ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Clik here to view.

Դարմանատուն Փակրաթիի մէջ, 1923-1924
«Հայ գաղթականները Յունաստանի մէջ. 1922-1940» պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւնը, Նէա Զմիռնիի ելեկտրոնային թանգարանի սրահին մէջ, յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ արժանահաւատօրէն փաստագրական անցագիր մը եւս կ՛աւելցնէ համայնքային մեր պատմութեան ժամանակագրական կարգի, պատմական հանգրուանային հոլովոյթի, այլեւ անուն ու ազգանուն ունեցող հայերու, եղելութիւններու եւ առօրեայ բնոյթ կրող իրողութիւններու բազմանպատակային գոյութեան ու ապրելակերպին շուրջ:
Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետագայ գաղթականական զարգացումները պայմանաւորուած են յունահայ գաղութի ճնշուած ու անբարեյոյս կեանքի մը դիմագրաւման հետեւանքներով, որ բռնազբօսիկօրէն դասաւորեց աքսորեալ ու տարագիր խլեակները` իրենց նոր ու ճամբաբաժան հայրենիքի դրական ու բացասական իրականութեան նիստուկացին համակերպելու հարկադրանքով:
Բայց այս նոր իրականութեան մէջ ալ հայերը սիրեցին յոյսը, ապաւինեցան յոյսին ու յոյսի բնական առաւելութիւններէն օգտուելով` սկսան համակերպիլ իրենց ապրած նոր նստավայրերու առանձնայատկութիւններուն:
Պատմական ինքնուրոյն լուսանկարներու այս ոդիսականին է, որ ձօնուած է Աթէնքի մօտակայ արուարձաններէն հայասէր քաղաքապետութեան մը` Նէա Զմիռնիի մշակութային հիմնարկի եւ յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրակազմի հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյի 18 տարուան կեանքին վրայ երկարող ժամանակագրական ցուցահանդէսը, որ լուսանկարներու արտացոլման ընդմէջէն կը պատկերացնէ` ծանօթ ու անծանօթ հայերու կենցաղը, կեանքի պատկերները, առօրեայ ընկերային պատշաճեցումներն ու սերնդափոխութեանց մտաւոր ու հոգեւոր յեղադարձութիւնները:
1922-ին գաղթական հայութեան համար ողբերգական նոր նախաբան մը գրուեցաւ` սերունդներու վրայ ազդող համապատասխան հոգեբանական համեմատութիւններով, աննախատեսելի ապագայով եւ նոր կեանքի մը յարաբերական անծանօթ հանգոյցներով:
Ցուցահանդէսին առիթով հրատարակուած յունալեզու նկարազարդ փոքրիկ պրակին մէջ լոյս տեսած պատմական ամփոփ տեղեկութիւններու լոյսին տակ, 1922-ին Յունաստան իր շունչը առած գաղթականութիւնը տարագիր ու փախստական վիճակի մէջ կը ժամանէր փոքրասիական ափերու Կիլիկիոյ ու Նիկոմիդիոյ շրջաններէն, եւ ապաստան կը գտնէր իր կեանքի նոր բնակավայրները` Փիրէայի նաւահանգիստի շրջակայքը կազմող գաղթականական թաղամասերը` Լիփազմա, Քոքինիա, թրքամերձ Սամոս, Խիոս, Միթիլինի, Քորֆու եւ Սիրոս կղզիները, ապա` Լաւրիօ, Վոլօ եւ Փելոփոնեզի հարաւային քաղաքներէն Քալամաթա, ապա` Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ քաղաքները եւ շրջակայքը:
Գաղթականական ալիքը հազիւ հանդարտած, իբրեւ յունահայութիւն, կազմուող ու կազմաւորուող համայնքը սկսաւ կազմակերպել իր վարչական մեքենան` եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, թերթը եւ յարակից այլ կառուցային գործօններ, ժամանակաւոր եւ ոմանց համար ալ մնայուն նոր հայրենիք մը ստեղծելու անորոշութեան մէջ տատանող անպատեհութիւններով եւ առաւելութիւններով:
Նոր վայրերը նոր մարդիկ կը ստեղծեն ընդհանրապէս եւ ընկերային այս նոր իրականութեան մէջ հասունցող նոր մարդիկը, համակերպելով իրենց նոր իրականութեան, փորձեցին քայլ պահել նոր մտայնութիւններու, նոր գաղափարներու եւ գաղափարաբանութիւններու հետ` ազդուելով ու ազդել տալով իրենց ապրած կեանքի միջավայրն ու իրենց երազները ձեւաւորող ակնկալութիւնները:
Գաղթական մարդիկը գաղթականներով յորդող միջավայրի մը մէջ (մէկ միլիոն յոյն, հարիւր հազար հայեր) իտէալական հայրենիք մը ժամանած չէին, ոչ ալ իտէալական հայրենիք կը համարուէր այդ օրերուն լենինեան-ստալինեան Խորհրդային Հայաստանը: Ո՞ւր պիտի փնտռէին իրենց նոր հայրենիքը: Հոն տիրապետող դարձաւ յունական դասական բացատրական մեկնաբանութիւն մը, որ կ՛ըսէր. «Ո՛ւր որ կոխած հողդ է, հոն է քու հայրենիքդ»:
Ահա` դժուար ճանապարհ անցած մարդոց ճակատագրի մէկ օրինակը:
Հողը, հայրենիքը գաղափար կը սնուցանէ, կը կազմաւորէ:
Այդ օրերուն թերեւս մարդիկ յաջողած չէին պատկերացնելու, թէ ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուի նոր հայրենիք մը, կամ իտէալ հայրենիքի մը լուծումը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Ինչպէ՞ս մէկը միւսին դէմ յանդիման կու գայ:
Անոնք նոր ճամբաներ կ՛ուզէին բանալ, բայց անոնց տեսաբանական գնահատումը հասունցած չէր իրենց ներաշխարհի լայնամիտ ծաւալներուն մէջ:
1922-էն 1940, որ կ՛ընդգրկէ լուսանկարչական ցուցահանդէսը, Յունաստանը կը յորդէր հայկական թէ յունական քաղաքական ու ռազմական անցուդարձներով, որոնք իրենց խորունկ դրոշմը դրին երկրի պատմութեան վրայ: Անոնցմէ ամէնէն յատկանշականը պէտք է համարել յունական բանակի փոքրասիական արշաւանքը, Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերէն պարտութիւնը, բանակի մեծ կորուստներով Յունաստան վերադարձը եւ այդ արշաւանքի պարտութեան պատասխանատուներու դատավարութիւնն ու մահավճիռի որոշումը: Ներքին պառակտումը ծայր առած էր արդէն:
Այսպիսի լարուած մթնոլորտի մը մէջ էր, որ գաղթականական հեղեղ մը կը խուժէր արդէն վիրաւոր Յունաստան` իր տեսանելի եւ անտեսանելի երեսներով:
Հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն` համայնքի վարչական պատասխանատուները կը յաջողէին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կազմել Հելլէն եւ հայկական լիկա մը (Հելլէնահայ լիկա), որուն նախագահութիւնը ստանձնեց ականաւոր անձնաւորութիւն մը` հնագէտ Ֆիլատելֆեւս, իսկ քարտուղարութիւնը` նախարարական պաշտօններ ստանձնած Ֆիլիփոս Տրաղումիս, եւ իրաւաբան, մեծ հայասէր Տիմիթրիոս Տամասքինոս, իսկ հայերու կողմէ` զօրավար Թորգոմ (Արշակեան) եւ մտաւորական ուսուցիչ գրող Գաբրիէլ Լազեան, որ Եգիպտոսէն գործչային առաքելութեամբ ժամանած էր Աթէնք:
Այդ շրջանին բացուեցան հայկական վարժարաններ (Աթէնք, ՏուրղութիՖիքս, Քոքինիա, Լիփազմա, Սինկրու, Փերիսթերի, Վերին ու Վարին Ամարուս, Թեսաղոնիկէ, Քաւալա, Քսանթի, Ալեքսանտրուպոլիս, Տրամա, Սերես, Խիոս, Կրետէ, Փաթրաս, Քալամաթա, Լարիսա, Վոլօ), ոչ միայն Աթէնքի, հիւսիսային Յունաստանի, այլեւ` կղզիներու մէջ, ինչպէս` Միթիլինի, ուր ուսուցչուհի Տիգրանուհի Ստեփանեանը բացաւ վարժարան մը, Նիկոմիդիայէն հոն ապաստանած 500 ընտանիքներու զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար: Ուսուցչուհին մահացաւ 1959-ին:
1936-ին վարչապետ Իոաննիս Մեթաքսասի հաստատած բռնատիրական վարչակարգը, իսկ 1940-1944 Բ. Աշխարհամարտի ողբերգական տարիները ու նացիական գրաւումը, երբ սովի պատճառով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մահացան երկրին մէջ, որոնց կարգին նաեւ հայերը վերցուցին սովի ու մահուան իրենց տխուր բաժինը:
Չենք ուզեր տարածուիլ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող տարիներու պատմական զարգացումներուն վրայ` պարզ այն պատճառով, որ ներկայ գրութիւնը կ՛ուզենք պահել կազմակերպուած լուսանկարչական ցուցահանդէսի պատմաժամանակագրական թուականներու սահմաններուն մէջ:
Յունահայ գաղութը ինքնաբնորոշող պատմութիւնը փաստօրէն կը սկսի 1920-1922-էն ետք, թէեւ անկէ առաջ ալ` 1890-ական թուականներէն ի վեր, մինչեւ 1900 թուականները Աթէնքի, Փիրէայի ու Թեսաղոնիկէի մէջ հայեր բնակած են, նոյնիսկ` Պոլսոյ 1896-ի կոտորածներէն ետք: Արիւնարբու սուլթան Համիտի ջարդերէն ետք Փիրէայի նաւահանգիստը հանդիսացած էր հայերու աշխարհագրականօրէն ամենամերձաւոր ապաստաններէն մէկը:
Այդ տարիներուն, ի մասնաւորի` Պոլսոյ դէպքերէն ետք, Աթէնքի մէջ «Միութիւն» անուամբ տպարանին մէջ հրատարակուած է «Հնչակ» անունով պարբերաթերթը, իսկ մտաւորական ներկայութիւն եղած են` Նազարբէկեանը, Երուանդ Օտեանը, բանաստեղծ Տիգրան Երկաթը, որուն մահուան առիթով յոյն անուանի բանաստեղծ Քոսթիս Փալամաս քերթուած մը ձօնած է:
Այս թուականներուն գերակատարօրէն նշելի է նաեւ 1921-ին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Տիգրան Չայեանի ստանձնած պաշտօնը, Հայաստանի տարագիր կառավարութեան անունով: Չայեան մահացաւ Փարիզ, 1952-ին, 70 տարեկան հասակին:
Հայաստանի հիւպատոսարանը շարունակեց բաց մնալ Աթէնքի մէջ մինչեւ 1925, Յարութիւն Գըլըճեանի գործակատարութեամբ ու հիւպատոսական հանգամանքով:
Յունահայ գաղութի դարադարձային պատմութիւնը կը շարունակուի. անոր հաշուեյարդարի ժամը հասած չէ, ընդհակառակը, անոր պարտաւորութիւններու ազգային ու քաղաքական բեռը դեռ շատ ծանր կը կշռէ:
Աշխարհաքաղաքական պղտոր ժամանակներու բնորոշումները վտանգաւոր կը դառնան, երբ բաղդատական եզրերու փորձութեան կը մատնուին:
Յունահայութիւնը զանգուածային կերպով անկազմակերպ ու անղեկավար, ցիրուցան հաւաքականութիւն մը եղած չէ երբեք, եւ չէ՛, մինչեւ այսօր: Ազգային դիմագրաւելի հարցերը ընկալուած են միշտ իրապաշտ ու բարոյական պրիսմակի մը համեմատութեան գնահատումով, քանի համեմատութիւնները կիրարկուած են հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան ու միարժէքօրէն ժողովրդավար արժէքներու չափանիշներով:
Այս կը պահանջէ արդէն իր սկզբունքներու քաղաքական քաղաքակրթութեան արժեչափին բաղդատականը:
Այս մտածումները կը ցոլան լուսանկարչական ցուցահանդէսի նիւթերու եւ ցուցանմուշներու բովանդակութեան ընդմէջէն:
Այցելէցէ՛ք. յունահայ գաղութի պատմութեան համար յատուկ ուշադրութեան արժանի ու տարիներու ճիգ պահանջող հսկայական գործ մըն է:
Լուսանկարչական ցուցահանդէսը ժամանակագրականօրէն մեզ հեռու կը տանի աւելի մօտ բերելու համար: Մարդիկ որոշակիօրէն կը հեռանան այս կեանքէն, բայց իրենց պատմութիւնը կը մնայ: Չչարաշահենք պատմութիւնը:
Ցուցահանդէսով աշխարհը փոքրացաւ. անկախ բոլորէն` հինը արդէն մեր առջեւն է, համեմատութիւններու իրապաշտ զուգադիպութեամբ ու զգայնութեամբ:
Մեր քաղաքակրթութիւնը կրնայ հպարտ զգալ երազներու ու յուշի իրաւունքի այս գործով, բաւ է, որ մեր մէջ չցամքի ազգային ինքնաբնորոշման հաւատքին վստահութիւնը:
Ցուցահանդէսը պատմութեան ծանր բեռ մը ունի իր ուսերուն վրայ: