիկնոջ` Պրիժիտ Մաքրոնի հովանաւորած տօնավաճառին:

Այս ժողովածուն  առաջին անգամ  հրատարակուած էր 2006 թուականին, Փարիզի մէջ, Հայաստանի տարուան առիթով, երկու պարագաներուն ալ լոյս տեսած է հայրենի «Ոսկան Երեւանցի» հրատարակչատունէն:

Հեքիաթներու նկարազարդումները կատարած են` Լուսինէ Սարգիսեանը, Մարիեթա Յարութիւնեանը, Սաշա Նեֆետովը, Արմինէ Ասթաբացեանը, Լուսէ Երեմեանը, Յոբ Ղազարեանը: Կողքի գծագրութիւնը իրագործած է հայրենի արուեստագէտ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեանը:

Հեքիաթներուն կցուած  է խտասալիկ մը`  կատարողութեամբ Ֆրետերիք Լափէյրի եւ Անի Ռոզեթի, ընկերակցութեամբ հայկական աւանդական գործիքներու` քանոնի, շվիի , տուտուկի եւ զուռնայի երաժշտութեան, համադրուած` Վարդան Սարտարեանի կողմէ:

Այս եռանկիւնը` հայ գրականութեան գագաթներէն Յովհաննէս Թումանեան, արաբական մշակոյթներու տաղաւարի բեմ եւ ֆրանսախօս երկիրները համախմբող Ժընեւի գիրքի փառատօնը  խորհրդանիշ է մշակոյթներու մերձեցման, որպէս օրինակ` երկիրներու միջեւ օրէ օր զարգացող յարաբերութեան եզակի տեսակին: Անդին` քաղաքական անկայուն կեցուածքները եւ տնտեսական շահերու վրայ հիմնուած բարեկամութիւնները յաճախ վերջ  կը գտնեն արիւնով: Մինչ մշակոյթը կը մնայ վեհ եւ յաւիտեան:

Մեր գրականութեան գոհարները եւ տիտանները կրնան մրցիլ համաշխարհային գրականութեան գահերուն վրայ բազմած մեծ անուններու` Տիքընզի, Հիւկոյի, Սերվանթեսի, Պեռնարտ Շոյի եւ այլոց հետ:

Համահայկական պարտաւորութիւն է` նախաձեռնել թարգմանական եւ տարածման ծրագրուած աշխատանք, հանդէս գալով միջազգային բեմերու վրայ,  ծանօթացնելու մեր ազգային արժէքները եւ ներկայանալու որպէս տէրը` Այվազովսկիի, Սարոյեանի, Խաչատուրեանի, Ազնաւուրի եւ անոնց նախորդող եւ յաջորդող մշակներուն:

Աստղիկ Մարանճեան եւ Ֆրետերիք Լափէյր ամոլը իրենց հրատարակութիւնը ներկայացուցին նաեւ տօնավաճառի վերջին օրը` կիրակի, 5 մայիսին «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»տաղաւարին մէջ, որ կը յանձանցուի «Թօփալեան» հիմնարկին կողմէ:

Իւրաքանչիւր տարի փառատօնին կը ներկայանայ երկիր մը` որպէս պատուոյ հիւր,  2011 թուականին այդ հիւրը Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր:

Ժընեւ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13222

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>