Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Կը Մերժենք Որեւէ Զիջում

$
0
0

Մեր լաւագոյն զաւակներուն արիւնով, զոհաբերութեամբ ու նուիրումով ստեղծուած Արցախի անկախ պետականութեան հանդէպ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չի կրնար ընդունիլ, հանդուրժել զիջումի նուազագոյն իսկ տրամադրութիւն:

Դաշնակցութիւնը իր ազգային էութեան դաւաճանած կ՛ըլլայ, եթէ չմերժէ պարտուողական ու զիջողական տրամադրութիւնները, ինչ ձեւով ու ինչ մակարդակով ալ արտայայտուին անոնք:

Իշխանական օղակներէ դուրս եկած Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հանդէպ վճռակամութեան պակասն իսկ, եթէ եւ երբ նման դիրքորոշում դրսեւորուի, մենք կը նկատենք դաւաճանութիւն:

Արցախի հարցով ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքը կը նկատենք եւ իբրեւ այդպիսին` խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի ժողովուրդին մէջ Արցախի պաշտպանութեան հանդէպ նուազագոյն տատամսում սերմանող ուղղակի կամ անուղղակի քարոզչութիւն: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քողին տակ յայտարարութիւններն ու սպասուող գործողութիւնները մեր համազգային ամրութիւնը քայքայել փորձող դաւադրութիւն կը նկատենք:

Կ՛ողջունենք հայոց բանակը ուժեղացնելու պետական քայլերը ու ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք անոնց:

Մեր բոլոր հնարաւորութիւններով կը սատարենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու քաղաքական, դիւանագիտական աշխատանքներուն:

Իբրեւ կուսակցութիւն` անցեալին քննադատուած ենք, որ մեր ուշադրութեան կեդրոնը եղած է Արցախը: Չի բացառուիր նաեւ, որ հետագային նոյն քննադատութեան արժանանք: Մենք ճիշդ չենք գտներ այդ քննադատութիւնը: Մեզի համար, Արցախի իսկ սիրոյն, ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայաստանը նախապայման է: Հետեւաբար մենք լարուած պիտի աշխատինք մեր երկրի ժողովրդավարական կարգերու ընձեռած բոլոր կարելիութիւններով, պիտի պայքարինք, ստեղծենք, արարենք, գործակցինք, ընդդիմանանք` միշտ յանուն հզօր Հայաստանի կերտման:

Մեր հաւատարմութիւնը Արցախին, Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, Հայ դատին` անքննելի է. մեր պատրաստակամութիւնը ծառայելու` ամբողջական:

Շնորհաւոր` Շուշիի ազատագրութեան տօնը: Թո՛ղ այս նշանակալի տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին որակական թռիչքներու անկիւնադարձ ըլլայ, թո՛ղ մեր հոգիները լիցքաւորուին յոյսով եւ հաւատքով` հայոց փայլուն ապագային հանդէպ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles