ԱԼԻՍ ԻՓՐԱՃԵԱՆ
Ծառայասէր ու կենսունակ,
Կեանքի նպատակդ յստակ.
Հեզ ու խոնարհ, համբերատար,
Եղար մարդոց իտէալ տիպար:
Դէմքդ ժպտուն, հոգիդ ազնիւ,
Ու բարի գործերդ անթիւ,
Որքան գովեմ քեզ իմ անգին,
Քիչ են խօսքերը քո մասին:
Հայրենիքի հանդէպ սէրդ անհուն,
Միշտ վառ պահող ես հայոց լեզուն
Եւ երբ հարց տան ինծի արդեօք ո՞վ է ան,
Հաստատ կ՛ըսեմ` զարմիկս է աննման: