ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 2 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը կրող լսարանական ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Հպարտ եմ, որ այս ամպիոնին վրայ կը գտնուիմ` նկատի ունենալով, որ ես ալ համալսարանական եղած շրջանիս մաս կազմած եմ Զաւարեանական ուսանողական միութեան, որ հիմնուած է 1904-ին, Լիբանանի մէջ, եւ ցարդ գործող ամէնէն հին ուսանողական միութիւնն է, ինչպէս ՀՅԴ-ն, որուն առաջին բջիջը Լիբանանի մէջ հաստատուած է 1902-ին, եւ անիկա կը նկատուի ամէնէն հին քաղաքական կուսակցութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ Լիբանանի մէջ:
Հպարտ եմ նաեւ, որ զաւակն եմ այնպիսի կուսակցութեան, որ 1890-ին, իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ ընկերվարութիւնը որդեգրած է իբրեւ գաղափարաբանութիւն, եւ աւելի ուշ զայն զարգացուցած է` քայլ պահելով ժամանակաշրջանի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի պայմաններուն հետ` յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք:
Ժողովրդավարութեան նկատմամբ մեր հաւատքը բացարձակ է եւ կուսակցութեան որդեգրած կանոնագիրին հիմքը կը կազմէ` սկսեալ իշխանութեան հերթափոխութենէն, ժողովրդավարական ընտրութիւններէն, կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ընտանեկան ժառանգական դրութեան չվերածելու երեւոյթէն, եւ հասնելով մինչեւ հաշուետուութեան կանչելու սկզբունքին, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ տեսակէտներու ազատ արտայայտութեան:
1890-էն մինչեւ օրս ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս ձեւով կը գործէ` առանց փոխուելու, այլ` բարելաւուելով եւ յառաջդիմելով:
Ընկերվարութիւնը որդեգրած ենք իբրեւ համոզում եւ կը գործադրենք զայն մեր առօրեային մէջ` հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու, ընկերութեան իրաւունքներու, ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ կիներու եւ այրերուն միջեւ հաւասարութեան հիման վրայ, որ կուսակցութեան հիմնադրութեան օրէն իսկ իբրեւ խնդիր չէ ներկայացուած մեր մօտ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական իր սկզբունքներուն շրջագիծին մէջ կը յարգէ նաեւ աշխատաւորներուն իրաւունքը, անիրաւուածներուն իրաւունքը, կը մերժէ մենատիրութիւնը եւ ամէն տեսակի անարդարութիւն, այլ` կը հաւատայ ուսման իրաւունքին եւ հարուստ ու աղքատ դասակարգերուն միջեւ ստեղծուած բացը վերացնելու ճիգերուն:
Այս բոլորը սկզբունքներ են, որոնք 1890-էն ի վեր բարեփոխուած են եւ պատշաճեցուած սփիւռքի իրականութեան, այլ խօսքով` աշխարհի մէջ գտնուող Դաշնակցութեան պայմաններուն եւ իրականութեան:
Այս դիտանկիւնէն է, որ մենք կը մօտենանք այսօրուան ասուլիսին` «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրին:
Այս իմաստով մեզի համար կարեւորագոյն հարցը կը մնայ այն, որ արդեօք Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւն կա՞յ: Արդեօք այդ ժողովրդավարութիւնը, որ կը գործադրուի երկրին մէջ, քաղաքացիութեան, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու առումով, կը յարգէ՞ արդարութեան եւ հաւասարութեան հիմքերը: Իսկ արդեօք ընդհանուր ազատութիւնները բաւարա՞ր են, որպէսզի Լիբանան ժողովրդավարական երկիր դառնայ:
Հոս կ՛անդրադառնանք նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետեւեալ խօսքին. «Շատ ազատութիւններ, սակայն քիչ ժողովրդավարութիւն»:
Իսկ արդեօք համախոհական ժողովրդավարութիւնը, լիբանանեան այս փիլիսոփայական հրաշքը (լիբանանեան արտադրութիւն նկատուող), իր իսկութեան մէջ ժողովրդավարութեան հի՞մք կը նկատուի: Կամ արդեօք անիկա բռնատիրութեան մէկ տեսա՞կն է, որ կը գործադրուի մեծերուն կողմէ` փոքրերուն հանդէպ: Իսկ արդեօք համայնքային երկրի մը, համայնքային կուսակցութիւններու, աշիրեթական ընտանեկան տրամաբանութեան եւ աւատապետական հիմքերով գործող երկրի մը մէջ ժողովրդավարութեան գործադրութիւնը առիթ կու տա՞յ հիմնելու ժողովրդավարական արդի պետութիւն մը, ուր կը յարգուին քաղաքացիներուն իրաւունքները, եւ կը ջնջուի քաղաքացիներուն միջեւ խտրութիւնը` ըստ համայնքի, յարանուանութեան, բնակած շրջաններուն եւ ընկերային դասակարգերուն:
Ինծի համար ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը մէկ մետալին երկու երեսները կը ներկայացնեն:
Չկայ ժողովրդավարութիւն` առանց ընկերային արդարութեան, ինչպէս նաեւ չկայ ընկերային արդարութիւն` առանց ժողովրդավարութեան: Իսկ չկան ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն` առանց մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներուն նկատմամբ դրսեւորուած յարգանքին:
Երէկ այս դժուար պայմաններուն մէջ է, որ նշուեցաւ Աշխատաւորաց տօնը: Իսկ աշխատաւորները իրենց տօնը նշելու փոխարէն կատարեցին բողոքի ցոյցեր ու քայլարշաւներ` ոչ թէ պահանջելով բարելաւել իրենց պայմանները, այլ, ցաւօք` անոնք պահանջեցին պահպանել իրենց նուազագոյն ապրուստը, եւ նախ եւ առաջ` արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքը:
Ճիշդ է, որ կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որուն տնտեսական եւ ելեւմտական սիւները վտանգուած են, եւ սակայն գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ ըսենք նաեւ, որ անոր ընկերային եւ ընտանեկան արժէքներու սիւները եւս վտանգուած են: Սակայն կարեւորագոյնը եւ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ երկրին ընկերային արդարութեան վտանգ կը սպառնայ, եւ ասիկա կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ ընկերային արդարութիւնը կը կազմէ քաղաքակիրթ ընկերութեան մը ողնաշարը: Այդ ողնաշարը հարուածելը կամ անտեսելը անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային մակարդակով կ՛առաջնորդէ դէպի հաստատ փլուզում եւ քանդում:
Ընկերային արդարութեան հասկացութիւնն ու անոր դէմքերը բազմազան են, յատկապէս` աղքատութեան դէմ պայքարելու, անօթութեան մակարդակը զերոյի հաւասարեցնելու, առողջապահական եւ բժշկական խնամք տրամադրելու, ուսման կարելիութիւն ընծայելու, կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու, մանուկներու իրաւունքները յարգելու, համեստ դասակարգին բարգաւաճումը ապահովելու, կենսոլորտի մաքրութիւնը երաշխաւորելու, հանդուրժողականութեան, ընկերային փոքրամասնութիւնները յարգելու, անչափահասներու պսակը արգիլելու, փտածութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր, որոնց մասին լսարանային այս ասուլիսին ընթացքին կարելի չէ խօսիլ:
Բայց եւ այնպէս մենք կը տեսնենք, կը զգանք եւ կ՛ապրինք այն իրականութիւնը, թէ վերոնշեալ հասկացողութիւններէն բաւական հեռու ենք, հակառակ անոր որ ժողովրդային փորձեր եւ ընկերային նախաձեռնութիւններ կ՛առաջադրուին` փոփոխութեան ենթարկելու այն օրէնքները, որոնք կը հակադրուին ընկերային արդարութիւններուն հետ:
Մենք կարիքը ունինք հսկայական աշխատանքի եւ կը գտնուինք ահաւոր դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դիմաց` ե՛ւ ժողովրդավարութեան, ե՛ւ ընկերային արդարութեան առումով:
Իսկ արգելքներուն պատասխանս կը գտնուի այն հարցումին մէջ, որ քիչ առաջ հարցուցի:
Համայնքային դրութեան մէջ` քաղաքացիութիւն կարելի չէ ապահովել:
Ընտանեկան, աշիրեթական եւ տեղայնական տրամաբանութեամբ կարելի չէ հայրենիք կերտել:
Իսկ հայրենիք մը գոյութիւն չ՛ունենար առանց իսկական ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու»: